ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքը եզրափակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Այդ ծրագրին արձագանգները տակաւին կը շարունակուին։ Մինչ այդ, յոբելեանը առիթ հանդիսացած է նաեւ ազդանշաններ տալու համար ՀԲԸՄ-ի որդեգրելիք յառաջիկայ ընթացքին եւ առաջնահերթութիւններուն։ Արդարեւ, Միութեան ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն տեղեկացուց, որ որդեգրած է ռազմավարական նոր ուղղութիւն մը։
Ինչպէս հաղորդած էինք, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն՝ Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր Երուանդ Զօրեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն՝ Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան եւ Հայաստանի մասնաճիւղի գործադիր տնօրէն Դալար Գազանճեան վերջին օրերուն սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հանդէս եկան ծաւալուն յայտարարութիւններով։
Ըստ Պերճ Սեդրակեանի, ՀԲԸՄ-ի կեանքէն ներս կարծես կ՚ակնկալուի, որ իւրաքանչիւր հինգ կամ տասն տարին անգամ մը պէտք է առիթ ստեղծել՝ վերարժեւորելու համար կատարուած աշխատանքը։ Արդարեւ, ներկայ աշխարհը շատ արագ կ՚ենթարկուի փոփոխութեան ու զուգահեռաբար կը փոխուին նաեւ պահանջները։ Այս պայմաններուն ներքեւ, եթէ կազմակերպութիւնները համապատասխան քայլերը չառնեն, ապա ժամանակի ընթացքին կը դադրի իրենց դերը։ «Անշուշտ վերջին տասն տարիներու ամենակարեւոր դէպքերն էին Իրաքի ու Սուրիոյ պատերազմները, որոնք բոլորովին խախտեցին Միջին Արեւելքի մեր գաղութներուն կեանքը։ Այս տագնապը, անշուշտ, սկսաւ 1970-ականներուն՝ Լիբանանի մէջ, յետոյ Իրան, Սուրիա, Իրաք։ Այս բոլորը կը համարուին մայր գաղութներ, որոնք Հայաստանէ դուրս ողնայարն էին մեր ազգապահպանութեան։ Անոնք լրջօրէն ցնցուեցան։ Մեր ժողովուրդը ցրուեցաւ, վերջին երեսուն տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ մնաց մեր ժողովուրդին գրեթէ միայն 20 տոկոսը։ Բարեբախտաբար, անկախ հայրենիքի, հայկական պետութեան գոյութիւնը կայ։ Հայաստան սրտբաց ընդունեց ոչ միայն սուրիահայերը, այլ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնի այն հայը, որ կը փափաքի։ Հայաստանի դռները բաց են։ Պէտք է ըսել, որ իշխանութիւնը եւ պետութիւնը իսկապէս, իր բոլոր ճիգը ի գործ դրաւ, որպէսզի ջերմօրէն ընդունի դուրսէն եկած հայը։ Նոյնը եւ՝ Հայաստանի ժողովուրդը։ Սա է անկախ պետութեան մը առաւելութիւնը։ Այսօր հայ ժողովուրդը աշխարհի վրայ ունի տէր ու տիրական», ըսաւ Պերճ Սեդրակեան։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան ան ընդգծեց նաեւ, որ այս բոլորը ցնցումներու պատճառ դարձած են հայոց ազգային կեանքէն ներս։ «Սփիւռքի մէջ արդէն վերջին տասն տարիներուն մենք ականատես եղանք, որ մեր բուն, մայր գաղութներէն հայութիւնը մեկնի դէպի Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ կամ Ռուսաստան։ Նոր սերունդը, յաջողած սերունդը կը հեռանայ իր ինքնութենէն։ Այս մէկը շատ մտահոգիչ է, Հայաստանէն արտագաղթի համազօր. քանի որ Հայաստանէն արտագաղթումները գոնէ երկու-երեք սերունդ տակաւին կը մնան հայ։ Բոլոր դրսեցիները, եթէ յառաջիկայ հինգ-տասը տարիներուն ճիգ մը չվատնենք, եթէ անոնց մէկ մասը չհրապուրենք, չքաշենք դէպի իրենց ինքնութիւնը, ապա անոնք պիտի ձուլուին, պիտի կորսուին, սփիւռքը պիտի տկարանայ եւ իր կարեւորութիւնը պիտի կորսնցնէ՝ նաեւ հայրենիքին թիկունք կանգնելու առումով։ Հետեւաբար, յառաջիկայ տասը տարիներուն համար մեր մտահոգութիւնները ասոնք են։ Սփիւռքի մէջ մենք ինչպէ՞ս միջավայր պիտի ստեղծենք, ինչպէ՞ս պիտի մօտեցնենք հեռացողները իրենց ինքնութեան եւ այս ամբողջին մէջ անշուշտ կարեւորագոյնն է խարիսխը՝ հզօր հայրենիք ունենալը։ Սա պէտք է ըլլայ բոլորիս մտահոգութիւնը՝ իբրեւ մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ՝ մեծ աշխարհի մէջ։ Եթէ մենք միասնաբար կարենանք զօրացնել մանաւանդ Հայաստանի տնտեսական վիճակը, եթէ օտարացող սերունդները հրապուրելիք հայրենիք մը ունենանք, եթէ մեզի հպարտութիւն ներշնչելիք Հայաստան մը ըլլայ, ապա մեր ապագան վտանգի տակ պիտի չըլլայ։ Ուրեմն յառաջիկայ տասը տարիներուն մեր գործունէութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ դէպի հայրենիք։ Անշուշտ, միեւնոյն ատեն ինքնութեան պահպանման քայլեր պիտի կատարուին նաեւ սփիւռքի մէջ՝ կրթական, մշակութային մեր առաքելութեան տեւականացմամբ», ըսաւ Պերճ Սեդրակեան։
Մամլոյ ասուլիսին տեւողութեան ՀԲԸՄ-ի նախագահը կանգ առաւ ներկայ համաշխարհայնացեալ աշխարհի իրողութիւններուն վրայ։ «Համաշխարհայնացումը մեր ազգին, փոքր ազգերուն համար ընդհանրապէս շատ նպաստաւոր է, որովհետեւ այլեւս մեծ ազգ ըլլալու պէտք չունիս ցոյց տալու համար ուժդ։ Եթէ յաջողութիւն մը ունիս, կրնաս հասնիլ աշխարհի չորս ծագերուն», ըսաւ Պերճ Սեդրակեան եւ աւելցուց, որ սփիւռքի գաղութները պէտք է ամուր կապեր ունենան Հայաստանի հետ, այլապէս ժամանակի ընթացքին անոնք ալ հետզհետէ պիտի տկարանան։ Ան համոզուած է, որ պետութիւնը, եկեղեցին եւ սփիւռքը պարտաւոր են միասին աշխատելու։ Սեդրակեան ըսաւ. «Եկեղեցիին դերը շատ կարեւոր է։ Շատեր կը զարմանան, թէ մենք ինչու այսքան շատ կ՚արտայայտուինք եկեղեցւոյ մասին։ Վերջին հաշուով աշխարհատարած ամենազօրաւոր մեր հաստատութիւնը եկեղեցին է։ Եթէ անցեալին ան դեր ունեցած է մեր ինքնութիւնը պահելու առումով, ապա այսօր անոր դերը ռազմավարական է։ Եկեղեցին ալ, իր հերթին, պէտք է կարենայ գտնել նոր, ուսեալ երիտասարդներ, որոնք կրնան հոգեւոր գոհացում տալ նոր սերունդին։ Ամենէն լաւ մեր ազգային ներկայացուցիչներն են եկեղեցւոյ սպասաւորները, եկեղեցին միակ հաստատութիւնն է, որ Հարաւային Ամերիկայէն Հիւսիսային Ամերիկա, Ռուսաստանէն մինչեւ Եւրոպա եւ Աւստրալիա՝ ներկայութիւն ունի ամէն տեղ։ Այսօր մենք մեր եկեղեցին կը դիտենք ոչ միայն իր պատմական դերին համար, այլ իր ապագայ դերակատարութեան կարեւորութեամբ ու համապատասխան ակնկալութիւններով՝ թէ՛ կրօնաեկեղեցական եւ թէ ազգային տեսանկիւնէն»։