Հայաստանի Մէջ Սուրիահայ ԿանաՆՑ աշխատանք
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական Կլոր սեղան հիմնադրամի ծրագիրներէն անմասն չեն մնացած նաեւ սուրիահայերը: Ինչպէս «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է հիմնադրամի ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Պաղտասարեան, իրականացուած է «Հայաստանի մէջ փախստական սուրիահայերու կենսապայմաններու բարելաւում» ծրագիրը, որուն նպատակն է նպաստել Սուրիայէն փախստական ամենակարիքաւոր ընտանիքներու տնտեսական ու ընկերային պայմաններու բարելաւումին եւ համարկումին Հայաստանի մէջ:
2015 թուականի Մայիսի 1-էն մինչեւ 2016 թուականի Օգոստոսի 31-ը տեւած ծրագրի ընթացքին 50 սուրիացի փախստականներու հնարաւորութիւն ընձեռած է սորվելու վարսայարդարում, գեղայարդարում եւ մատնայարդարում, խոհարարութիւն եւ սեղանի ձեւաւորում, ինչպէս նաեւ՝ հագուստի ձեւաւորում: «Մեր նպատակն էր որոշակի հմտութիւններ սորվեցնել յատկապէս կիներուն` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ մէջ ընդունուած չէ, որ կիները աշխատին: Այսպէս որոշ չափով կ՚ապահովեն իրենց օրապահիկը»,- ըսած է Կարինէ Պաղտասարեան` աւելցնելով, որ «Մայքրոսոֆթ»ի հայաստանեան գրասենեակի աջակցութեամբ 21 սուրիահայ երիտասարդ ալ հնարաւորութիւն ստացաւ ուսանելու մասնագիտական ծրագրաւորում: Անոնցմէ 12-ը արդէն հիմնական աշխատանք ունի:
Կարինէ Պաղտասարեան առանձնացուց յատկապէս սնունդի բաշխման նախաձեռնութիւնը, որ Կլոր սեղանի միջազգային գործընկերներու կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս նորարական մօտեցում մարդասիրական օգնութեան ոլորտին մէջ: Այդ մասին նոյնիսկ ֆիլմ նկարահանուած է: «Մենք որոշեցինք սուրիահայերուն սնունդը բաշխել նորարարական, աւելի ճիշդ, արժանապատիւ ձեւով: Պարէնային ցանցերու հետ համագործակցելով մենք անոնց տրամադրեցինք քարտեր, որոնցմով մարդիկ հնարաւորութիւն ստացան իրենք ընտրելու անհրաժեշտ սննդամթերքը, ի հարկէ բացառութեամբ ալքոլի եւ ծխախոտի», աւելցուցած է Կարինէ Պաղտասարեան: