ՍԵՂԱՆԻ ՎՐԱՅ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը այ­սօր ժո­ղով մը կը գու­մա­րեն Գեր­մա­նիոյ Համ­պուրկ քա­ղա­քին մէջ։ Գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նին կը զու­գա­դի­պի ԵԱՀԿ-ի նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը, հե­տե­ւա­բար տան­տէրն է Գեր­մա­նիան։ Համ­պուր­կի եր­կօ­րեայ հա­ւա­քին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ, ո­րոնք մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կին վրայ հրա­տապ տեղ կը զբա­ղեց­նեն։ ԵԱՀԿ-ի այս հա­ւա­քին առ­թիւ Համ­պուր­կի մէջ է Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու։ Համ­պուրկ մեկ­նած են նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով։ Գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն ա­ռաջ ար­դէն հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ Լեռ­նա­յին Ղա-­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րումն ալ կը քննար­կուի Համ­պուր­կի նիս­տե­րուն ժա­մա­նակ։ Նոյ­նիսկ, հա­ւա­նա­կան կը նկա­տուի մաս­նա­ւոր հան­դի­պում մը այս հար­ցին շուրջ։

Համ­պուր­կի հա­ւա­քին ըն­դա­ռաջ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա հաս­տա­տեց, որ ի թիւս այլ հար­ցե­րու ան­դրա­դարձ պի­տի կա­տա­րուի նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։ Ան յի­շե­ցուց, որ հա­ւա­քին ներ­կայ պի­տի գտնուի նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով։ Ըստ Զա­խա­րո­վա­յի, Համ­պուր­կի նա­խա­րա­րա­կան հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ կը շօ­շա­փուին այն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ԵԱՀԿ-ի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տակ կը գտնուին։ Այս ամ­բող­ջին մէջ է, որ պի­տի շօ­շա­փուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը, ինչ­պէս նաեւ Անդր­կով­կա­սի անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ Ժը­նե­ւի քննար­կում­նե­րը։

Ծա­նօթ է, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը կը հո­վա­նա­ւո­րուի ԵԱՀԿ-ի կող­մէ։ Գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քը յա­ռաջ կը տա­րուի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին մի­ջո­ցաւ, ո­րու հա­մա­նա­խա­գահ­ներն են՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան եւ Ֆրան­սա։ Համ­պուր­կի հա­ւա­քին ըն­դա­ռաջ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խըմ-բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին կը պատ­րաս­տուի փո­խան­ցել իր հեր­թը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը յայտ­նեց, որ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին վրայ կան լաւ գա­ղա­փար­ներ եւ ա­ռա­ջարկ­ներ։ «Ես վստահ եմ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ են հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման եւ կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը չի փա­փա­քիր պա­տե­րազմ։ Կա­յուն խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու մեր բո­լոր ջան­քե­րը ուղ­ղուած են այս իսկ նպա­տա­կին», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք, ո­րու հա­մոզ­մամբ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի լաւ գա­ղա­փար­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը կրնան լաւ հիմք մը հան­դի­սա­նալ հա­մընդ­հա­նուր խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ «Նա­խա­գահ­ներ Իլ­համ Ա­լիեւ եւ Սերժ Սարգ­սեան նշած են, որ հա­ւա­տա­րիմ են հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Այս պա­հուն մենք ա­մէն ին­չէ ա­ւե­լի կը փա­փա­քինք, որ նա­խա­գահ­նե­րը դրսե­ւո­րեն քա­ղա­քա­կան կամք եւ ստանձ­նեն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը զար­գաց­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը», ը­սաւ Ուոր­լիք։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Համ­պուր­կի այ­սօ­րուան հան­դիպ­ման՝ ան ը­սաւ, որ ի­րենք այդ հա­ւա­քը կ՚ըն­կա­լեն որ­պէս Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն։

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ Համ­պուր­կի հան­դիպ­ման ըն­դա­ռաջ ար­տա­յայ­տեց իր յստակ վե­րա­բեր­մուն­քը հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ո­րո­նում­նե­րուն շուրջ։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի բան­բե­րը՝ Վլա­տի­միր Յա­կո­բեան «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նին ո­րե­ւէ տա­րածք վե­րա­դարձ­նե­լու հար­ցը կրնայ ա­ռար­կա­յա­կան ըլ­լալ միայն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կի ո­րոշ­ման պա­րա­գա­յին։ Շեշ­տը դնե­լով Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման վրայ՝ բան­բե­րը ա­ւել­ցուց, որ Ար­ցա­խի կղզիա­ցուած վի­ճա­կին մա­սին նոյ­նիսկ խօսք չի կրնար ըլ­լալ։ «Հան­գու­ցա­լուծ­ման ա­ռա­ջար­կի ծրա­րը կ՚ամ­րագ­րէ Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ցա­մա­քա­յին կա­պի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։ Թէ՛ Հա­յաս­տան եւ թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը բազ­միցս անդ­րա­դարձ կա­տա­րած են այս հար­ցին։ Ո­րե­ւէ կղզիա­ցեալ կար­գա­վի­ճա­կի մա­սին նոյ­նիսկ խօսք չի կրնար ըլ­լալ։ Խօս­քը Հա­յաս­տանն ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը միաց­նող սոսկ ցա­մա­քա­յին ճա­նա­պար­հի մը մա­սին չէ, այլ լայն, անվ­տանգ եւ ան­խա­փան ցա­մա­քա­յին այն­պի­սի կա­պի մը մա­սին է, որ լիար­ժէք ա­պա­հո­վուած պի­տի ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տա­րուե­լիք ո­րե­ւէ ոտնձ­գու­թե­նէ։ Յատ­կա­պէս ան­ցեալ Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մէն վերջ, անվ­տան­գու­թեան գօ­տի հան­դի­սա­ցած յա­րա­կից տա­րածք­նե­րու ներ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը ար­դա­րա­ցած է ա­ւե­լի քան եր­բեք՝ հա­շուի առ­նե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դին դէմ ուղ­ղուած շա­րու­նա­կա­կան եւ ան­մի­ջա­կան սպառ­նա­լի­քը», ը­սաւ Վլա­տի­միր Յա­կո­բեան։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեանն ալ մեկ­նա­բա­նեց Իլ­համ Ա­լիե­ւի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ու շեշ­տեց, որ այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, թէ ին­չու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է ճանչ­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հարց­ման պա­տաս­խա­նե­լով՝ Քո­չա­րեան մատ­նան­շեց, որ Ա­լիեւ վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նոյ­նիսկ պա­հանջ­ներ յա­ռաջ կը քշէ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին նկատ­մամբ։ «Ատր­պէյ­ճա­նի ան­թա­քոյց պա­հանջ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րածք­նե­րուն մա­սին ակն­յայտ ձե­ւով կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն, թէ ին­չու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է ճանչ­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը, իսկ Ատր­պէյ­ճան պէտք է մի­ջազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կրէ ինք­նո­րո­շուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ սան­ձա­զեր­ծած ռազ­մա­կան բռնու­թեան եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն հա­մար», ը­սաւ փոխ-նա­խա­րար Քո­չա­րեան։ Այ­սինքն Ա­լիե­ւի խօս­քե­րու լոյ­սին տակ անժխ­տե­լիօ­րէն կը հիմ­նա­ւո­րուի, թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ին­չու պէտք է ճանչ­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րուէր Համ­պուր­կի մէջ Նալ­պան­տեա­նի եւ Մա­մէ­տեա­րո­վի մի­ջեւ տե­սակ­ցու­թիւն մը։ Հայ­կա­կան կող­մը եր­բեք վերջ­նա­կա­նօ­րէն չէր խօ­սած նման վար­կա­ծի մը շուրջ։ Իսկ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով վեր­ջին օ­րե­րուն յայտ­նած էր, թէ հա­ւա­նա­կան է 2+3 ձե­ւա­չա­փով տե­սակ­ցու­թիւն մը։ Այ­սինքն, ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը Համ­պուր­կի մէջ կրնայ քննար­կուիլ, Նալ­պան­տեա­նի, Մա­մէ­տեա­րո­վի, ինչ­պէս նաեւ ԱՄՆ-ի, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016