ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԵԶՈՒ

Դահ­լի­ճի մը մէջ նստած՝ ժա­մե­րով կը լսեմ թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ: Հար­ցը կը քննարկուի բո­լոր տե­սան­կիւն­նե­րէն, հե­ղի­նա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հոյլ մը նոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կ՚ար­ծար­ծէ: Ափ ի բե­րան կը հե­տե­ւիմ ան­ցու­դար­ձին՝ «Միա­ձու­լեն­ք», կ՚ը­սէ մին, «Միա­ձու­լու­մը լու­ծում չէ» կ­­՚ը­սէ ու­րիշ մը: Բո­լո­րը միա­բե­րան կ՚ար­ձա­գան­գեն դպրոց­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն մէջ նե­րա­ռել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը:

Առ­ցանց նո­րու­թիւն­նե­րու շլա­ցու­ցիչ ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան: Նո­րա­նոր ծրա­գիր­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու ա­ռա­ջարկ­ներ կը տե­ղան: Բո­լո­րը դրա­կա­նօ­րէն կը մօ­տե­նան հար­ցին ու իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ա­ռած նա­խա­քայ­լին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ:

Կը զմայ­լիս ի լուր առ­նուած քայ­լե­րուն: Այս­քան բարդ հար­ցին յա­ռա­ջա­ցու­մը, վստա­հօ­րէն եր­կար ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, սե­րունդ­ներ կու գան ու կ­­՚անց­նին մին­չեւ այս հար­ցին լու­ծուի­լը: Բայց ար­դեօք գործ­նա­կան քայ­լեր առ­նե­լու պա­հը հա­սած չէ՞: Ա­հա­ւա­սիկ հինգ տա­րի կ՚ը­նէ սու­րիա­հա­յու­թեան հայ­րե­նիք ներ­հոս­քին, եւ այս­պի­սի հան­դի­պում­ներ, ձեռ­նարկ­ներ բազ­միցս կազ­մա­կեր­պուե­ցան ու յայտ­նուե­ցան կար­ծիք­ներ: Դեռ այս ջու­րը շա՜տ եր­կար կը ծե­ծուի:

Սե­րունդ­ներ, ա­յո սե­րունդ­ներ, ո­րոնք միակ տու­ժող­ներն են առ­նուե­լիք ո­րո­շում­նե­րուն կի­րար­կու­մին միակ կա­րիք ու­նե­ցող­նե­րը: Ա­մէն օր դի­մա­տետրս թեր­թե­լու պա­հուն ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լամ մեր լե­զուի ա­ղա­ւա­ղու­մին: Հայ­րե­նիք նոր ժա­մա­նած ա­շա­կերտ­ներս կը գրեն տա­կա­ւին ի­րենց հա­րա­զատ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, մինչ քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ հոս հաս­տա­տուող­նե­րը ար­դէն սկսած են ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը օգ­տա­գոր­ծել: Հար­կաւ կայ ա­նոնց մէջ ալ գի­տա­կից խաւ մը, բայց ա­նոնք ալ նոյն ճամ­բուն վրայ են, ըստ իս:

Մինչ նո­րա­ծին­ներն ու մա­նուկ­նե­րը ման­կա­պար­տէզ­նե­րու մէջ շատ ա­ւե­լի ա­րագ կ՚ըն­տե­լա­նան նոր մի­ջա­վայ­րին ու մա­նա­ւանդ՝ լե­զուին, ոչ միայն կ­­՚ըն­տե­լա­նան, այլ ի­րենք եւս կը սոր­վեց­նեն ի­րենց ծնող­նե­րուն, ո­րոնք յա­ճախ զուարթ դէմ­քով կ՚ըն­դու­նին այս նո­րու­թիւն­նե­րը եւ կը սրբագ­րեն ի­րենց իսկ մայ­րե­նին:

Սփիւռ­քա­հա­յը կը բա­խի այս ե­րե­ւոյ­թին ա­ռա­ջին իսկ հայ­րե­նիք ոտք կո­խած օ­րէն, երբ ո­րե­ւէ հան­րա­խա­նութ մտնէ գնու­մի հա­մար, իր բա­րե­ւէն ար­դէն կը նշմա­րուի որ­պէս ար­տա­սահ­ման­ցի, երբ սուրճ կը խնդրէ՝ քո­ֆէ կը ստա­նայ, երբ քաղց­րե­ղէն­ներ կը խնդրէ՝ կը ստա­նայ կոն­ֆէթ­ներ, հա­պա ե­թէ բան­ջա­րա­վա­ճա­ռին մօ­տե­նայ եր­կու օ­տար­նե­րու պէս կը զրու­ցեն ա­նոնք ու ան­պայ­ման թարգ­մա­նի­չի մը պէտք կը զգան, քա­նի լո­լի­կը՝ պա­մի­տոր է, ա­զատ­քե­ղը՝ մա­ղա­տա­նոս կամ բեթ­րուշ­քա, գետ­նախն­ձո­րը՝  կար­տո­ֆիլ, սմբու­կը՝ պա­տիր­ճան եւ շա­րա­նը կա­րե­լի է շատ եր­կա­րել: Բայց այս բո­լո­րէն բա­ցի հիաս­թա­փու­թիւ­նը մեծ կ՚ըլ­լայ սփիւռ­քա­հա­յուն, երբ «Հա­յե­րէն խօ­սա՛, է­լի» մը կը փակ­ցուի վա­ճա­ռո­ղի հնչիւն­նե­րով:

Բա­րե­կա­մի մը հետ, երբ կը շրջէինք Ե­րե­ւա­նի գե­ղե­ցիկ մո­լե­րուն մէջ, խա­նու­թի մը ցու­ցա­փեղ­կին մէջ գե­ղե­ցիկ հա­գուստ մը նշմա­րե­ցինք: Ներս մտանք, վա­ճա­ռո­ղու­հին գե­ղա­դէմ ե­րի­տա­սարդ աղջ­նակ մըն էր, նկա­տեց մեզ, մօ­տե­ցաւ, ինչ­պէս բո­լո­րը, ինք ալ նշմա­րեց մեր սփիւռ­քա­հայ ըլ­լա­լը ու տե­սակ մը ի­րար ան­ցած, շփո­թա­հար տեսք մը ստա­ցաւ, ձեռ­քե­րով համ­րե­րու պէս սկսաւ խօ­սիլ, զգա­լի էր որ ան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց մը կ՚ո­րո­նէր: Պա­տաս­խա­նե­ցինք հա­յե­րէ­նով ու աս աղջ­կան դէմ­քին ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը փո­խուե­ցաւ, ժպտե­ցաւ ան կար­ծես նուէր մը ստա­ցած ըլ­լար: Երբ լսեց մեր հա­յե­րէն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը.

-Ես էլ կար­ծում էի, թէ դուք հա­յե­րէն չէք ի­մա­նում, շուա­րե­ցի ո՞նց շփուեմ ձեզ հետ:

Ա­յո, ցաւ ի սիրտ այս­պի­սի կար­ծիք­ներ ալ կան, թէ մենք մեր ծնած ու հա­սակ ա­ռած եր­կիր­նե­րուն մէջ հա­յե­րէն չենք սոր­ված, այլ ա­ւե­լին, ա­նոնք ընդ­հան­րա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յու­թե­նէն ան­տե­ղեակ են կար­ծես եւ մեր խօ­սակ­ցա­կա­նը յա­ճախ «բար­բա­ռ» ալ կը կո­չեն: Ա­հա թէ ին­չո՞ւ է նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դպրո­ցա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մաս կազ­մե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ­մէ կրնայ օգ­տուիլ ոչ միայն հայ­րե­նիք հաս­տա­տուող սփիւռ­քա­հա­յը, այլ տե­ղա­ցին ման­կու­թե­նէն կը գի­տակ­ցի գրա­կան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի փաս­տա­ցի գո­յու­թեան մա­սին:

Շատ գե­ղե­ցիկ միտք մըն ալ տպա­ւո­րեց զիս նշած դահ­լի­ճիս մէջ, հայ­րե­նի­քը նման­ցուե­ցաւ հօր, որ ու­նի եր­կու միա­նուն զա­ւակ­ներ՝ հա­յե­րէն, սա­կայն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը միշտ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նին կը նա­յի ա­ւագ եղ­բօր աչ­քով, մինչ ըն­տա­նի­քի մը զա­ւակ­նե­րը պէտք է հա­ւա­սար դի­տուին: Հոս կու գայ հայ­րե­նիք հօր դե­րը, որ ինք պէտք է այս հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը գո­յաց­նէ ու ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը ա­ւագ որ­դիի կար­գա­վի­ճա­կէն հե­ռաց­նէ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016