ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Մոս­կուա­յի մէջ։ Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քին վրայ ներ­կա­յիս շփում­նե­րը թափ ստա­ցած են եւ այս մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան նաեւ բարձր մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւն­ներ։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի Թուր­քիա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դող օ­րե­րուն Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ մեկ­նե­ցաւ Ռու­սաս­տան։ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ վար­չա­պե­տը հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Եր­կու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ փո­խա­նա­կուե­ցան ջերմ պատ­գամ­ներ։ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ տե­սակ­ցեցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Ա­ւե­լի ուշ, Քրեմ­լի­նի պա­լա­տին մէջ ան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Ա­ւե­լի քան ժամ մը տե­ւեց այս զրոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին ռուս ղե­կա­վա­րը մաս­նա­ւոր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին հա­մար՝ «Թրքա­կան հոսք» կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցու­ցած ըլ­լա­լուն հա­մար։ Եր­կու վար­չա­պետ­նե­րու ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն վերջ ալ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայտ­նեց, որ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կրնան ա՛լ ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի մը բարձ­րա­նալ։

Մոս­կուա­յի ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Աք­քու­յուի հիւ­լէա­կա­յա­նի կա­ռուց­ման ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի խօս­քե­րով Մոս­կուա կ՚ակն­կա­լէ՝ որ­պէս­զի թրքա­կան կող­մը հռչա­կէ այս ծրագ­րին ռազ­մա­կան բնոյ­թը։ Ար­դա­րեւ, աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին, որ­պէս­զի հիւ­լէա­կա­յա­նը պատ­րաստ ըլ­լայ 2023 թուա­կա­նին՝ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեայ յո­բե­լեա­նի շրջա­նին։ Ըստ Մետ­վե­տե­ւի, այս­պէ­սով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ եր­րորդ ներդ­րող­ներ ալ ներգ­րա­ւել այս ծրագ­րին հա­մար։

Իր կար­գին, Փու­թինն ալ շեշ­տեց, որ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ սկսած է խտա­ցեալ աշ­խա­տան­քի շրջան մը։ Բա­ցի ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն, կող­մե­րը կեդ­րո­նա­ցած են բազ­մա­թիւ հա­սա­րա­կաց ծրագ­րե­րու վրայ։ Յա­ռա­ջի­կայ տարուան ա­ռա­ջին կէ­սին նա­խա­տե­սուած է Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան Բարձր մա­կար­դա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի նիս­տը։ Սա պի­տի ըլ­լայ գա­գա­թա­ժո­ղով մը եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Փու­թին ե­րէկ յայտ­նեց, որ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի այցն ալ կը հա­մա­րուի այդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փու­լե­րէն մին։

Եըլ­տը­րը­մի եւ Մետ­վե­տե­ւի ե­րէ­կուան հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ ընդգ­ծե­լու հա­մար, որ կող­մե­րը ու­նին թէ՛ նե­րուժ եւ թէ կամք երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու հա­մար։ Մետ­վե­տեւ յայտ­նեց, որ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փու­լի մէջ կը գտնուին շարք մը կա­րե­ւոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք վերջ­նա­կա­նօ­րէն պի­տի ստո­րագ­րուին յա­ռա­ջի­կայ տա­րի եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն կող­մէ։

Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայտ­նեց, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս կող­մե­րուն մի­ջեւ հաս­տա­տուած է լիար­ժէք ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը։ Ըստ ի­րեն, թրքա­կան կող­մը կ՚ակն­կա­լէ Աք­քու­յուի ծրագ­րին ա­րա­գա­ցուի­լը։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016