Վա՛րձքդ Կատար, Քոմանտանթէ
2000 թուականի Օգոստոսին Թորոնթոյի Եորք համալսարանն էի յատուկ ծրագրով մը, որ մէկտեղած էր Լատինական Ամերիկայի երկիրներէն ընտրուած 25 գիտաշխատողներ եւ ակադեմականներ՝ միասնաբար քննարկելու համար տարածաշրջանի հիմնախնդիրները երրորդ հազարամեակին: Խումբին մաս կը կազմէր Քուպայէն գործընկեր մը՝ Սանթիակօ անունով, որ ուշագրաւ էր իր ուրախ տրամադրութեամբ եւ կատակաբանութեամբ: Դժուար տասնամեակ մըն էր Քարայիպեան կղզիին համար: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Միացեալ Նահանգներու հաստատած շրջափակման ազդեցութիւնը կը զգացուէր սուր կերպով: Քուպայի տնտեսութիւնը կախեալ էր խորհրդային տնտեսութենէն եւ, մասնաւորաբար, քարիւղէն: Ոչ միայն անցնող տասնամեակներուն Մոսկուայի կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնը դադրած էր, այլ առեւտուրը ենթակայ էր ազատ շուկայական հաշուարկներուն, որոնք վերածուած էին ռուս օլիկարխներու նորագոյն տոկմային: Քուպայի ժողովուրդը ընկերատնտեսական ճգնաժամ կ՚ապրէր, կը թուէր, որ վարչակարգը պիտի տապալէր, եւ անոր հետ պիտի տապալէին 1959-ի յեղափոխութեան բոլոր ձեռքբերումները: Բայց Ֆիտել Քասթրօ տեղի չէր տար, յամառօրէն կը դիմադրէր Ուաշինկթընի սպառնալիքներուն, ճնշումներուն եւ մինչեւ իսկ՝ իր կեանքին դէմ սադրանքներուն, որոնք, ինչպէս հիմա ծանօթ են, 600-էն աւելի կը հաշուեն: Այս մասին էր, որ կը զրուցէինք գիշեր մը, ընկերական հաւաքի մը ընթացքին, երբ Պրազիլէն այլ գործընկեր մը՝ Սան Փաուլոյի մեծահարուստ ընտանիքներէն մէկուն զաւակը, չեմ յիշեր խօսակցութեան մէջ արտայայտուած ինչ մտքի հետեւումով՝ ըսաւ. «Բայց ի վերջոյ Ֆիտել օր մը պիտի մեռնի»: Լուրջ բանավէճ էր եւ Սանթիակօ ամենալուրջ դէմքը ցոյց տալով անոր պատասխանեց. «Վստա՞հ ես…»: Պահ մը լռութիւն տիրեց, ոչ ոք կ՚ըմբռնէր ըսածը, երբ, շատ արագ, դէմքին վրայ գծուեցաւ ժպիտ մը, որուն հետեւեցաւ մեր խնդուքը՝ Սանթիակոյի մէկ նոր կատակին:
Տասնվեց տարիներ անցած են այս պատմութենէն ի վեր: Ուրբաթ, 25 Նոյեմբերին, 90 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց 20-րդ դարու թերեւս վերջին հսկան: Ո՞ր հանրային դէմքին մահը տակաւին կրնայ համաշխարհային նման անդրադարձ յառաջացնել: Չես գիտեր՝ յանուն ի՛նչ առարկայականութեան ըսել, թէ ունէր նոյնքան հիացողներ, որքան՝ ատողներ, այն հիմունքով, որ ոմանց համար ան իր գաղափարներուն նուիրուած յեղափոխական ղեկավարն էր, մինչ ուրիշներ զայն հասարակ բռնատէր մը կը նկատէին, որ պարզապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Ո՛չ Մայամիի փողոցներուն մէջ, այսպէս կոչուած, «քուպական աքսորեալներ»ու ուրախութեան ցոյ-ցերը, ո՛չ Տանըլտ Թրամփի «Ֆիտել Քասթրոն մեռաւ!» թուիթը, ո՛չ ալ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Մարիօ Վարկաս Եոսայի անարդար յայտարարութիւնը, թէ «Պատմութիւնը զինք պիտի չյիշէ», այնքան բարացուցական լիպերալիզմի կոյր պաշտպանի վերածուած նախկին ձախակողմեաններու վարքագծին, կրնան համոզել, որ զինք ատող բուռ մը մարդիկ նոյնքան են, որքան՝ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ անոր յիշատակին առաջ գլուխ խոնարհողներն ու յարգանքի տուրք մատուցող արտայայտութիւնները: Անոնց կարգին պէ՛տք է յատկապէս նշել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին կեցուածքն ու իր ցաւակցական կուռ խօսքերը ուղղուած Ֆիտելին եղբօր՝ Ռաուլ Քասթրոյին:
Պայման չէ հարիւր տոկոսով համաձայն ըլլալ Քասթրոյի գաղափարախօսութեան, ոչ ալ ժխտել, որ Քուպա, այո՛, միակուսակցական համակարգ մըն էր, որ անյարիր է ժողովրդավարութեան: Քուպայի մէջ կար, կա՛յ մարդկային իրաւունքներու սահմանափակման լուրջ խնդիր, որ հրապարակային կերպով քննադատուեցաւ նոյնիսկ Քասթրոյի ամենաջերմ պաշտպաններէն, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր փորթուգալցի Ժոզէ Սարամանկոյի կողմէ:
Բայց ո՞վ կրնայ ժխտել, որ 1959-ի յեղափոխութիւնը Քուպային եւ քուպացիներուն վերադարձուց իրենց արժանապատուութիւնը, օրինակ եղաւ օտար լուծի եւ բռնատիրութիւններու տակ հիւծող բազմաթիւ ժողովուրդներու, յատկապէս՝ Երրորդ աշխարհի մէջ, եւ իշխանութեան վրայ գտնուած իր 46 տարիներուն ընթացքին Ֆիտել Քասթրօ ոչ մէկ առիթ փախցուց միջազգային բեմերէն զարգացած պետութիւնները, այսպէս կոչուած՝ «հզօրները» դնելու իրենց պատասխանատուութեան դէմ յանդիման՝ հանդէպ փոքր ազգերու եւ ժողովուրդներու, որոնք կեղեքած են բազմաթիւ պատմութեան ընթացքին, յատկապէս՝ դրամատիրութեան զարգացման ու տարածման ժամանակ:
«Յաճախ կը խօսուի մարդկային իրաւանց մասին, սակայն պէտք է խօսիլ նաեւ մարդկութեա՛ն իրաւունքներուն մասին», ըսաւ ան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէկ ընդհանուր ժողովին: «Ինչո՞ւ կարգ մը ժողովուրդներ ոտաբոպիկ պէտք է մնան, որպէսզի ուրիշներ պերճ մեքենաներու մէջ ման գան: Ինչո՞ւ ոմանք պէտք է ապրին 35 տարի, որպէսզի ուրիշներ ապրին 70: Ինչո՞ւ ոմանք պէտք է թշուառ աղքատութեան մէջ մնան, որպէսզի ուրիշներ չափազանց հարուստ ըլլան: Կը խօսիմ յանուն այն երախաներուն, որոնք ուտելու հաց չունին: Կը խօսիմ յանուն այն հիւանդներուն, որոնք դեղ չունին: Կը խօսիմ յանուն անոնց, որոնց կեանքի եւ մարդկային արժանապատուութեան իրաւունքը մերժուած է: Կարգ մը երկիրներ ունին անհատնում միջոցներ, ուրիշներ ոչինչ ունին: Ի՞նչ է անոնց ճակատագիրը: Սոված մեռնի՞լ: Յաւերժօրէն աղքա՞տ մնալ: Ինչի՞ կը ծառայէ ուրեմն քաղաքակրթութիւնը, ինչո՞ւ համար է մարդուն խիղճը, ինչի՞ է պիտանի ՄԱԿ-ը, ինչո՞ւ համար է աշխարհը…», Այս խօսքերը արտասանողը առաջնորդն էր յեղափոխութեան մը, որ ոչ միայն երկիրն ու ժողովուրդը ազատագրեց դաժան բռնատէրէ մը, այլ նաեւ՝ «Քարայիպեաններու քապարէ»ի պիտակէն: Քուպան յեղափոխութեան յաջորդած երեք տասնամեակներուն ընկերային հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն արձանագրեց վերածուելու համար բժշկութեան եւ հանրային առողջապահութեան ամենազարգացած երկիրներէն մէկը, ուր այս մարդասիրական ծառայութիւնները կը տրամադրուէին բոլորովին ձրի: Նոյնիսկ՝ օտարներուն:
Եթէ Ֆիտելը ըլլար «իրապաշտ», կեդրոնանար բացառապէս իր երկրին վրայ, թերեւս կրնար կանուխէն համաձայնութեան հասնիլ Ուաշինկթընի հետ եւ խուսափիլ 90-ականներու շրջափակումէն: Բայց իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ան խօսքով եւ գործով յանձնառու մնաց իր իտէալներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ ան հերոս մըն է, մանաւանդ՝ ափրիկեցիներուն համար, ահա թէ ինչո՛ւ բանտէն ազատ արձակուելէն անմիջապէս ետք Նելսոն Մանտելա Քուպա այցելեց՝ ողջագուրուելու համար իր պայքարին զօրավիգ կանգնած Քասթրոյին հետ:
Քասթրոն փոքր Քուպան վերածեց հսկայի մը, որ բացայայտեց «մեծ»երուն փոքրութիւնը: Յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք ան Միացեալ Նահանգներ այցելեց եւ հրապարակայնօրէն ըսաւ, որ ինք համայնավար չէր, ինչպէս զինք կը մեղադրէին անարդարօրէն, եւ լաւագոյն յարաբերութիւններ կ՚ուզէր մշակել հարեւանին հետ: Բայց Այզընհաուըր չընդունեց զինք: Քենետիի օրով ամերիկեան գաղտնի գործակալութիւնը փորձեց զայն տապալել: Այդ դէպքէն ետք արդէն Քասթրոյին համար Խորհրդային Միութեան դիմելը անխուսափելի էր:
«Պիտի չմահանամ Միացեալ Նահանգներու խորտակումէն առաջ», կը յոխորտար, չես գիտեր հաւատալո՞վ, թէ՞ կատակով: Այդ մէկը չպատահեցաւ անշուշտ: Բայց տասը նախագահներ եկան ու անցան Սպիտակ տունէն, մինչ ինք կը դիմադրէր անոնց առաւել թէ նուազ չափով արտայայտուող թշնամանքին: Միայն վերջինը, եւ պատահակա՞ն է, որ սեւամորթ մը ըլլար…, գիտակցեցաւ կացութեան անհեթեթութեան եւ Ֆրանսիսքոս Պապին միջնորդութեամբ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ: Քասթրօ Միացեալ Նահանգները կործանելու փորձ չըրաւ, բայց ընկերային ցանցերուն մէջ շրջագայող կատակ մը կը յիշեցնէ Քասթրոյի այդ յայտարարութիւնը եւ վարը ցոյց կու տայ զայն՝ իր մահուան անկողնին մէջ, մինչ վերը ծիծաղող Տանըլտ Թրամփին նկարն է… Այս վերջինը արդէն կը սպառնայ երկկողմանի համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկել, եթէ Քուպա չխոստանայ յարգել մարդկային իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնը: Հոգ չէ, որ Թրամփ կը պատրաստուի երկրէն վտարել բոլոր գաղթականներն ու արգիլել իսլամներուն մուտքը Միացեալ Նահանգներ…
2006 թուականին Քասթրօ հիւանդութեան պատճառով հեռացաւ իշխանութենէն՝ երկրին ղեկը ձգելով եղբօրը՝ Ռաուլին, որուն առաջնորդութեամբ ալ սկսաւ Քուպայի տնտեսութեան բարեկարգումը դէպի աստիճանական ազատականացում, որ, պարզ է, աւելի քան անհրաժեշտ է երկիրը դուրս բերելու համար ճգնաժամէն: Քուպացիներուն մեծամասնութեան համար յըս-տակ է սակայն, որ յեղափոխութեան ընկերային արդարութիւնն ու զարգացման նպաստած բոլոր իրագործումները պէտք է պահպանուին, որովհետեւ անոնք են կենդանի փաստը իրենց արժանապատուութեան վերահաստատման: Այդ մէկը Ֆիտելին ձգած անգին ժառանգն է եւ՝ ներկայ ղեկավարութեան ամենամեծ մարտահրաւէրը: Պիտի յաջողի՞ շրջանցել «շոքային» անցումներու ամէն փորձութիւն, որ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ, ներառեալ անշուշտ՝ Հայաստանի, թշուառութեան դուռ բացաւ, հարստութիւնը կեդրոնացուց չնչին հատուածի մը ձեռքերուն մէջ, մինչ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ինկաւ կառուցային աղքատութեան մէջ, կորսնցուց իր ունեցուածքն ու արժանապատուութիւնը եւ լքեց երկիրը՝ վերածուելու համար համաշխարհային նոր պրոլետար դասակարգի մը…
Հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ Քասթրօ մօտէն կը հետեւէր միջազգային իրադարձութիւններուն, կը գրէր եւ կապի մէջ էր 21-րդ դարու առաջին տասնամեակին Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող ձախ-ժողովրդային ուժերու ղեկավարներուն հետ, որոնք յաճախ կը դիմէին իրեն՝ խորհուրդ հայցելով: 2008-ի Յուլիսին Միացեալ Նահանգներ որոշեց 1947-էն ի վեր կասեցուցած Չորրորդ նաւատորմը կրկին գործի դնել հարաւային Ատլանտեանի ջուրերուն մէջ: «Մեր նպատակը յատկապէս մարդասիրական է», բացատրեց օրին երկրի զինեալ ուժերու Հարաւային հրամանատարութեան ղեկավար Ճէյմս Սթաւրիտիս, որուն համաձայն, ամերիկեան ռազմանաւերը պատրաստ պիտի ըլլային բնական աղէտներու ժամանակ շտապ օգնութեան հասնելու տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն: Ոչ ոք անշուշտ Հարաւային Ամերիկայի մէջ նման խնդրանքով դիմած էր Սպիտակ տան մէջ այն ժամանակուան բնակիչ Ճորճ Պուշի եւ անոր կառավարութեան: Որոշումը դժուար թէ թաքցնէր միջազգային շուկայի վրայ կրկին արժեւորուած հանքային, ջրային թէ երկրագործական բնապաշարներու հանդէպ շահագրգռութիւնը, մանաւանդ որ Պրազիլի ատլանտեան ափերուն յայտնաբերուած էին ընդյատակեայ քարիւղի հանքեր: Նաւատորմի աշխատանքի անցնելու օրը արժանթինեան մէկ օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը, որուն հեղինակ լրագրողուհին ի միջի այլոց նաեւ իմ վերլուծումս կը մէջբերէր: «Ուաշինկթընի այս որոշումը առընչակից է Հարաւային Ամերիկայի մէջ բնապաշարներու հարստութեան հանդէպ կրկին յայտնաբերուող միջազգային շահագրգռութեան», ըսած էի իր հարցումին պատասխանելով, եւ կարծիքս բառացի արձանագրուած էր յօդուածին մէջ: Հայաստան էի այն ժամանակ՝ որպէս Ամերիկեան համալսարանի հրաւիրեալ դասախօս, երբ արժանթինեան ռատիօկայան մը ուզեց հետս հարցազրոյց ընել միեւնոյն նիւթին մասին: Հարցազրոյցը սկսելէն առաջ զրուցակիցս յայտնեց, որ Մերքոսուրի հերթական հաւաքին Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւես իր խօսքին մէջ անուն մականուն նշելով՝ մէջբերած էր իմ արտայայտած կարծիքս իր ամբողջութեամբ… Անունս եւ մականունս սպաներէնով հասկնալն ու ըսելը ինքնին մարտահրաւէր մըն է, եւ ոչ ոք կը յաջողի ճիշդ ըսել առանց երկու եւ աւելի անգամներ փորձելու: Բայց Չաւես շատ յստակ եւ ճիշդ արտասանեց, ինչպէս կը լսուի իր խօսքի արձանագրութեան մէջ: Չաւես ծանօթ էր ոչ միայն որպէս մեծ ընթերցասէր, այլ լրջօրէն կ՚ուսումնասիրէր այն խնդիրները, որոնց մասին հրապարակային կերպով պիտի արտայայտուէր, մանաւանդ երբ անոնք կու գային ակադեմական աղբիւրներէ, որոնց հանդէպ մեծ յարգանք ունէր: Պատահարը անշուշտ բաւական խօսակցութեան նիւթ եղաւ, շատերը զարմացան, բազմաթիւ բարեկամներ ու ծանօթներ շնորհաւորեցին, եւ ոմանք ալ ցաւալի գտան, որ կարծիքներս համահունչ ըլլան Չաւեսի մտածումներուն… Լաւագոյն անակնկալը պատահածէն բաւական ժամանակ ետք պիտի իմանայի: «Քասթրոն էր, որ յօդուածս կարդալէն ետք Չաւեսին խորհուրդ տուած է ուշադրութիւն դարձնել վերլուծումներուն եւ արտայայտուած կարծիքներուն», ըսաւ նշեալ յօդուածին հեղինակը, որ Չաւեսը անձնապէս կը ճանչնար, Պուէնոս Այրէս վերադարձիս…
Ֆիտել Քասթրոյի մահուան լուրը կարդալէս ետք յիշողութեանս մէջ անջնջելի մնացած այս պատահածն էր, զոր յուզումով մտաբերեցի: Որպէս մէկը, որ թէեւ առիթը չէ ունեցած անձնապէս ճանչնալու Ֆիտել Քասթրոն, յօդուածի մը մէջ արտայայտուած եւ հազիւ քանի մը վայրկեան ընթերցումի առիթ տուող կարծիքներով պատիւը ունեցած է պահ մը արժանանալու 20-րդ դարու այդ հսկային՝ Քոմանտանթէի ուշադրութեան: Խիստ անձնական ապրում մը, որուն համար այնքան շնորհակալ եմ իրեն: Բայց աւելի շնորհակալ՝ իր մտածումով ու գործով, ամբողջ կեանք մը պայքարով աւելի արդար ու հաւասար աշխարհի մը տեսլականի կենդանի օրինակը, ամբողջ սերունդներու ներշնչումը եղած ըլլալուն համար:
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
29/11/2016 horizonweekly.ca