ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Տ. ՊԱՐԷՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵՐԷՑԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Ինչպէս հաղորդած էինք, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ներկայիս կ՚այցելէ Լոս Անճելըս, ուր յայտարարութիւններ ալ ըրած է մամուլին։ Այս նիւթին վերաբերեալ մեր վերջին հաղորդումներուն զուգահեռ՝ ելեկտրոնիկ փոստով խմբագրութեանս հասաւ հետեւեալ գրութիւնը, որ ստորագրուած է Նահապետ Մելքոնեանի կողմէ։ Ստորեւ այդ նամակը կը հրատարակենք՝ ցոլացնելու համար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեան ամբողջական մթնոլորտը։ Հակուած չենք լրիւ բաժնելու նամակի հեղինակին կողմէ օգտագործուած որակումներն ու ածականները, որոնց պատասխանատուութիւնը կը վիճակի անոր։ Ուրեմն այս մտադրութեամբ տեղ կու տանք Մելքոնեանի նամակին։
Լոս Անճելըսի հայ մամուլին մէջ կարդացինք, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի հերթական պաշտօնական ստախօսութիւնը, ուր եւ յիշուած էր մեր անունը:
Կատարենք ճշդումներ:
1.- Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին մուտքը Յորդանան ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է, որպէս Persona non grata (Անբաղձալի տարր):
Լուրը՝ որ գաղտնի պահուած էր Երուսաղէմի Պատրիարքութեան կողմէ աւելի քան երկու ամիս, առաջին անգամ հրատարակուեցաւ ՍԹՎ սանուց միութեան «Հայ Երուսաղէմ» պաշտօնաթերթին մէջ, թիւ 46, Հոկտեմբեր 2016, էջ 5:
Լուրը ստուգուած էր միաբան անդամներէն, Ամմանի եւ Երուսաղէմի պատկան մարմիններէն:
Ճիշդ է, որ Պարէտ Վարդապետ մէկ այլ վարդապետի մը հետ ընկերակցած մեկնած էր Ամման, սակայն ո՛չ սուրճ խմելու իր երեւակայած պալատին մէջ, այլ նամակ մը յանձնելու: Հետաքրքրականը այն է, որ Կրօնից հարցերով զբաղող Իշխան Ղազին անգամ՝ չէ ընդունած անոնց, այլ յանձնարարուած է Պատրիարքութեան նամակը թողուլ քարտուղարութեան մօտ եւ հեռանալ:
2.- Ի՛նչ կը վերաբերի Պոլսոյ վանքապատկան կալւածներուն, Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթն է, որ յաճախ կ՚անդրադառնայ պատրիարքին եւ կալուածոց տեսչին Պոլիս կատարած յաճախակի հարցական՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բառով «առեղծուածային» այցելութիւններուն մասին, գրելով՝ «պատրիարքը ու կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրղ. Երէցեան բացարձակապէս թափանցիկ չեն գործեր կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ: Միաբանութեան անդամները լուրջ անհանգստութիւն կ՚ապրին» (տես՝ ԺԱՄԱՆԱԿ, Յուլիս 15, 2016):
Պատրիարքութիւնը երբեք չէ հերքած ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արձանագրութիւնները:
3.- Իսկ «Կովերուն պարտէզ»ի հողատարածքին վերաբերեալ, ՍԹՎ սանուց միութիւնը իր պաշտօնաթերթ «Հայ Երուսաղէմ»ի, թիւ 41 եւ 42 Յունիս-Սեպտեմբեր 2015 թիւերուն մէջ, արծարծած էր այս հարցը, որ մութին մէջ կատարուած գործարք մըն էր կալուածոց տեսչին կողմէ եւ առ ի հետեւանք, Յունիս ամսուան միաբանական ընդհանուր ժողովին, Միաբանութիւնը դէմ քուէարկած էր այդ ծրագրին:
Տարի մը վերջ, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը հրապարակեց չորս տարբեր լեզուներով յայտարարութիւն մը, որ աշխատանքներ պիտի կատարուին Հայոց Պատրիարքարանի փողոցին մէջ: Այս ծրագրին մէջ արձանագրուած է «Պարտէզի աշխատանք եւ ծառատնկում»:
Իսկ Jerusalem Post-ի թղթակից Daniel K. Eisunbud Յուլիս 8, 2016-ի համարով կը յստակեցնէր այդ ծրագիրը գրելով՝ «The municipality and Jerusalem Development Authority intend to replace the badly pocked pavement with stone, and build a public square for tourists next to an Armenian genocide memorial.» (ընդգծ. մեր կողմէ): Ի պէտս անգիտաց ըսենք, որ հայոց Եղեռնի յուշարձանները, բոլորին ծանօթ՝ վանքապատկան «Կովերուն պարտէզ»ին հողատարածքին վրայ են:
Իսկ քաղաքապետարանը չի՛ կրնար իրագործել իր ծրագիրը առանց հայոց պատրիարքութեան արտօնութեան:
Այս բոլոր տուեալները արձանագրուած են «Հայ Երուսաղէմ» պաշտօնաթերթին մէջ, թիւ 46, Հոկտեմբեր 2016, էջ 3:
Ահաւասիկ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ:
Որքա՜ն պիտի ուզէինք, գէթ՝ անգամուան մը համար ճիշդ ըլլար Պարէտ Վարդապետի անպաշտօն յայտարարութիւնը:
Ափսո՜ս:
Պարէտ Վարդապետ անծանօթ դէմք մը չէ մեր համայնքին, յատկապէս Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու ծուխերուն, ուրկէ հեռացուած է:
Ցաւալի է, որ հայ մամուլը առանց կատարելու հարկ եղած ստուգաբանութիւնը, տեղ տուած է Պարէտ Վրդ. Երէցեանի «կտոր մը թուղթ»ի պաշտօնական ստախօսութեան, մինչ ո՛չ մէկ «Պաշտօնական հաղորդագրութիւն» կայ Երուսաղէմի Պատրիարքարանէն:
ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Դեկտամբեր, 2016