«Հայ Տուն». «Հայրս Կ՚ըսէր, Որ Եթէ Օտարի Հետ Ամուսնանաս, Կը Սպաննեմ Քեզ»
Սանթիակօ, Չիլի: Նոյեմբեր 2016: Թէեւ Չիլին ֆութպոլային աշխարհին մէջ նաեւ ստեղծած է իրեն յատուկ առասպել մը՝ յար եւ նման Լատին Ամերիկայի իր դրացի երկիրներուն, բայց նաեւ ունի աշխարհագրական ու բնութեան իր տուեալներուն իւրայատկութիւնները: Հետաքրքրական է նայիլ Չիլիի քարտէսին, Հարաւային Ամերիկայի հարաւ-արեւմտեան շրջանին, որուն ուղղահայեաց եւ բարակ-երկար տարածքը ուշադրութիւն կը գրաւէ: Ունի բնութեան ստեղծած եւ շնորհած գեղեցկութիւնը: Եթէ Սանթիակօ մայրաքաղաքին ամբողջ տարածքը խճողուած է ծառերով եւ շրջապատուած է լեռներով, սակայն երկրին արեւմտեան ովկիանոսի շրջանը կը գլէ ու կ՚անցնի ամէն գեղեցկութիւն: Երկիրը զարգացած է եւ կամաց-կամաց սկսած է յառաջխաղացք արձանագրել ընկերային-տնտեսական բնագաւառին մէջ՝ անկախ իր մօտիկ անցեալի քաղաքական կեանքի որոշ վերիվայրումներէն:
Սոնիա Գրիթիսեանը ծնած է Չիլի: Հայրը Կելիպոլէէն եւ մայրը՝ Պուրսայէն եւ եղեռնէ ետք, անցնելով մէկ գաղթօճախէն միւսը, կայք հաստատած են Չիլի: Եւ Սոնիայի հօր ապրած արհաւիրքը անոր մէջ կերտած էր ապրելու եւ կեանքը շարունակելու զօրաւոր հիմք: Ասկէ ալ կը բխի իր պատգամը, թերեւս «զգուշացումը»՝ իր դստեր Սոնիային: «Եթէ օտարի հետ ամուսնանաս, կը սպաննեմ քեզ»:
Սոնիան հնազանդած էր իր հօրը «պատգամին»: «Սպասեցի, եւ բախտս Ալպէռ Էքմէքճեանն էր»: Ալպէռը, որ Պէյրութի մէջ իր օրերուն վաստակ շահած հեծելարշաւի ախոյեան մարզիկ եղած էր, 1960-ական տարիներուն կը հաստատուի Չիլի՝ հայկական իր կեանքը շարունակելու տեսլականով:
«Հօրս համար ուրիշ լաւ բան չկար, քան՝ ուրիշ հայ մը»:
Նազար եւ Նատիա Պալոյեանները կը համարուին Չիլիի հայկական գաղութի երիցագոյն անդամներէն, երեւի՝ ամենէն երէցնե՞րը: Նազարին ծնողքը Խարբերդէն եկած է, իսկ Նատիան՝ Պոլիսէն գաղթած: Նատիային մէջ տակաւին կայ Վոսփորեան ջերմութիւնը եւ աշխուժութիւնը: «Յաջորդ այցելութեանդ քեզի պոլսական ճաշ պիտի պատրաստեմ», ըսաւ ինծի:
Նազարին հայրը ու իր նման համախոհեր 1950 թուականին Սանթիակոյի մէջ գնած ու հիմնած են Հայ տունը: Հոն, ուր հայեր պիտի համախմբուին: Բաւական մեծ տարածք՝ պարտէզ ու սրահներ ընդգրկող այս կեդրոնը կը գործածուի մօտաւորապէս երեք հարիւր հոգի հաշուող փոքրաթիւ հայ գաղութի հայկական կեանքին շարունակականութեան համար: Երբեմն-երբեմն կը մատուցուի Ս. Պատարագ՝ այցելու հայ կղերականի մը կողմէ, նաեւ կը կազմակերպուի հաւաքոյթ, կը կատարուին խաղեր ու շաբաթ օրերը՝ հայերէն դասընթացք: Պարտէզին մէջ նաեւ զետեղուած է խաչքար եւ եղեռնի նուիրուած յուշակոթող: Նոյն հայն է, որ որոշած է ապրիլ:
Ու՝ Նազարին յուշերը: «Հօրս համար ուրիշ լաւ բան չկար, քան ուրիշ հայ մը»: Եւ այդ «ուրիշ հայը» հայ պահելու համար ոչ մէկ ճիգ խնայած է կազմակերպելու համար այս հայկական գաղութը:
Շաբաթ, 12 նոյեմբեր 2016: «Հայ տուն»ին մէջ նստելով՝ կը վայելեմ այս պզտիկ Հայաստանը: Թէեւ շատ հեռու է մեծ Հայաստանէն, բայց հայու կարօտը կը մօտեցնէ սրտերը, զգացումները, յիշատակները, պայքարը, սփիւռքեան մարտահրաւէրները: Թէեւ հայկական այս փոքր «գումարտակ»ը կը մարտնչի ինքն ալ իր գոյապայքարին համար եւ իր ապրած իրավիճակին մէջ, բայց կայ գիտակցութիւնը: Թէեւ լեզուն կը նահանջէ, բայց տակաւին վառ կը մնայ զգացումը: Եւ «Հայ տուն»ին մէջ, շրջապատուած հայկական այս փոքր խմբակով, կ՚ապրիմ այս «զգացումները»:
Նազելի Նազարը ծնած է Չիլի: Մեծ ծնողքը եկած են Չիլի եղեռնէն ետք: Սիրած է երաժշտութիւն եւ հետեւած է ձայնամարզութեան: Կեանքի պայմանները եղած են տարբեր, եւ ան նետուած է լրատուական ասպարէզ, բայց միշտ պահելով իր առաջին սէրը՝ երաժշտութիւնը:
«Հայկականութիւնը զգացում է ինծի համար եւ ոչ թէ՝ միտք ու տրամաբանութիւն», Նազելին է խօսողը: «Եւ որքան որ մեծնամ, մէջս այդքան աւելի կը զօրանայ այս հայկական զգացումը»: Նազելին կը ցաւի, որ հայերէն չէ սորված իր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն: Բայց իր մէջ զօրաւոր է ցաւը: «Եղեռնի հարիւրամեակի ձեռնարկներուն, երբ կ՚երգէի երգչախումբին հետ, սկսայ լալ: Գիտակցեցայ, թէ ցաւը որքան խորունկ չափով առկայ է իմ արեանս մէջ», ըսաւ Նազելին:
Վիգէն Բալայեանը Հայաստանէն է: Երիտասարդ հայորդի, որ ուսանած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ: «Թափառած» է հայկական մէկ գաղութէն միւսը՝ հասնելու համար Սանթիակօ: Եւ չեմ գիտեր, թէ Սանթիակոն վերջին հանգրուա՞նն է երիտասարդ Վիգէնին համար: Բայց ան իր ստացած հայեցի ամուր դաստիարակութիւնը ի սպաս կը դնէ Չիլիի հայկական գաղութին: Ամէն շաբաթ օրերը կայ հայերէն դասընթացք եւ Վիգէնը կը սորվեցնէ մայրենին:
Վերճինիա Էքմէքճեանը փոխ-ատենապետն է հայկական գաղութի վարչութեան: Ան կը գիտակցի, թէ «Հայ տուն»ը բոլոր հայերը միացուց: Ներկայ «Հայ տուն»ը ծախած են, բանակցութիւնները իրենց վերջնական փուլին մէջ են՝ նոր հողատարածքի մը գնման համար, աւելի լաւ վայրի մը մէջ եւ տարբեր յարմարութիւններով: Հոն պիտի կառուցեն եկեղեցի եւ կեդրոն, բայց գաղութը ներկայ տունը տակաւին կը գործածէ՝ մինչեւ նոր կեդրոնի վերջնական դասաւորումները:
Վերճինիան կը խօսի եղեռնի մասին: «Մեծ եղեռնի մասին կը խօսիմ արդարութեան եւ ճշմարտացիութեան համար եւ չեմ ուզեր, որ մարդիկ մեզի մեղքանան», ըսաւ ան: Վերճինիան խօսեցաւ նահատակներու սրբադասման մասին ալ: «Սրբադասումը հայկական նոր ուժ ներմուծեց մեր կեանքերուն»:
Այդ խմբակին մէջ է նաեւ չիլիցի Հիւկօ Տիազը, որ երաժիշտ երիտասարդ մըն է, կը նուագէ օպուայ երաժշտական նուագարանը: Եւ ան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջէն բացայայտած է, թէ օպուան սերած է հայկական տուտուկէն: Եւ իր մէջ սկսած է արթըննալ մէկ կողմէ հետաքրքրութիւն, բայց նաեւ սէր՝ հայութեան եւ հայկական մշակոյթի համար: Հիւկօ կը սորվի հայերէն խօսիլ ու գրել:
Ուզեցի հետեւիլ հայերէն դասընթացքին, թէ ինչպէ՛ս Շաքէն եւ Էմիլիան՝ չափահասներ, հատիկ-հատիկ հայերէն տառերը կը սորվին ու կը գրեն: Հայուն գոյապայքարի ճանապարհն է, որ պէտք չէ ընդհատուի…
Պէտք էր, որ մեկնէի: Ուրախ էին տեսնելով, որ հայ մը եկած է եւ իրենց կ՚այցելէ: Իրենց աչքերուն եւ խօսքերուն մէջ կար այդ արտայայտութիւնը: Եթէ մէկ կողմէ քաջալերուած էին, բայց նաեւ կպանդրադառնային, որ իրենք ալ մէկ մասնիկն են հայկական մեծ ընտանիքին՝ Հայաստանին եւ սփիւռքին: Եւ զգացի, որ կ՚ապրէին այդ արժէքին պահը, թէկուզ կարճ հանդիպումով, բայց՝ իրական:
Եւ դարձեալ Նազարն է խօսողը, որուն առողջական վիճակը թէեւ շատ քաջալերական չէ, բայց ան ուրախ մարդն է՝ զուարթ հոգիով: Ժպիտը դէմքին՝ ըսաւ ինծի. «Երեւի շուտով կը մեկնիմ… Բայց չեմ գիտեր, ո՞ւր պիտի երթամ…»:
Նազարին ձեռքը ամուր սեղմեցի եւ իր այդ ուրախ աչքերուն նայելով՝ ըսի իրեն. «Մեկնելէդ առաջ պէտք է, որ եկեղեցին եւ «Հայ տուն»ը շինես: Հօրդ աւանդն է, որ պէտք է շարունակես»:
Չեմ գիտեր՝ ե՛րբ նորէն պիտի տեսնեմ Նազարը եւ Սանթիակոյի հայկական փոքր «գումարտակը»: Երեւի օրերը ցոյց կու տան: Բայց կայ «Հայ տուն»ը, որուն ջերմութիւնը ապրեցայ ու պիտի շարունակեմ ապրիլ հեռուէն, որովհետեւ անիկա ապրող իրականութիւն է: Հայուն աւանդն է, հայուն հպարտութիւնը, այն հայուն, որ որոշած է ապրիլ:
«Հայ տուն»(եր)ը: Չիլի եւ քիչ մը ամէն տեղ: Փոքր տուն(եր), որոնք միասին, քով-քովի գալով՝ կը կազմեն հզօր եւ մեծ Հայաստանը:
Եւ այս «Հայ տուն»(եր)ը՝ Մեծ Հայաստանը, հայօրէն ապրելու եւ իբրեւ հայ գոյատեւելու գրաւական կը հանդիսանան, ուստի անպայման պէտք է գուրգուրալ անոնց ու պահպանել:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ