ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԵԾԱՊԷՍ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ»
Վիեննայի մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Միջուկային անվտանգութեան հարցերով միջազգային նախարարական համաժողովը։ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան 140 երկիրներէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։
Հաւաքի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան ընդգծեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ միջուկային անվտանգութեան ամրապնդումը թէ՛ ազգային եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Նախարարը շեշտեց, որ Երեւան ամբողջութեամբ կ՚իրականացնէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 1540 բանաձեւով ստանձնած իր միջազգային պարտաւորութիւնները։ Հայաստանի ազգային գործողութիւններուն վերաբերեալ 2015-2020 թուականներու ծրագիրը կը նախանշէ շարք մը յստակ քայլեր, որոնք կը վերաբերին ազգային միջոցառումներուն, ընթացիկ ու ապագայ քայլերուն։
«Մասնաւորապէս, Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան բազմաթիւ տեսչական ստուգումները եւ գնահատման առաքելութիւնները վերահաստատած են Հայաստանի՝ իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելու յանձնառութիւնը եւ հրապարակայնութեան ու թափանցիկութեան ամենաբարձր մակարդակը։ Միջազգային պայմանագրերու պահանջներուն անհամապատասխանութիւն կամ անոնցմէ շեղում չէ արձանագրուած։ Այս ամբողջին մէջ ցաւալի է, որ կարգ մը անդամ պետութիւններ, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա անարգալի վերաբերմունք ցուցաբերելով Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան անոր արձանագրած եզրակացութիւններուն դէմ կը փորձեն միջազգային հարթակները ծառայեցնել իրենց նեղ քաղաքական, քարոզչական նպատակներուն՝ Հայաստանի դէմ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցնելու համար։ Շարունակաբար շահարկուող այս շինծու մեղադրանքները չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Անվերապահօրէն աջակցելով չտարածման քաղաքականութեան՝ Հայաստան կը վերահաստատէ իր լիակատար հաւատարմութիւնը համապատասխան պայմանագրերուն, ինչպէս նաեւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան երաշխիքներու համաձայնագրին եւ յաւելեալ արձանագրութեան», ըսաւ Նալպանտեան Վիեննայի հաւաքին ընթացքին։