ԷԼ ՊԱՊԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԵՐԿՈՒ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­նե­լու ժա­մա­նակ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ տուին նոր կո­րուստ­ներ։ Էլ Պա­պի շրջա­նէն ներս նա­հա­տա­կուե­ցան եր­կու թուրք զի­նուոր­ներ, ինչ որ խոր ցաւ պատ­ճա­ռեց ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ Թրքա­կան զօր­քե­րուն վրայ ռում­բով բեռ­նա­ւո­րուած ինք­նա­շար­ժի մը մի­ջո­ցաւ գոր­ծուած յար­ձակ­ման մը զոհ գա­ցին ա­նոնք։ Նոյն դէպ­քին ըն­թաց­քին վեց զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Մինչ այդ, Էլ Պա­պի վրայ թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ազ­դու ռմբա­կո­ծում­ներ՝ ոչն­չաց­նե­լով Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) տաս­ներ­կու դիր­քեր։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ի­ՇԻՊ-ի շար­քե­րէն 23 ա­հա­բե­կիչ­ներ սպան­նուե­ցան այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016