ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈՒՇԱՆԱՅ. ԻՆՉՈ՞Ւ
Այն պահուն, երբ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն հրամանագիր մը ստորագրելով Սաատ Հարիրին երկրի վարչապետի պաշտօնին կը կոչէր, երկրի քաղաքացիներուն մեծ տոկոսը կու գար համոզուելու, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը պիտի վճռուի ընդամէնը քանի մը օրուան ընթացքին:
Բայց իրականութիւնը այդպէս չէր:
Տարբեր «խաղերու» եւ ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւններու հետեւանքով ցայսօր Լիբանանը կը շարունակէ մնալ առանց կառավարութեան, իսկ գործող վարչապետ Թամմամ Սալամ հանդէս կու գայ գործակատար-վարչապետի հանգամանքով:
Երկրի քաղաքական կեանքի կարեւոր առանցքները հասկնալու համար պէտք է շեշտադրել, որ Լիբանան կը կառավարուի համայնքային դրութեամբ մը, որուն հիմամբ կառավարութեան մէջ եւս պէտք է յարգուի համայնքներու ներկայացուցչական ընդհանուր պատկերը:
Այս պատճառով է նաեւ, որ որեւէ հանգրուանի երկրին մէջ կառավարութիւն մը կազմելու հարցը կը դառնայ բաւական «տանջալից»:
Լիբանան այնպիսի երկիր մըն է, ուր քաղաքական շահերն ու յարաբերութիւնները կրնան շատ արագ եւ անսպասելի փոփոխութիւններու ենթարկուիլ եւ «խառնել» սպասուած ու «պատ-րաստուած» բոլոր բեմագրութիւնները:
Այդ արագ եւ անսպասելի փոփոխութիւններու ծիրին մէջ պէտք է անպայման յիշատակել ներքրիստոնէական մակարդակի վրայ եղած նոր դաշինքը, որուն երկու կողմերը քրիստոնէական՝ «Լիբանանեան ուժեր»ն ու «Ազգային ազատ հոսանք»ը աւելի քան քսանվեց տարուան «քէն»է ետք յաջողեցան հաւաքական շահերու յենարան մը գտնել ու միասնաբար երկրորդ կողմին՝ «Ազգային ազատ հոսանք»ի հիմնադիր եւ առաջնորդ զօրավար Աունի նախագական թեկնածութիւնը առաջադրել:
Լիբանանի պատմութեան քաջածանօթ ոեւէ մէկը շատ լաւ կը յիշէ 1990 թուականի Յունուարին ծայր առած այն «եղբայրասպան» կռիւները, որոնք տեղի ունեցան քրիստոնէական երկու ուժերուն միջեւ եւ յանգեցան «փակ եւ անկախ գօտի» համարուող շրջանի կազմաքանդման:
Թէժագոյն զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով երկու կողմերէն զոհուեցան հազարաւոր լիբանանցիներ, իսկ աւելի ուշ երկու քրիստոնեայ ղեկավարները «դուրս մնացին» քաղաքական կեանքէն մին՝ բանտարկուելով (Սամիր Ժաաժա), իսկ երկրորդը՝ (Լիբանանի այսօրուան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն) դէպի Փարիզ աքսորուելով:
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ երկու կողմերուն միջեւ ատելութիւնն ու կիրքը հատեց տրամաբանութեան բոլոր սահմանները: Այսօր այդ տխուր դէպքերէն քսանվեց տարի ետք, ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ երբեմնի «ոխերիմ թշնամիները» դառնան «հաւատարիմ բարեկամներ»:
Անշուշտ այս բոլորին պէտք է վերաբերիլ մեծ կասկածներով, որովհետեւ ինչպէս ամէնուր, Լիբանանի մէջ ալ քաղաքական յարաբերութիւնները եւ դաշինքները հիմնուած են միայն շահերու վրայ եւ բնական է նաեւ, որ անոնք ըլլան յարափոփոխ ու յարաշարժ:
Երկու հիմնական քրիստոնէական ուժերու մերձեցումը Լիբանանի մէջ ստեղծեց նոր ու «հետաքրքրական» վիճակ մը, որուն դիմաց հիմնական միւս «խաղացող»ը՝ շիի կողմը բաւական զարմացած ու անհանգիստ մօտեցումներով կը հետեւէր եղած զարգացումներուն:
Եթէ Աունի նախագահ դառնալը յաջողեցաւ քրիստոնէական ուժերու, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, բայց մանաւանդ «Հիզպուլլահ»ի «լուռ քուէ»ով, այսօր իրավիճակը բոլորովին տարբեր է: Ու յստակ է նաեւ, որ կառավարական «մասնաբաժիններու» տիրանալու համար ընթացող պայքարը, բացի ներհամայնքային ըլլալէ, երկրին մէջ դարձեալ «գլուխ ցցող» քրիստոնէական «ուշացած դաշինք»ին դէմ է:
Այդ պայքարի առաջամարտիկը «Հիզպուլլահ»ը չէ, ինչպէս շատեր կ՚ենթադրեն, այլ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին է, որուն համար երկրին մէջ ձեւաւորուող որեւէ դաշինք պէտք է ըլլայ «վերահսկելի»:
Եթէ «Հիզպուլլահ»ի համար գլխաւոր «կարմիր գիծ»երը ապահովուած են Նախագահ Աունին հետ նախօրօք կայացած համաձայնութեան (2006) հիմքով, ապա Պըրրիի համար ներքին դաշտին մէջ կարեւորը ազդեցութեան գօտիներու գերխնդիրն է: Անշուշտ ազդեցութեան գօտի ըսելով պէտք է հասկնալ ոեւէ առաջնորդի իր «կողմիններուն» մատուցուելիք ծառայութիւններուն կամ բաշխուելիք պաշտօններուն խնդիրը: Ու այս ձեւով ոեւէ քաղաքական առաջնորդ կը փորձէ պահել, պահպանել ու «սնուցել» իր ընտրազանգուածները:
Այդ շահարկումներուն համար է նաեւ, որ ընթացող պայքարը կը թէժանայ ու կը խանգարէ հեզասահ կառավարութեան մը ստեղծումը: Իբր այդ ալ ելեւմուտքի, հանրօգուտ շինարարութեանց, ելեկտրականութեան եւ ջուրի, արդարադատութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները կը դառնան իսկական կռուախնձոր:
Մինչ խորհրդարանի նախագահը իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր հնարաւոր միջոցներով կը ճնշէ վերատիրանալու համար իրեն «բաժին ինկած» նախարարական թղթապանակներուն, անդին «Լիբանանեան ուժեր» եւս կատաղի պայքար կը մղէ զօրավար Աունին համար ցուցաբերուած բացայայտ նեցուկին փոխարէն ստանալու համար «նախարարական պանիր»էն յարգելի բաժին մը:
Արդիւնքը անշուշտ կառավարութեան կազմութեան ուշացումն է, որուն վարժ են Լիբանանի քաղաքացիները:
Այսօր դրուած ամենէն նուրբ խնդիրը երկրի նախագահին ունենալիք ընդհանուր վերաբերումն է կապուած՝ այն պարանաձգութիւններուն, որոնք կը կատարուին քաղաքական ուժերուն կողմէ: Կողմերէն իւրաքանչիւրը կը թուի անզիջող ըլլալ, մանաւանդ, որ այդ մօտեցումներուն արդիւնքով կազմութեան օրակարգը կը մնայ բաց եւ անլուծելի:
Հանրութիւնը, որ մեծ յոյսեր կապած է Նախագահ Աունի «վճռական» քայլերով երկիրը կառավարելու մօտեցումներուն, այսօր կ՚ապրի սպասողական պահեր: Արդեօք Նախագահ Աուն պիտի յաջողի՞ «սանձ»ը ձեռքին առնելով հանդէս գալ բոլորին գոհացում տալու դիրքերէ, կամ թէ ունենալով ներքին եւ արտաքին կարեւոր լծակներ՝ կարգ մը նուրբ կէտեր հարուածելով ստեղծել քաղաքական նոր հանգանակ եւ կազմել տալ կեդրոնական նոր կառավարութիւն:
Զօրավար Աուն ժամանակի լուրջ խնդիր ունի եւ իր համակիրներն ու հետեւորդները կը գիտակցին պահուն նրբութիւնն ու լրջութիւնը: Յառաջիկայ շաբաթներուն այս բոլորը յստակ պիտի դառնան ու պարզ պիտի դառնայ անոր քաղաքական ուժին իսկական երեսը:
Ի վերջոյ «ոչ ընդունելի» ուշացումէն հիմնական տուժողը երկրի տնտեսութիւնն է ու քաղաքացին, սակայն ակներեւ է նաեւ, որ նոր նախագահի ընտրութիւնը (նոյնիսկ առանց նոր կառավարութեան) բաւական սեղմ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին յաջողեցաւ առնուազն հեռու պահել «նոր պատերազմ»ի մը վտանգը եւ օգնեց, որ երկրին մէջ դրական մթնոլորտ մը ձեւաւորուի:
Այս բոլորի կողքին սակայն կառավարութեան կազմութեան ուշացումը լիբանանցիներուն համար դարձաւ յուսաբեկման նոր առիթ, յիշեցնելով որ համայնքային դրութիւնը կենսակերպ դարձուցած երկրին մէջ բոլորը հեռու են իտէալական համաձայնութեան դրոյթէն, որ կը շարունակէ մնալ անիրականալի երազ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան