ՔԵՐԻԻ, ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՒ ԷՅՐՈՅԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ Համ­պուր­կի մէջ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ։ Այս­պէս, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գործոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով եւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան-Մարք Էյ­րօ կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ վե­րա­դառ­նան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, միջ­նորդ եր­կիր­նե­րու նա­խա­րար­նե­րը հա­մո­զուած են, որ նա­խա­գահ­նե­րը պէտք է ճկու­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րեն վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­ցին հիւ­րըն­կա­լե­լու հա­մար ա­նոնց հա­ւա­նա­կան հան­դի­պու­մը, երբ որ ա­նոնք ըլ­լան պատ­րաստ։

«Մենք հա­մո­զուած ենք, որ նա­խա­գահ­նե­րը պէտք է բա­րեխղ­ճօ­րէն եւ հնա­րա­ւո­րինս շուտ ներգ­րա­ւուին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Նա­խա­գահ­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան եւ ու­ղիղ երկ­խօ­սու­թիւ­նը, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, կը շա­րու­նա­կէ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու ա­ռանց­քա­յին բաղ­կա­ցու­ցի­չը մնալ։ Ե­թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­ռա­ջըն­թաց չար­ձա­նագ­րուի, նոր բա­խում­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­ճիլ եւ կող­մե­րը պի­տի կրեն այդ մէ­կուն ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը», նշուած է հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, ուր կոչ ուղ­ղուած է Սարգ­սեա­նին եւ Ա­լիե­ւին՝ որ­պէս­զի վերսկ­սին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ յար­գեն նա­խորդ հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը՝ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման մի­ջո­ցա­ռում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու մա­սին։ Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ միջ­նորդ­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին Պա­քուին եւ Ե­րե­ւա­նին՝ յար­գել Մա­յի­սի 16-ին Վիեն­նա­յի եւ Յու­նի­սի 20-ին Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մա­սին հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կուած են։ Համ­պուր­կի հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան բո­վան­դա­կու­թեան մէջ նա­խա­րար­նե­րը ող­ջու­նե­ցին հա­կա­մարտ կող­մե­րու ար­ձա­նագ­րած յա­ռա­ջըն­թա­ցը՝ Կար­միր խա­չի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ան­հետ կոր­սուած­նե­րու մա­սին տե­ղե­կատուու­թեան փո­խա­նակ­ման հար­ցին մէջ։ Ա­նոնք կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի վե­րա­ցուին խո­չըն­դոտ­նե­րը ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չի գրա­սե­նեա­կի ընդ­լայն­ման հար­ցին մէջ եւ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րեն ԵԱՀԿ-ի կող­մէ հե­տաքն­նա­կան դրու­թեան ստեղծ­ման գծով։ Այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րը պէտք է կեան­քի կո­չուին ան­մի­ջա­պէս, կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման հա­մար։

Քե­րի, Լաւ­րով եւ Էյ­րօ նաեւ գնա­հա­տա­կան­ներ տուին ան­ցեալ Ապ­րի­լի լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ. «Ապ­րի­լին շփման գծին վրայ բռնու­թիւն­նե­րու ող­բեր­գա­կան սաստ­կաց­ման հա­մա­տես­քին մէջ մենք մտա­հո­գուած ենք զի­նեալ բա­խում­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեամբ, նե­րա­ռեալ ծանր հրե­տա­նիի օգ­տա­գոր­ծու­մը եւ խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք ու­ժի կամ ու­ժի գոր­ծադ­րու­թեան սպառ­նա­լի­քի կի­րա­ռու­մը։ Այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ռազ­մա­կան լու­ծում չու­նի եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ան­ձե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս զո­հե­րու եւ վի­րա­ւոր­նե­րու հա­մար չկայ ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցում։ Մենք նաեւ տե­ղեակ ենք Ապ­րի­լին մար­տի դաշ­տի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն եւ խստա­գոյնս կը դա­տա­պար­տենք զա­նոնք»։

­Հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին հա­կա­մարտ կող­մե­րուն, որ­պէս­զի՝ վե­րա­հաս­տա­տեն հա­կա­մար­տու­թիւ­նը խա­ղաղ կեր­պով հան­գու­ցա­լու­ծե­լու ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, որ­պէս տա­րած­քաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն իս­կա­կան հաշ­տե­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լիք միակ ճա­նա­պարհ։ Ա­նոնք յոր­դո­րե­ցին խստօ­րէն պահ­պա­նել 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի պայ­մա­նագ­րե­րը, ո­րոնք հիմք կը հան­դի­սա­նան հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման հա­մար։

Քե­րի, Լաւ­րով եւ Էյ­րօ խո­րա­պէս հա­մո­զուած են, որ Սարգ­սեան եւ Ա­լիեւ պէտք է բա­րի կամ­քով հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ ներգ­րա­ւուին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ինչ որ վստա­հու­թեան կա­ռուց­ման եւ խա­ղաղ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի մէջ յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու հիմ­նա­րար տարրն է։ Ա­նոնք մատ­նան­շե­ցին, որ կար­գա­ւո­րու­մը հիմ­նուած պէտք է ըլ­լայ Հել­սին­քեան եզ­րա­փա­կիչ աք­թի յայ­տնի ե­րեք սկզբունք­նե­րուն հի­ման վրայ. տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւն, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րո­շում եւ ու­ժի կամ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի չկի­րա­ռում։ Ա­նոնք յի­շե­ցու­ցած են նաեւ հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ա­ռա­ջար­կուած յա­ւե­լեալ տար­րե­րը, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձը Ատր­պէյ­ճա­նին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­մար մի­ջան­կեալ կար­գա­վի­ճակ, որ կ՚ա­պա­հո­վէ անվտան­գու­թեան եւ ինք­նա­կա­ռա­վար­ման ե­րաշ­խիք­ներ, Հա­յաս­տանն ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը միաց­նող մի­ջանցք, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վերջ­նա­կան ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կը սահ­մա­նե­լիք ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն պար­տա­դիր կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն, տե­ղա­հա­նեալ­նե­րու եւ փախս­տա­կան­նե­րու վե­րա­դարձ եւ մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­ներ, ո­րոնք կը նե­րառ­նեն խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն։

Նա­խա­րար­նե­րը մատ­նան­շե­ցին, որ ի­րենց եր­կիր­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն սեր­տօ­րէն աշ­խա­տիլ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն հետ եւ կոչ ուղ­ղե­ցին՝ որ­պէս­զի ա­նոնք ամ­բող­ջու­թեամբ օգ­տուին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու միջ­նոր­դա­կան օ­ժան­դա­կու­թե­նէն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2016