ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Ժամանակին կը խաբէին մեզ մեր ծնողները, մենք ալ միամտօրէն կը հաւատայինք:
Անոնք անհամբեր կը սպասէին մեր լեզու ելլելուն: Եւ գիտենք, որ լեզու ելլելէ ետք, մանուկը պիտի սկսի իր շրջապատը ճանչնալ, շօշափել ու այդ շօշափած իրերուն անունները սորվիլ, անոնց օգուտներն ու վնասները հասկնալ եւ ինչու չէ նաեւ՝ զգալ...:
Հարկաւ անոնք բացատրութիւններ կու տային ի պատասխան մեր հետաքրքրութիւններուն: Երբ մեր պզտիկ մատիկներով մօտենայինք ելեկտրական կոճակներուն, անկէ յառաջանալիք վտանգին մասին երկար-բարակ բացատրութիւն կու տային մեզի, որ շատ խօսք լսելէ զզուած՝ կը հեռանայինք:
Երբ մատիկներով հիւրասենեակի սեղանին վրայէն ձեռագործը քաշէինք, անոր հետ կու գային նաեւ շաքարամաններ, ծաղկամաններ, արժէքաւոր ապակեայ զարդեր, որոնք գետին իյնալով կը փշրուէին պայթումի նման հզօր ձայն մը հանելէ ետք, որմէ սարսափած արդէն կը հեռանայինք:
Ու ահա, այդ միջոցին, մաման բարկանալով կու գար, գետնի ապակեայ փշուրները հաւաքելու ժամանակ ձեռքէն կարմիր հեղուկ մը կը սկսէր հոսիլ: Աս ի՞նչ է, կը մտածէինք, ապա ներսէն պապան, մեծ մաման ու քիչ կը մնար որ դրացիներն ալ գային ու իրար անցած՝ մամային մատէն հոսած այդ կարմիր հեղուկը սրբէին հա սրբէին, ու մատը կը փաթթէին ճերմակ կտորով մը, որպէսզի կենար հոսող հեղուկը:
Պահ մը ետք մենք՝ յանցաւորներս, մամային շուրջը կ՚ըլլայինք ահա ու ան կը հասկցնէր մեզի, թէ այդ կարմիր հեղուկը՝ արիւն է, որ եթէ ապակեայ կտոր մը մխուի մորթին՝ կրնայ ճեղքել մորթը ու մազերակի մը կամ բազկերակի մը հպիլ ու անկէ արիւնը դուրս հոսիլ, որ եթէ չկեցնեն արեան հոսքը՝ կրնայ մարդուն կեանքին վտանգ սպառնալ: Ուստի պէտք չէ ամէն ինչ ձեռնել ու քաշել...: Կը բացատրէր ան, բայց անշուշտ նաեւ կ՚որոշէր ծածկոցը վերցնել:
Աս մէկ արարքով ինչե՜ր սորվեցանք: Օրեր անցան ու սկսանք նկատել մամային փորիկին կլորնալը: Հատ մը իր փորին, հատ մըն ալ մեր փորին նայեցանք. մերինը նոյնն է, իրը՝ մեծցած. հետզհետէ աւելի ու աւելի կը մեծնայ եւ կարծես ուռեցքը կը տարածուի բոլոր մարմնի անդամներուն վրայ: Դէմքն ալ ուռած է, ոտքերը, ձեռքերը: Անճանաչելի ըլլալու չափ անբնական փոփոխութիւն մը նկատելի է: Որոշեցինք հարցնել՝ տեսակ-տեսակ անգոհացուցիչ պատասխաններ ստացանք՝ «Քիչ մը հիւանդ եմ. շուտով կ՚անցնի, ձագուկս. բան չկայ, ուռեցք է... եւ այլն». ու ահա մի քանի օր ետք հաղորդեց մեզի, որ պիտի բացակայի ու՝ «Քո՞յրիկ կ՚ուզէք, թէ աղբարիկ». իսկ ուրկէ՞ պիտի գայ այդ քոյրիկը կամ աղբարիկը, երբ հարցուց մեզմէ ամենէն համարձակը, պատասխանը անշուշտ բոլորիդ գուշակածը եղաւ՝ կա՛մ ծառէն պիտի քաղեն, կա՛մ ալ թռչունը կտուցին կախած տոպրակով պիտի բերէ: Այդ պահուն զննեցինք մենք զմեզ, ու մտածեցինք, թէ մե՞նք ալ ուրեմն թռչունի կտուցին կախուած՝ բերուած ու նետուած ենք մեր մօր գիրկը:
Եւ չէ՞ որ մանուկ էինք ու կենդանիները շատ կը սիրէինք, կը սկսէր մեր միջեւ խորհրդածութիւն մը: Ուրեմն աշխարհի բոլոր կենդանիներուն ձագուկնե՞րն ալ թռչունները կը բերեն մեզի պէս. ի՜նչ լաւ, կ՚երեւակայէինք զանոնք տոպրակներու մէջ կախուած՝ շունիկները, կատուները, սկիւռիկները, ճուտիկները, բայց մեղք չէ՞ միթէ այդ թռչունին, որ ոզնիի մը կամ կոկորդիլոսի մը կամ շանաձուկի մը ձագուկը կը բերէ, վստահ որ փետուրները փետտուած կը հասնի մինչեւ կոկորդիլոսին կամ ոզնիին կամ շանաձուկին մայրը գտնէ:
Ահա մաման քանի մը օրէն վերադարձաւ նախկին տեսքով՝ փոր-մոր չէր մնացած, փոխարէնը՝ մանուկ մը գրկած էր, կարծես տոպրակով մանուկը բերող թռչունը կտուցովը պայթեցուցած էր մամային փորը ու զինք ազատած ուռեցքէն:
Շատ միամիտ էինք, բայց ո՛չ, մենք ալ մանուկ էինք հիմակուան մանուկներուն նման: Սակայն մեր ապրած ժամանակաշրջանի ու միջավայրի ազդեցութեան տակ այդ էր հարկաւոր ու այդպէս ալ հասակ առինք, ամօթխածութիւնն ալ մեզի հետ հասակ առաւ, այն աստիճան, որ նոյնիսկ երկրորդականի բարձր կարգերուն մէջ, երբ մեզի կ՚աւանդուէին ժառանգականութեան մասին գիտելիքներ, թէ ինչպէս օրինակ կապուտաչեայ աղջիկ մը երբ ամուսնանայ սեւաչեայ երիտասարդի մը հետ՝ անոնց ո՞ր զաւակը կը ժառանգէ հօր կամ մօր աչքին գոյնը. մեր քիթերուն տակէն կը ժպտէինք, կը կարմրէինք ու կը քաշուէինք նիւթին մասին նոյնիսկ որեւէ հարց ուղղելէ:
Այժմու մանուկները աւելի աչքաբաց են, ծնողները՝ յառաջադէմ: Մանուկը ամէն հարցումի ճշգրիտ պատասխանը կը ստանայ, իր բոլոր հետաքրքրութիւններուն յագեցումը լիուլի կը տրուի: Բայց այն աստիճան արթուն են որ, նոյնիսկ երբեմն կ՚ապշեցնեն իրենց իսկ ծնողները:
Մեր հարազատներուն մօտ այցի գացած էինք, անոնց հնգամեայ դստրիկը այնպիսի ուշադրութեամբ կը հետեւէր իր հօր կայծակի, փայլակի, անձրեւի ու կարկուտի մասին հաղորդած տեղեկութիւններուն ու հօրը բերնէն կախուած ափ ի բերան մտիկ կ՚ընէր. հայրը համացանցէն պատկերներով բացատրութիւնները կը համեմէր անշուշտ ու փոքրիկը լուռ կը հետեւէր: Բացատրութիւնները աւարտելէ ետք մանկիկը հօր գիտելիքներէն գոհունակ ու հօր մարմնական զօրութեան վստահելով հարցուց՝ «Հայրի՛կ, եթէ կայծակը երկինքէն իյնայ, կը բռնե՞ս զայն», բոլորս զարմացած կը հետեւէինք. հարցում մը, որ պէտք ունի նոր պրպտումներու ու նոր բացատրութիւններու: Մանուկին ուշիմութիւնը յստակ էր ու գիտելիքներ ամբարելու անոր մառանին դարպասը՝ բաց:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ