Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆԷ ԱՆՑԵԱԼ ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԽՈՅՍ ՏՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ
Յունաստանի դատական իշխանութիւնները որոշեցին Թուրքիա արտայանձնել երեք զինուորականներ, որոնք 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ խոյս տուած էին այդ երկիրը։ Հարկ է նշել, որ այս զինուորներու պարագային նախ տրուած էր չվերադարձնելու որոշում, սակայն Վճռաբեկ դատաւորներու խորհուրդը բեկանեց այդ որոշումը եւ այսպէսով որոշուեցաւ զինուորականներուն արտայանձնումը։ Յունաստանի Աւագ դատախազ Անտոնիս Լոկիոս նախապէս արձակուած դատավճռին առարկեց՝ պետութեան եւ հանրութեան շահերու չանտեսման հիմնաւորումով։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016