ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԱՍԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրկին քննարկ­ման ա­ռար­կայ էր վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ: 26 Նո­յեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գոր­ծող «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց խոր­հուր­դը Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պեց «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հե­ռան­կար­նե­ր» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­ւար­տին մաս­նա­կից­նե­րու եզ­րա­յան­գու­մը մէկ էր՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լե­զուա­կան հայ­րե­նի­քը պէտք է ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը:

Հա­մա­ժո­ղո­վէն օ­րեր ետք Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀԲԸՄ-ի 110-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու հնգօ­րեայ շարք մը, ո­րուն ըն­թաց­քին նոյն­պէս, զա­նա­զան քննար­կում­նե­րով, լրջօ­րէն խօ­սուե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին ու­շադ­րու­թիւն յատ­կաց­նե­լու մա­սին եւ հայ­կա­կան ա­մե­նէն մեծ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը նոյն­պէս, այդ ուղ­ղու­թեամբ տա­րած իր աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու ժա­մա­նակ կրկին շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ոչ միայն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, այլ նաեւ պէտք է սկսիլ ա­րեւմ­տա­հայ մշա­կոյթն ու ողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու աշ­խա­տան­քի մը։ ՀԲԸՄ-ը յայտ­նեց իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ ար­դէն սկսած աշ­խա­տանք­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու, ինչ­պէս նաեւ հիմ­նե­լու ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման կեդ­րոն մը:

Գա­լով հա­մա­ժո­ղո­վին, ինչ­պէս սկիզ­բը կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին, հա­ւա­քը նպա­տակ ու­նի քննար­կում­նե­րու մի­ջո­ցաւ լու­ծում­ներ գտնել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման եւ զար­գաց­ման հար­ցե­րուն շուրջ, մա­նա­ւանդ Հա­յաս­տա­նի մէջ, թէեւ ա­նոնք շեշ­տե­ցին, որ գրա­կան հա­յե­րէ­նի այդ ճիւ­ղին պահ­պա­նու­մը խնդիր է նաեւ Սփիւռ­քի տա­րած­քին:

Հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր նա­խա­գա՝ Ա­նի Պա­լը­խեան նշեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սու­րիա­հա­յու­թեան Հայ­րե­նիք տե­ղա­փո­խուե­լով, Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծուած է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զօ­րե­ղաց­ման նպաս­տող ա­ռար­կա­յա­կան հար­թակ, մեկ­նե­լով այն հան­գա­ման­քէն, որ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը ոչ միայն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, այլ նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յոց մշա­կոյ­թը կրող­նե­րու մեծ հա­մայնք մըն է: Այս հան­գա­ման­քը, ըստ բա­նա­խօ­սին, պէտք է մղէ ան­մի­ջա­պէս ուղ­ղոր­դուած քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել ըստ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի աշ­խար­հի վտան­գուած լե­զու­նե­րէն մին հա­մա­րուող ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման, տա­րած­ման եւ գոր­ծած­ման հա­մար: Ա­նի Պա­լը­խեա­նի գնա­հա­տան­քով, հա­մա­ժո­ղո­վը որ­պէս ա­ռա­ջին քայլ ուղղուած է Հա­յաս­տա­նը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լեզուա­կան հայ­րե­նի­քը դարձ­նե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի օ­րի­նա­կով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ա­մէ­նօ­րեայ դպրոց հիմ­նե­լու։ Սոյն վար­ժա­րա­նը կը դառ­նայ կրթա­կան օ­ճախ մը՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած սու­րիա­հա­յու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ո­գե­ւո­րու­թեան լրա­ցու­ցիչ ազ­դակ մը՝ ուս­ման նպա­տա­կով հայ­րե­նիք փո­խադ­րուիլ փա­փա­քող սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան:

Այս միտ­քը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ա­մէ­նօ­րեայ դպրոց հիմ­նե­լու եւ պե­տա­կան ի­րա­ւա­սու­թիւն­ներ շնոր­հե­լու այդ վար­ժա­րա­նին, ի­րենց ե­լոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին շեշ­տե­ցին հա­մա­ժո­ղո­վի գրե­թէ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի Կր­­թու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն փո­խան­ցեց Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ար­տա­քին կա­պե­րու եւ սփիւռ­քի վար­չու­թեան պետ Ար­թուր Ղա­զա­րեա­ն։ Ան նոյն­պէս խօ­սե­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի տե­ղին ու դե­րին մա­սին Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ յայտ­նեց, որ ան զգա­լիօ­րէն փոխուած է սու­րիա­հա­յու­թեան հայ­րե­նի­քի մէջ հաս­տատ­մամբ: Ղա­զա­րեան նշեց, որ այ­լեւս լե­զուա­կան հար­ցը կը դի­տուի որ­պէս ինք­նու­րոյն, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հետ չնոյ­նա­ցուող խնդիր մը, որ կը պա­հան­ջէ գործ­նա­կան քայ­լեր՝ դպրոց­նե­րու մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մով: Ար­թուր Ղա­զա­րեան յատ­կա­պէս ող­ջու­նեց եւ շնոր­հա­ւո­րեց «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, նշե­լով, որ ան ար­դիւ­նա­ւէտ հար­թակ կրնայ դառ­նալ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի շուրջ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման եւ նոր հար­ցադ­րում­նե­րու հա­մար:

Հա­մա­ժո­ղո­վի յա­ջոր­դող օ­րե­րուն հե­ռա­տե­սի­լա­յին ե­լոյ­թով մը հան­դէս գա­լով նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան յայ­տա­րա­րեց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին Հա­յաս­տա­նի ա­ւագ դպրոց­նե­րուն մէջ կը հաս­տա­տուի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման փորձ­նա­կան ծրա­գիր մը, իսկ յա­ջող ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րե­լէ ետք, ար­դէն ծրա­գի­րը կը գոր­ծադ­րուի եւ կը մշա­կուի նաեւ ա­ւե­լի ցած կար­գե­րու հա­մար, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ար­դի գրա­կան հա­յե­րէ­նի մէկ ճիւղն է եւ հայ ա­շա­կեր­տը հա­յե­րէ­նը՝ իր մայր լե­զուն, ամ­բող­ջա­կան սոր­ված կ­­՚ըլ­լայ, ե­թէ գո­նէ ծա­նօթ ըլ­լայ ա­նոր եր­կու ճիւ­ղե­րուն հա­ւա­սա­րա­պէս:

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հե­ռան­կար­նե­ր» հա­մա­ժո­ղո­վին Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քը փո­խան­ցեց կազ­մա­կեր­պու­թեան Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տ­­նօ­րէն Յո­վիկ Էօր­տէ­քեա­ն։ Ան կա­րե­ւո­րեց «Հա­լէ­պ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց խոր­հուր­դի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ու յայտ­նեց հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման եւ ա­նոր քննար­կում­նե­րէն բխած հե­տա­գայ քայ­լե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ:

Եր­կու նիս­տե­րէ բաղ­կա­ցած հա­մա­ժո­ղո­վին զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կան ա­նուա­նի լե­զուա­գէտ­ներ, հա­յա­գէտ­ներ, պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, լրագ­րող­ներ: Պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոք­թոր, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հաս­տա­տուած սու­րիա­հայ մտա­ւո­րա­կան՝ Յա­կոբ Չո­լա­քեան ներ­կա­յա­ցուց ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման հար­ցե­րը, ո­րոնց մա­սին եր­կու տա­րի ա­ռաջ սկսած է քննար­կու­մը՝ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Գի­տու­թիւն­նե­րու ալ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ հա­մա­տեղ ջան­քե­րով: Ան ի­րա­կան նկա­տեց այդ մեր­ձե­ցու­մը՝ մեկ­նե­լով ներ­կայ պայ­ման­նե­րէն, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած, եր­կու հա­յե­րէն­նե­րը ար­դէն իսկ աշ­խոյժ յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ են եւ պէտք է գտնել ձեւ մը, որ հա­յե­րէ­նի եր­կու ճիւ­ղե­րը մէ­կը միւ­սին օգ­նե­լով, մէ­կը միւ­սէն սնե­լով, հրա­պու­րիչ դառ­նան հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար:

Յատ­կան­շա­կան է Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի ա­նուան լե­զուի հիմ­նար­կի տնօ­րէ­նի մա­կար­դա­կով մաս­նակ­ցու­թիւ­նը նշուած հա­մա­ժո­ղո­վին, որ կը նշա­նա­կէ, թէ հա­յե­րէ­նի ա­մե­նէն բարձր ա­կա­դե­մա­կան կա­ռոյ­ցը նոյն­պէս կ­­՚ող­ջու­նէ եւ ի­րա­կան կը տես­նէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լայն տա­րա­ծու­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ինչ­պէս այս մա­սին իր խօս­քին մէջ նշեց հիմ­նար­կի տնօ­րէն Վիք­թոր Կատ­ուա­լեա­ն, ներ­կա­յիս հա­յա­պահ­պան­ման, լե­զուա­գի­տա­կան ու մշա­կու­թա­բա­նա­կան ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րէն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան, ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ու­սուց­ման եւ զար­գաց­ման հար­ցը: «Հա­յե­րէ­նի դրսե­ւոր­ման այս ե­ղա­նա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի լե­զուամ­շա­կոյ­թի ան­բա­ժա­նե­լի մասն է, բա­ցա­ռիկ կա­րե­ւո­րու­թեան ազ­գա­յին ար­ժէք, որ թէեւ զրկուած է գոր­ծա­ռնու­թեան բնա­կա­նոն պայ­ման­նե­րէ, սա­կայն բա­ցի հա­ղոր­դակց­ման մի­ջոց ըլ­լա­լէ, ձեռք բե­րած է նաեւ հա­մազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող այլ գոր­ծա­ռոյթ­ներ: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ոչ միայն ազ­գա­պահ­պան­ման դեր ու­նի Սփիւռ­քի մէջ, այլ նաեւ կ­­՚ա­պա­հո­վէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան լե­զուա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, կը կա­տա­րէ լե­զուա­կան դես­պա­նի իւ­րա­յա­տուկ դեր՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լով աշ­խար­հի մէջ ճա­նա­չե­լի դարձ­նել մեր մշա­կոյ­թը, ազ­գա­յին ինք­նա­տի­պու­թիւ­նը: Այս ա­ռու­մով, խնդի­րը ոչ միայն ազ­գա­յին, այլ նաեւ պե­տա­կան նշա­նա­կու­թեամբ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ու­նի», իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց Վիք­թոր Կատ­ուա­լեան: Ան ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան դաշ­տին մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ըն­թաց­քը։ Յայտ­նեց նաեւ, թէ ինչ գի­տա­կան քայ­լեր առ­նուած են հա­յե­րէ­նի այդ ճիւ­ղով:

Նշենք, որ Լե­զուի հիմ­նար­կը ա­ռայժմ միակ պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն կա­ռոյցն է, որ ստեղ­ծած է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման կեդ­րոն եւ գիր­քեր կը հրա­տա­րա­կէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, կը տա­րա­ծէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծուած հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը:

«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յու­թիւնն ու գոր­ծա­ռնու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է նաեւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի բնա­կա­նոն զար­գաց­ման հա­մար: Շատ կա­րե­ւոր խնդիր է նաեւ ընդ­հա­նուր հա­յե­րէ­նի միաս­նա­կա­նու­թեան պահ­պա­նու­մը, գրա­կան եր­կու ճիւ­ղե­րու, հնա­րա­ւոր մեր­ձե­ցու­մը, փոխ­ներ­թա­փան­ցումն ու փոխ­հարս­տա­ցու­մը: Յատ­կա­պէս բա­ռա­պա­շա­րի եւ եզ­րոյ­թա­բա­նու­թեան ա­ռու­մով առ­կայ են փոխլ­րաց­ման բա­զում օ­րի­նակ­ներ եւ լայն հե­ռան­կար­ներ: Այս բո­լո­րը կ՚են­թադ­րեն զար­գաց­ման միաս­նա­կան հե­ռան­կա­րի եւ փոխ­հա­մա­ձայ­նե­ցուած կա­նո­նարկ­ման ու փոխ­հարս­տաց­ման ու­ղի­նե­րու մշա­կում եւ ա­նոնց գոր­ծադ­րում այն գի­տակ­ցու­մով, որ իր տար­բե­րա­կա­յին բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով հան­դերձ հա­յե­րէ­նը մէկ միաս­նա­կան լե­զու է, ո­րու բո­լոր ի­րո­ղու­թիւն­ներն ու միա­ւոր­նե­րը շաղ­կա­պուած են ի­րա­րու ան­կախ տար­բե­րա­կա­յին վե­րա­բե­րու­թե­նէ­ն», կը վստա­հեց­նէ Վիք­թոր Կա-տուա­լեան:

Հա­յա­գէտ, սու­րիա­հայ մաս­նա­գէտ Միհ­րան Մի­նա­սեա­ն եւ Հա­յաս­տա­նի Գգրող­նե­րու միու­թեան ա­ռա­ջին քար­տու­ղար Պետ­րոս Տե­միր­ճեա­ն խօ­սե­ցան Հա­յաս­տա­նի գրահ­րա­տա­րակ­չա­կան դաշ­տին մէջ ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի դե­րին մա­սին: Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սփիւռ­քա­հայ հա­յա­գէտ Ա­նի Զէյ­թուն­ցեա­ն եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի ու­սա­նող Ա­ւե­տիս Ա­բո­շեա­ն ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­յոց լե­զուի ճիւ­ղա­ւոր­ման հար­ցերն ու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը:

Հա­մա­ժո­ղո­վին ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան նաեւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի «Սփիւռ­ք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր, հա­յա­գէտ Սու­րէն Դա­նիէ­լեա­ն, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի տեղն ու դե­րը կա­րե­ւո­րեց մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գին մէջ։ Հրա­պա­րա­կա­խօս, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի սիւ­նա­կա­գիր, «Ա­րե­ւել­ք» կայ­քէի հիմ­նա­դիր-խմբա­գիր Սա­գօ Ա­րեա­ն խօ­սե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով մա­մու­լի եւ առ­ցանց լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու խնդիր­նե­րու մա­սին։ Իսկ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դե­րին մա­սին Հա­յաս­տա­նի Հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուց լրագ­րող Վա­գօ Խա­խա­մեա­ն:

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի նաեւ «Վի­քի­փե­տիա» ա­զատ հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նին մէջ, ո­րուն հա­յե­րէն յօ­դուած­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցուին թէ՛ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով եւ թէ՛ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Վի­քի­փե­տիա բաժ­նի աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Վի­քի­փե­տիա­յի խմբա­գիր Ազ­նիւ Ստե­փա­նեան: Նշենք, որ այս աշ­խա­տան­քը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է շնոր­հիւ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բաժ­նին, որ թէ՛ կը գան­ձատ­րէ եւ թէ՛ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րով կը խթա­նէ Վի­քի­փե­տիա մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ամ­րագ­րու­մը: Իր կար­գին «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նարկն ալ սկսած է ա­րեւմ­ը-տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման ծրագ­րե­րու, ո­րոնք ուղ­ղուած են աշ­խար­հի տա­րած­քին գրա­կան հա­յե­րէ­նի տկա­րա­ցող այդ ճիւ­ղի պահ­պան­ման:

Հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ հա­կա­ռակ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ոչ հա­մա­տա­րած ըլ­լա­լուն, այ­նուա­մե­նայ­նիւ­վեր­ջին տա­րի­նե­րուն քայ­լե­րու ձեռ­նար­կուած են գո­նէ զայն հա­յա­գի­տա­կան բարձ­րա­գոյն կրթա­կան հա­մա­կարգ ներ­մու­ծե­լու ա­ռու­մով: Այս մա­սին Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­յոց լե­զուի պատ­մու­թեան ամ­պիո­նի դա­սա­խօս Ռու­բէն Սա­քա­պե­տո­յեան ներ­կա­յա­ցուց Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մը, որ մա­նա­ւանդ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աշ­խու­ժու­թիւն տա­րա­ծած է հա­յե­րէն ու­սում­նա­սի­րող ու­սա­նո­ղու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ պահ­պան­ման, տա­րած­ման ա­ռու­մով մեծ աշ­խա­տանք կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­յին գրա­դա­րա­նը, ո­րուն աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց եւ հա­մա­ժո­ղո­վին դրած հար­ցե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշ­տեց թուան­շա­յին գրա­դա­րա­նի գի­տա­կան ղե­կա­վար Մե­րու­ժան Կա­րա­պե­տեա­ն: Հիմ­նուե­լով 1990-ա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն, «Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­յին գրա­դա­րա­ն» ծրագ­րով Հա­յաս­տա­նի մէջ սկիզբ դրուե­ցաւ հա­յա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու նո­րա­գոյն տե­ղե­կա­տուա­կան ու հա­մա­կարգ­չա­յին մի­ջոց­նե­րով օգ­նե­լու, նպաս­տե­լու այդ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ո­րա­կա­կան նոր աս­տի­ճա­նի բարձ­րաց­նե­լու, նո­րա­գոյն կա­պի մի­ջոց­նե­րու շնոր­հիւ հայ մշա­կոյ­թը ա­ւե­լի մատ­չե­լի դարձ­նե­լու: Թուան­շա­­յին գրա­դա­րա­նը մեծ աշ­խա­տանք կա­տա­րած է՝ մա­նա­ւանդ դա­սա­կան գրա­ւոր մա­տե­նագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման, զար­գաց­ման եւ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն թուայ­նա­ցուած տար­բե­րա­կով փո­խանց­ման ա­ռու­մով:

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման ա­ռու­մով, հա­մա­ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցուց ՀԲԸՄ-ի թուայ­նա­ցեալ հա­մալ­սա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Զե­փիւռ Ղպլի­կեան-Թա­մէ­րեա­ն: ՀԲԸՄ-ի թուայ­նա­ցեալ հա­մալ­սա­րա­նը ա­րեւմ­տա­հայ ժա­ռան­գու­թեան պահ­ման­ման գծով մեծ աշ­խա­տանք կը տա­նի կազ­մե­լով եւ թո­ղար­կե­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի առ­ցանց գիր­քեր, դա­սա­գիր­քեր, իսկ վեր­ջերս ալ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, որ ՀԲԸՄ Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի հիմ­նէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ա­կա­դե­միա մը:

Հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին կազ­մուե­ցաւ բա­նա­ձեւ մը՝ ար­ծար­ծուած հար­ցե­րու եւ հնչած ա­ռա­ջարկ­նե­րու հի­ման վրայ: Սոյն բա­նա­ձե­ւով կ­­՚ա­ռա­ջար­կուի.

- Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը նե­րա­ռել Հա­յաս­տա­նի հան­րակր­թա­կան ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ծրագ­րե­րուն մէջ։

- Բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս խրա­խու­սել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­դու­նու­մը:

- Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­մը դիւ­րաց­նե­լու նպա­տա­կով զարկ տալ առ­ցանց գոր­ծիք­նե­րու ստեղծ­ման, նե­րա­ռեալ՝ առ­ցանց սրբագ­րի­չը:

- Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման, գոր­ծած­ման եւ տա­րած­ման նպաս­տող հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը դարձ­նել պար­բե­րա­կան:

Բա­նա­ձե­ւին մէջ, որ­պէս հա­մա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ՝ «Հա­լէ­պ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը յայտ­նած է իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հա­յաս­տա­նեան հա­մա­պա­տաս­խան պե­տա­կան եւ մաս­նա­ւոր կա­ռոյց­նե­րու հետ ի նպաստ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման եւ գոր­ծած­ման:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016