Հալէպի ՄԷջ Յոյսի Ծիլեր Կան

Հա­լէ­պի մէջ յոյ­սի ծի­լեր կան. հրթի­ռա­կոծ­ման վտան­գը շեշ­տա­կի նուա­զած է, կեն­ղա­ցա­յին բա­րե­լա­ւում­ներ կը նկատուին, կ՚ակն­կա­լուի ջու­րի, աս­տի­ճա­նա­բար նաեւ՝ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան խնդիր­նե­րու լու­ծում:

Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րէս» գործակա­լու­թեան հա­ղոր­դած է Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խըմ-բա­գիր Զար­միկ Պօ­ղի­կեան:

Սու­րիա­կան բա­նա­կը ա­զա­տագ­րած է Սու­լէյ­մէն Հա­լա­պի թա­ղա­մա­սին մէջ գտնուող ջրա­մա­տա­կա­րար ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րը կը զբա­ղին վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րով: «Հա­լէ­պը զուրկ է ե­լեկտ­րա­կա­նու­թե­նէն, սա­կայն տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու հա­ղորդ­մամբ, ե­լեկտ­րա­կա­յա­նը նոյն­պէս կը վե­րա­նո-­րո­գուի եւ մին­չեւ Նոր տա­րի հա­ւա­նա­բար ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հար­ցը եւս կը լու­ծուի: Հիմ­նա­կան խնդիր­ներն են գնաճն ու գոր­ծազր­կու­թիւ­նը: Այս բո­լոր հար­ցե­րը կը լու­ծուին, եւ քա­ղա­քը կը սկսի աս­տի­ճա­նա­բար վե­րա­կանգ­նիլ միայն խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման պարա­գա­յին: Վե­րա­կանգ­նուած է նաեւ Հա­լէ­պի ար­դիւ­նա­բե­րա­կան շրջան­նե­րու՝ Շէյխ Նաճ­ճա­րի եւ Լե­րա­մու­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Հայ ար­հես­տա­ւոր­նե­րու մեծ մա­սի ար­հես­տա­նոց­նե­րը կը գտնուին Պոս­թան Փա­շա թա­ղա­մա­սին մէջ, ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ թա­ղա­մա­սը գրա­ւուե-լէ եւ թա­լա­նի են­թար­կուե­լէ ետք, ա­նոնք գոր­ծա­զուրկ մնա­լէ բա­ցի  կրած են զգա­լի նիւ­թա­կան կո­րուստ­ներ:  Թա­լա­նի  են­թար­կուած են նաեւ Պոս­թան Փա­շա գտնուող հայ­կա­կան ծե­րա­նո­ցը եւ ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ ու­նե­ցող ե­րա­խա­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած «Ա­րե­ւիկ» ման­կա­կան կեդ­րո­նը: Այ­նուա­մե­նայ­նիւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն սու­րիա­կան բա­նա­կը ա­կա­նա­զեր­ծում պի­տի կա­տա­րէ Պոս­թան Փա­շա­յի մէջ եւ հայ ար­հես­տա­ւոր­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան վե­րա­դառ­նա­լու ի­րենց ար­հես­տա­նոց­նե­րը», նշած է Զար­միկ Պօ­ղի­կեան:

«Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց բնա­կա­նոն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, քա­ղա­քին մէջ սնուն­դի եւ դե­ղօ­րայ­քի ճգնա­ժամ չկայ: Յու­սանք, որ 2017 թուա­կա­նին խա­ղա­ղու­թիւն կ՚ըլ­լայ եւ Սու­րիոյ բնակ­չու­թիւ­նը դուրս կու գայ տագ­նա­պա­յին ի­րա­վի­ճա­կէն: Ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման խնդիր չըլ­լար, ե­թէ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը Հա­լէ­պին ջուր մա­տա­կա­րա­րող գիւ­ղե­րուն մէջ չխա­փա­նեն դէ­պի Հա­լէպ ջու­րի հոս­քը», ա­ւել­ցու­ցած է ան:

Վեր­ջին շրջա­նին սու­րիա­կան բա­նա­կը դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ միա­սին իր վե­րա-հըս­կո­ղու­թեան տակ  առած է  Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան 17 շրջան­ներ: Ա­ւե­լի քան 18 հազար քա­ղա­քա­ցի­ներ սու­րիա­կան բա­նա­կին օգ­նու­թեամբ դուրս  ե­կած են այս շրջան­նե­րէն, շուրջ 90 հազար քա­ղա­քա­ցի­ներ ալ սու­րիա­կան բա­նա­կի եւ դաշ­նա­կից զօր­քե­րու հո­վա­նիի ներ­քոյ կը շա­րու­նա­կեն մնալ ի­րենց բնա­կա­վայ­րե­րուն մէջ:

Այդ շրջան­նե­րը ա­զա­տագ­րե­լու եւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րէն մաք­րե­լու ար­դիւն­քով Հա­լէ­պի շատ թա­ղա­մա­սե­րու մէջ, ո­րոնց մէջ կան նաեւ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սեր, հրթի­ռա­կոծ­ման վտան­գը շեշ­տա­կի նուա­զած է: Թերեւս Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան հա­տուա­ծին մէջ կան շրջան­ներ, ո­րոնք կը գտնուին ա­հա­բե­կիչ­նե­րու վե­րահսկո­ղու­թեան տակ, եւ այդ շրջան­նե­րուն մէջ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան վրայ հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին: Սու­րիա­կան բա­նա­կը կը շա­րու­նա­կէ իր յա­ռա­ջըն­թա­ցը՝ ա­զա­տագ­րե­լով նոր շրջան­ներ: Պոս­թան Փա­շա թա­ղա­մա­սի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք Հա­լէ­պի հա­յա­շատ թա­ղա­մա­սե­րէն մէ­կուն՝ Նոր գիւ­ղին մէջ, ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի  կա­յու­նա­ցած է, քա­նի որ նա­խորդ չորս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­նընդ­հատ Պոս­թան Փա­շա­յէն կը հրթի­ռա­կո­ծէին Նոր գիւ­ղի խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը, դի­պու­կա­հար­նե­րու թի­րա­խին մէջ էին ան­ցորդ­նե­րը եւ այլն:  Այժմ Նոր գիւ­ղը եւ շարք մը այլ շրջան­ներ ա­ւե­լի հան­գիստ են, բայց ի­րա­վի­ճա­կը ամ­բող­ջո­վին կրնայ կա­յու­նա­նալ Հա­լէ­պի լիա­կա­տար ա­զա­տագ­րու­մով:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016