ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԻՒՄՐԻ

1988 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ պա­տա­հած երկ­րա­շար­ժի տա­րե­լի­ցին առ­թիւ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ այց մը տուաւ Հան­րա­պե­տու­թեան Շի­րա­կի մար­զը եւ ընդ­հան­րա­պէս Հիւ­սի­սա­յին հա­տուա­ծը։ Կիւմ­րիի մէջ ան յար­գեց երկ­րա­շար­ժի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը՝ թող­լով նաեւ ծաղ­կեպ­սակ մը։

Նոյն­պէս Կիւմ­րիի մէջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան այ­ցե­լեց «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը, նաեւ տե­սակ­ցե­ցաւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Իր շրջայ­ցը ընդգր­կեց նաեւ Վա­նա­ձոր եւ Սպի­տակ քա­ղաք­նե­րը։

Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի շփում­նե­րուն, ո­րոնց ըն­թաց­քին ան պա­տաս­խա­նեց նաեւ անոնց հար­ցում­նե­րուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2016