ՀԱՄՊՈՒՐԿԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Համ­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի 23-րդ ժո­ղո­վի եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քին շրջագ­ծով օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Համ­պուր­կեան հար­թա­կը Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուե­ցաւ հեր­թա­կան ան­գամ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան փո­խան­ցե­լու հա­մար յստակ պատ­գամ­ներ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Հա­ւա­քի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ը­սաւ. «Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը որ­քան որ կը խո­րաց­նէ իր ռազ­մա­տենչ, ծայ­րա­յեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ու ան­զի­ջող դիր­քո­րո­շու­մը, ա­պա այն­քան կը դառ­նայ սե­փա­կան հռե­տո­րա­բա­նու­թեան գե­րին։ Ու­շագ­րաւ է, որ ԵԱՀԿ-ի նա­խա­րար­նե­րու Համ­պուր­կի հա­ւա­քին հետ նոյն օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց Ստե­փա­նա­կերտ, ուր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ղե­կա­վա­րու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը՝ բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­նե­րու հետ։ Իսկ Համ­պուր­կի մէջ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը տա­րաւ լուրջ աշ­խա­տանք։ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ո­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը յատ­կա­ցուած էր ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին։ Բաց աս­տի, ան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Ի­կոր Փո­փո­վի (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Սթե­ֆան Վիս­քոն­թիի (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն եւ Նալ­պան­տեա­նի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցե­րու։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, ար­դէն քա­նի մը ա­մի­սէ ի վեր Ատրպէյ­ճան կը մեր­ժէ ի­րա­կա­նաց­նել Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը՝ այս­պէ­սով իսկ խո­չըն­դո­տե­լով բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծուի­լը։

Հարկ է նշել, որ Համ­պուր­կի մէջ տե­ղի չու­նե­ցաւ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի մի­ջեւ ո­րե­ւէ հան­դի­պում, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այդ մէ­կը նա­խօ­րօք կը նկա­տուէր հա­ւա­նա­կան։ Նոյն­պէս տե­ղի չու­նե­ցաւ 2+3 ձե­ւա­չա­փով տե­սակ­ցու­թիւն մը, ո­րու մա­սին խօ­սած էր Պա­քու։

Համ­պուր­կի մէջ ե­րէկ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան անդ­րա­դար­ձան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պե­տա­կան քար­տու­ղար Ճոն Քե­րի, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով, հիւ­րըն­կալ Գեր­մա­նիոյ (ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ) Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր, Եւ­րո­միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի եւ այլ դէմ­քեր։ Քե­րի հա­մո­զուած է, որ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կը սպառ­նայ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի անվ­տան­գու­թեան։ Ար­դա­րեւ, Ուք­րայ­նոյ եւ Վրաս­տա­նի խնդիր­նե­րուն նման Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ձգձգուած հա­կա­մար­տու­թիւնն ալ նոյն­պէս վտանգ կը ներ­կա­յաց­նէ Եւ­րո­պա­յի տե­սա­կէ­տէ։ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի խօս­քե­րով, նա­խա­պէս ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը բո­լոր բարդ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման բա­նա­լին է, նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը։ Լաւ­րո­վ մատ­նանը-շեց, թէ ո­րե­ւէ հա­կա­մար­տու­թիւն անհ­րա­ժեշտ է լու­ծել հա­մա­ձայ­նե­ցուած ձե­ւա­չա­փե­րով՝ կող­մե­րու լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թեամբ, ա­նոնց շա­հե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան պայ­մա­նով։

Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի Համ­պուր­կի մէջ յայտ­նեց, որ Պրիւք­սել տա­կա­ւին յոյս ու­նի, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը կեան­քի պի­տի կո­չուին։ Ըստ ի­րեն, Եւ­րո­միու­թիւ­նը կոչ կ՚ուղ­ղէ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն՝ որ­պէս­զի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեն ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջարկ­նե­րուն շուրջ։ Շթայն­մա­յէրն ալ դի­տել տուաւ, որ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը պէտք է ու­նե­նայ երկ­րորդ բախտ մը։ Ան լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Մինս­քեան խմբա­կին նկատ­մամբ եւ ա­ւել­ցուց, թէ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ ան­խախտ եւ քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման շուրջ պէտք է սկսին իս­կա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ։ Գեր­մա­նա­ցի նա­խա­րա­րի խօս­քե­րով, ան­ցեալ Ապ­րի­լին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ապ­րուած պա­տե­րազ­մը ա­պա­ցու­ցա­նած է Եւ­րո­պա­յի խա­ղա­ղու­թեան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան խո­ցե­լիու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, ԵԱՀԿ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տի­նե­րէն ներս հիա­նա­լի աշ­խա­տանք կը կա­տա­րէ, նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պա­րա­գան։ Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի բա­նա­ձե­ւու­մով՝ ԵԱՀԿ-ին վի­ճա­կած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան լա­րուա­ծու­թեան թու­լա­ցումն է։ Ար­դա­րեւ, բնա­կա­նա­բար ան չի կրնար լու­ծել հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը, սա­կայն կրնայ նուա­զեց­նել ռիս­քե­րը։ Ղա­րա­բա­ղի պա­րա­գա­յին ԵԱՀԿ ներդ­րած է ա­ւանդ մը ու նպաս­տած՝ որ­պէս­զի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը դառ­նայ վե­րահս­կե­լի։ Ներ­կա­յիս գլխա­ւո­րը վստա­հու­թեան վե­րա­կանգ­նումն է, ինչ որ եր­կա­րա­տեւ գոր­ծըն­թաց մը կ՚են­թադ­րէ։

Բաց աս­տի, ԵԱՀԿ-ի յա­ջորդ շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Աւստ­րիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սե­պաս­տիան Քուրց եւս Համ­պուր­կի մէջ խօ­սե­ցաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Սե­պաս­տիան Քուրց ըն­թա­ցիկ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան ԵԱՀԿ-ի կող­մէ դի­մագ­րա­ւուած հիմ­նա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու շար­քին թուար­կեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ այ­ցե­լեց երկ­րի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան սահ­մա­նա­գօ­տին եւ ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Ար­ցախ։ Ի­րեն ըն­կե­րա­ցան Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ Մով­սէս Յա­կո­բեան, զի­նուո­րա­կան հար­ցե­րով խորհր­դա­կա­նը՝ Մի­քա­յէլ Յա­րու­թիւ­նեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի օ­դա­կա­յա­նին մէջ Սերժ Սարգ­սեան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի, Պաշ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նի եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու կո­ղմէ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ներ­կայ գտնուե­ցան նոր զօ­րա­նո­ցի մը բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի կեդ­րո­նա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թե­նէն ներս, Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մի­ջեւ ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցաւ բարձր մա­կար­դա­կով խորհրդակ­ցու­թիւն մը՝ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ քննար­կուե­ցան բա­նա­կա­շի­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեան անդ­րա­դար­ձաւ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ա­ռաջ­նագ­ծին վրայ կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րուն։ Խորհրդակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան նաեւ բա­նա­կը սպա­ռա­զի­նու­թեամբ եւ նոր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րով հա­մալ­րե­լու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Համ­պուր­կի մէջ ու­նե­ցած երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րուն ծի­րէն ներս տե­սակ­ցե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի հետ։ Ծա­նօթ է, որ Գեր­մա­նիա ներ­կա­յիս ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է եւ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն ըն­թաց­քին հիւ­րըն­կա­լեց կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին բարձր գնա­հա­տեց ԵԱՀԿ-ի գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։ Կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի հա­մա­տես­քին մէջ Նալ­պան­տեան Շթայն­մա­յէ­րի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին վրայ, որ Ատր­պէյ­ճան կը հրա­ժա­րի կեան­քի կո­չել հիմ­նա­հար­ցի հան­գու­ցա­լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման ուղ­ղեալ՝ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ժա­մա­նակ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ա­ւե­լի՛ն՝ կը շա­րու­նա­կէ սրել ի­րա­վի­ճա­կը Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մի­ջեւ շփման գծին վրայ։

Միւս կող­մէ, Շթայն­մա­յէր ե­րէկ պա­տաս­խա­նեց ա­զէ­րի լրագ­րո­ղի մը հարց­ման, որ կը վե­րա­բե­րէր բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի մատ­նուած փա­կու­ղիին։ «Ես չեմ ու­զեր ցոյց տալ մա­տով, բայց պա­տաս­խա­նա­տու են ա­նոնք, ո­րոնք այս տա­րի Ապ­րի­լին սկսան հա­կա­մար­տու­թեան, ո­րու հե­տե­ւան­քով շատ մար­դիկ տու­ժե­ցին։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կ՚աշ­խա­տին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վերսկ­սե­լու ուղ­ղու­թեամբ, բայց սա ը­նել դիւ­րին չէ Ապ­րի­լէն յե­տոյ», ը­սաւ ան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2016