Դանիոյ Մէջ Տօնավաճառ

Դա­նիոյ մէջ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին եւ Zulo service-ը, օժան­դա­կու­թեամբ Դա­նիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան, կը կազ­մա­կեր­պեն Նոր տա­րուան եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ձեռ­նարկ մը:

Ս. Ծննդեան հայ­կա­կան տօ­նա­վա­ճա­ռը հիւ­րե­րուն պի­տի հրամց­նէ քա­ռա­սու­նէ ա­ւե­լի ապ­րան­քա­տե­սակ, նե­րա­ռեալ՝ ա­րե­ւա­շատ ա­րա­րա­տեան դաշ­տա­վայ­րի մթեր­քը եւ խմիչք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ձե­ռա­գործ եւ ա­մե­նա­տար­բեր այլ ապ­րանք­ներ, ո­րոնք պատ­րաս­տուած են հայ­կա­կան ո­գիով եւ պի­տի ներ­կա­յա­ցուին հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան եւ հա­մա­դամ­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ:

Տօ­նա­վա­ճա­ռը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Դեկ­տեմ­բե­րի 11-ին:

Միւս կող­մէ, վա­ճառ­քէն հայ­թայ­թուած ողջ հա­սոյ­թը, իբ­րեւ օգ­նու­թիւն, պի­տի փո­խան­ցուի հա­լե­պա­հա­յե­րու կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու հա­մար:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016