ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ ԱՌԱՆՁԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸՆ ԱԼ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՔՔԱՅԱՅԻ ԵՒ ՍԵՒԱՆ ԱԹԱՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հիւ­րըն­կա­լեց լու­սան­կա­րիչ Նուր­հան Աք­քա­յան, որ վեր­ջերս ցու­ցա­հան­դէս մը բա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ներ­կայ էր նաեւ լրագ­րող Սե­ւան Ա­­թաօղ­լու, որ այդ ցու­ցա­հան­դէ­սին կազ­­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գած էր։ Նա­խա­րար Յա­կո­բեան, որ մաս­նակ­ցած էր ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման, ա­ռանձ­նա­պէս հիւ­րըն­կա­լեց Նուր­հան Աք­քա­յան, որ ի­րեն յանձ­նեց լու­սան­կար­նե­րու ալ­պո­մը։ Քննար­կուե­ցան Նուր­հան Աք­քա­յա­յի ցու­ցա­հան­դէ­սի Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րուն մէջ եւ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րէ­ ներս կրկնե­լու մա­սին ծրագ­րեր։ 

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կա­տա­րուե­ցան թրքա­հայ հա­մայն­քի օ­րա­կար­գի նիւ­թե­րուն շուրջ։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016