ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՊԱՏԳԱՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ շնորհաւորեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակին ձօնուած գործունէութիւններու շարքը եզրափակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս փուլին գործադրուեցաւ բազմակողմանի ծրագիր մը եւ այդ ամբողջին մէջ պաշտօնական ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ անցեալ Կիրակի երեկոյեան, «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի «Տիգրան Մեծ» սրահի երդիքին տակ։ Այս երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Սերժ Սարգսեան, որու առընթեր պետական աւագանիէն բազմաթիւ յառաջատար դէմքեր մասնակցեցան երեկոյթին։ Ելոյթներով հանդէս եկան Սերժ Սարգսեան եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։ Սերժ Սարգսեանի խօսքը խորքին մէջ գնահատանքի պատգամ մըն էր ՀԲԸՄ-ի այս յոբելեանին կապակցութեամբ։ Ան շնորհաւորեց ՀԲԸՄ-ի անդամները եւ երեկոյթի բոլոր մասնակիցները։ Նախագահը ըսաւ.
«Գործունէութիւնը սկսելով նախորդ դարու սկիզբին՝ ՀԲԸՄ իր 150 տեղական կազմակերպութիւններով 110 տարի կատարեց եւ վստահ եմ՝ պիտի շարունակէ կատարել անփոխարինելի գործունէութիւն։ Եթէ ես հիմա սկսիմ թուարկել այն բոլոր ծրագրերը, իրականացուած գործունէութիւնը, ապա գրեթէ ոչինչ ըսած կ՚ըլլամ։ Անփոխարինելի բառը, կը կարծեմ, շատ ճիշդ բնութագիրն է այն գործունէութեան, զոր խումբ մը մարդիկ կարողացան իրականացնել ճիշդ ժամանակին, գտնել այն ճիշդ ճանապարհը, որով մեծ նպաստ բերին ինչպէս հայապահպանութեան, այնպէս ալ անկախ Հայաստանին, ընդհանրապէս, հայ ժողովուրդի լինելութեան։
«Ի՞նչ է ՀԲԸՄ-ի ու մնացեալ բոլոր կառոյցներու տարբերութիւնը. իմ կարծիքով, առաջին հերթին այս մարդիկ՝ ըլլան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, թէ պարզապէս անդամներ՝ բարեգործներ, երբեք որեւէ ակնկալութիւն չեն ունեցած ու շարժած են, յառաջ գացած են բարեգործութեան շատ պարզ կանոններով՝ երբեք չեն ակնկալած, որ ոեւէ մէկը պէտք է իրենց երախտագիտութիւն յայտնէ բարեգործութեան համար եւ երբեք միտք չեն ունեցած իրենց բարեգործութեամբ յագուրդ տալու անձնական ինչ-ինչ նկրտումներու։ Անոնք երբեք որեւէ խնդիր, որեւէ առիթ չեն փնտռած սահմանափակելու մեզի համար կենսական անհրաժեշտութիւն ունեցող իրենց գործունէութիւնը։ Երբեք որեւէ խնդիր չեն ունեցած որեւէ իշխանութեան հետ։ Սա չափազանց կարեւոր հանգամանք է»։
Աւելի վերջ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ ՀԲԸՄ անշահախնդիր բարեգործ մըն է եւ այդ իսկ մօտեցումով կ՚իրականացնէ Հայաստանի եւ հայութեան զարգացման ծրագրերը։ Նախագահը ՀԲԸՄ-ին համար մաղթեց՝ նուիրատուներու առատութիւն եւ առատաձեռնութիւն, անդամներու ստուարութիւն։ Սերժ Սարգսեան նաեւ փափաք յայտնեց, որ ՀԲԸՄ յաւերժ պահանջուած ըլլայ ու մշտապէս կարենայ կատարել իր առաքելութիւնը։ Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ-էն եղած ակնկալութիւններուն մասին։ Այսպէս, իր փափաքն է, որ ՀԲԸՄ դառնայ շատ աւելի Հայաստանակեդրոն։ Այսպէսով պիտի շահին թէ՛ ՀԲԸՄ-ը եւ թէ անոր բոլոր շահառուները։ Սարգսեան փափաք յայտնեց, որպէսզի ՀԲԸՄ իր միջոցներու հիմնական մէկ մասը պահէ Հայաստանի մէջ, որ կայուն ելմտական համակարգ մը ունի։ Այսպէսով կարելի է աւելի շատ շահ ստանալ եւ աւելցնել բարեգործութեան ծաւալները։ «Կը փափաքիմ, որպէսզի բոլորիս ձգտումները ըլլան համահունչ։ Կը ցանկամ, որ աշխատանքէ ազատ ժամերուն մենք վիճինք զարգացման ճանապարհներու մասին։ Կը փափաքիմ, որպէսզի բոլորս համարենք, որ անկախ անկէ՝ թէ մենք նախագահ ենք, կամ այլ պաշտօնեայ, գործարար կամ նուիրատու, բոլորս համարենք, որ սա մեր ծառայութիւնն է, մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնն է մեր ժողովուրդին նկատմամբ, որ ծնած է մեզ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան ու մաղթեց, որ ՀԲԸՄ օր մը մեծ շուքով տօնէ իր 200-ամեակը եւ հետագայ յոբելեանները։