ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, որոնք մեր այցելութեան փութացին՝ շաբաթավերջին նախատեսուած Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ։ Այսպէս մեր հիւրերն էին՝ Եւգինէ Վանլը, Նուրհան Սուճեան եւ Եդուարդ Պալճը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտութեան թիւը այս տարի հասած է 90-ի։ Մանկապարտէզի մէջ ստեղծուած է եռուն մթնոլորտ մը, ինչ որ հաստատութեան ապագային տեսակէտէ կը համարուի յուսադրիչ։ Արդարեւ, թաղային խորհուրդը կը յաջողի քաղաքի ծայրամասերուն եւ մասամբ հեռաւոր արուարձաններուն մէջ հասնիլ այն հայ ընտանիքներուն, որոնք ունին դպրոցահասակ զաւակներ։ Շնորհիւ այդ ջանքերուն, այս տարի դպրոցի աշակերտութեան թիւը 15-ով բարձրացած է անցեալ տարուան բաղդատմամբ։ Եթէ ներկայ ընթացքը պահպանուի, ապա յառաջիկայ տարիէն սկսեալ այդ թափը կրնայ աւելնալ։
Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները մեզի յայտնեցին, որ դպրոցի գործունէութիւնը գոհացուցիչ մակարդակի մը վրայ կը համարեն ու կը ջանան նիւթական միջոցներ ապահովել՝ կայուն գործունէութիւնը երաշխաւորելու համար։ Թաղականները յայտնեցին, որ այս առումով իրենք կը վստահին համայնքի զօրակցութեան, որովհետեւ Թոփգաբուի եկեղեցին չունի մշտական հասութաբեր միջոցներ, իսկ դպրոցը առանձնայատուկ առաքելութիւն մը ունի մեր կրթական համակարգէն ներս։ Այս բոլոր հանգամանքներուն հիման վրայ թաղականները եռանդով պատ-րաստուած են նաեւ այս տարուան մատաղօրհնութեան։ Անոնք երախտագիտութեամբ ընդգծեցին դպրոցի հիմնական բարերարներուն՝ Երկանեան եւ Սարայլը ընտանիքներուն կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։ Նոյնպէս երախտագիտութեամբ մատնանշեցին այն հաստատութիւնները, որոնք աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Թոփգաբուի ընտանիքին։
Դպրոցին ուղղեալ աշխատանքներուն առընթեր թոփգաբուցիները կը ջանան խրախուսել նաեւ երիտասարդական շարժում մը։ Թաղի վարժարանի շրջանաւարտները կը համախմբուին վերջին տարիներուն, իսկ ներկայիս եկեղեցւոյ համար երիտասարդներէ բաղկացեալ դպրաց դաս մը կազմելու աշխատանքներ ալ սկսած են։ Մեր զրուցակիցները յոյս յայտնեցին, որ այդ բոլոր աշխատանքները կ՚արգասաւորուին յաջողութեամբ։
Միւս կողմէ, Թոփգաբուի թաղականները այս առաւօտեան մեր զրոյցին ընթացքին ուրախութիւն յայտնեցին, որ տարեկան սիրոյ սեղանի հանդիսութիւններուն պիտի զուգադիպի համայնքային յայտնի բարերար Մոնիք Երկանեանի պարգեւատրումը Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։