ՀԲԸՄ-Ի 110-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ Կ՚ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու շար­քին եզ­րա­փա­կիչ փուլը այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Հինգ­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան ՀԲԸՄ-ի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած մե­ծա­րան­քի հա­ւա­քոյ­թէն վերջ, ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ա­տե­նա­խօս­ներն էին Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան, Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ ու Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խա­գահ Վազ­գէն Եա­քու­պեան, Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ ու Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դիր Ե­րուանդ Զօ­րեան, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Դա­լար Գա­զան­ճեան։

Բաց աս­տի, ՀԲԸՄ-ի 110-ա­մեա­կին առ­թիւ, Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յէն ներս ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր հա­մերգ մը, որ շատ փայ­լուն ան­ցաւ։ Այս ծրա­գի­րը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին տե­ղի ու­նե­ցած էր նաեւ Նիւ Եոր­քի մէջ։ «Հո­գիս» խո­րագ­րեալ այս հա­մեր­գին ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ  Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն բարձ­րաս­տի­ճան դէմ­քեր եւ ՀԲԸՄ-ի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Այսօր «ՀԲԸՄ զրոյց­ներ»ու ծի­րէն ներս, 110-ա­մեա­կին առ­թիւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս կու գայ Հա­յաս­տա­նի Վար­­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016