Երեքշաբթի 19, Նոյեմբեր 2024
ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Ճանսըն կանգ առին կիպրական հիմնախնդրին եւ Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Երկու պատուիրակութիւններու հանդիպումէն վերջ անգլիական կողմը հաղորդեց, որ Անգարայի եւ Լոնտոնի միջեւ կը շարունակուի ամուր բարեկամութիւնը։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016