ՈՒ՞Ր Կ՚ԵՐԹԱՍ, ՀԱ՛Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ…

Քա­նի մը բա­րե­կամ­նե­րով, սրճա­րա­նը (coffee shop) նստած կը զրու­ցէինք սփիւռ-­­քա­հա­յու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգնե­րու մա­սին։ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, օ­րի­նակ՝

Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ու­սա­նող­նե­րը՝ դպրո­ցին մէջ ան­գամ հա­յե­րէն չեն խօ­սիր։

Մեզի յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րը՝ հա­յե­րէն թերթ պի­տի կար­դա՞ն ար­դեօք։

Որ­քա­նո՞վ հայ պի­տի մնան՝ օ­տար ա­մուս­նու­թիւն կնքող­նե­րը։

Կար­ծես ա­ռա­ջին եր­կու հար­ցե­րուն նկատ­մամբ մենք գրե­թէ հաշ­տուած ըլ­լալ կը թուէինք՝ ուս­տի մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ օ­տար ա­մուս­նու­թիւն կնքող­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րին վրայ։

Օ­տար ա­մուս­նու­թիւն կնքող­նե­րու ան­մի­ջա­կան պա­րա­գա­նե­րը յա­ճախ կ՚ար­­դա­րաց­նեն զա­նոնք ը­սե­լով թէ,

«Հար­սեր­նիս օ­տար է, սա­կայն շատ լաւ հա­յե­րէն կը խօ­սի»:

«Մեր փե­սան օ­տար է, սա­կայն շատ լաւ հայր է իր զա­ւակ­նե­րուն»:

«Մեր հար­սը օ­տար է, սա­կայն ա­մէն Կի­րա­կի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի կը յա­ճա­խէ։»

«Փե­սա­նիս օ­տար է, սա­կայն տա­սը հատ հա­յու հետ չեմ փո­խեր զինք։»

Այս պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րը ու­րիշ բան չեն՝ ե­թէ ոչ «նրբա­ցու­ցիչ դէպք յան­ցա­նաց» միայն։ Այ­սինքն, այ­րած սրտի ան­յա­ջող մխի­թա­րանք…

Ինչ որ է, անց­նինք մեր բուն նիւ­թին։ Ու­րեմն մեր խօ­սա­կից­նե­րէն մէ­կը մեզ տե­ղեակ պա­հեց, որ Պէյ­րու­թի հայ­կա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նէ շրջա­նա­ւարտ ե­րի­տա­սարդ մը կ՚ա­մուս­նա­նայ հայ աղջ­կան մը հետ եւ կը կազ­մէ ըն­տա­նե­կան եր­ջա­նիկ բոյն մը ու ա­նոնք կը բախ­տա­ւո­րուին քա­նի մը զա­ւակ­նե­րով։

Գոր­ծի աս­պա­րէ­զը զինք կը նե­տէ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րէն մէկուն մէջ, ուր կը հան­դի­պի օ­տար աղջ­կան մը։ Աղջ­կան հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւ­նը զար­գա­նա­լով, կ՚ո­րո­շէ ա­մու­ս­նա­նալ հե­տը։ Սա­կայն իր ա­ռա­ջին ա­մուս­նու­թիւ­նը խո­չըն­դոտ հան­դի­սա­նա­լով՝ կը փա­փա­քի ա­մուս­նա­լու­ծուիլ իր հայ կնոջ­մէն։

Երբ հայ կի­նը ար­գելք հան­դի­սա­նա­լով ա­մու­սա­լու­ծում չի շնոր­հեր, ան կը դի­մէ ծայ­րա­յեղ մի­ջո­ցի մը։ Քա­նի որ ան կ՚ապ­րէր իս­լա­մա­կան եր­կի­րի մը մէջ, ուր օ­րէն­քով կրնայ մէ­կը մին­չեւ չորս կին ու­նե­նալ՝ իս­լամ կը դառ­նայ եւ կ՚ա­մուս­նա­նայ իր սի­րած հո­մա­նուհիին հետ… Հի­մա ան՝ յաչս օ­րէն­քի, պաշ­տօ­նա­պէս եր­կու կին ու­նի։

Թէեւ ա­նի­րաւ է մեր հայ ե­րի­տա­սար­դը եւ իր ա­րար­քը խո­տոր, սա­կայն ես ա­կա­մայ ճար­պիկ եւ պա­տե­հա­պաշտ պի­տի ո­րա­կեմ զինք՝ որ կրցաւ երկ­րին օրէն­քը գոր­ծադ­րել՝ ի նպաստ ի­րեն։ Ան հե­տե­ւե­ցաւ «նպա­տա­կը կ՚ար­դա­րաց­նէ մի­ջո­ցը» (the end justifies the means) լո­զուն­գին, ոտ­նա­կո­խե­լով բա­րո­յա­կան ա­մէն սկզբունք եւ խախ­տե­լով հայ­կա­կան դաս­տիա­րակ­չու­թեան ու ազ­գա­յին պատ­­կա­նե­լիու­թեան բո­լոր հի­մե­րը։

Իր այս գռե­հիկ ա­րար­քով, ան դա­ւա­ճա­նած ե­ղաւ նախ իր ազ­գին՝ օ­տա­րի հետ ա­մուս­նա­նա­լով, եւ ա­պա իր կրօն­քին՝ դա­ւա­նա­փոխ ըլ­լա­լով։ Ո՞ւր մնա­ցին հայ մայ­րե­րու զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տա­րագ­րու­թեան ժա­մա­նակ ինք­զինք­նին Եփ­րատ գե­տը նե­տե­ցին՝ որ­պէս­զի կրօ­նա­փոխ չըլ­լան։ Իսկ մեր «հե­րոս»ը՝ կա­մա­յա­կա­նօ­րէն կ՚ըն­դու­նի իս­լա­մու­թիւ­նը, որ­քա՜ն փո­խուած են ժա­մա­նակ­նե­րը:

Բա­րե­կամ­նե՛ր, ճեր­մակ ջար­դը կը սպառ­նայ բո­լո­րիս՝ աշ­խար­հի ո՛ր ան­կիւ­նը որ ապ­րինք։ Հա­յուն հա­մար միակ ա­պա­հով ա­պաս­տա­նը իր հայ­րե­նիքն է եւ պէտք է մենք ա­մէն գնով ան­սա­սան պա­հենք զայն եւ աշ­խա­տինք, որ ան դառ­նայ բար­գա­ւաճ եւ բա­րե­բեր եր­կիր մը, որ կա­րե­նայ ներգ­րա­ւել բո­լոր հա­յե­րը։

Վստահ եմ նմա­նօ­րի­նակ սրտաճմ­լիկ ե­րե­ւոյթ­ներ կան ա­մէ­նու­րեք եւ դժբախ­տա­բար ա­նոնց թի­ւե­րը կ՚ա­ճին ու կը բազ­մա­նան, յու­զում պատ­ճա­ռե­լով իւ­րա­քան­չիւր մտա­հոգ հա­յուն՝ հայ­րե­նի­քի մէջ, թէ ար­տա­սահ­մա­նի օ­տար ա­փե­րուն վրայ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

«Զար­թօնք», Լի­բա­նան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016