ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի մէջ, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան կ՚ըն­դու­նուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի կող­մէ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով զար­գաց­նե­լու ուղ­ղեալ նիւ­թեր։ Կող­մե­րը կը շօ­շա­փեն նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի շարք մը հրա­տապ հար­ցե­րը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ առ­նե­լով Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րադ­րու­թեան վրայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016