ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նա­խըն­թաց օր Պրիւք­սե­լի մէջ սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի (Ե­ՄԻԱ) մօտ բա­ցուած դա­տին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ան­թի­լիաս կը ձգտի վե­րա­ձեռք­բե­րել՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Այս նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար նախ դատ բա­ցուե­ցաւ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ։ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռը ակն­կա­լած ար­դիւն­քը ա­պա­հո­ված չըլ­լա­լով՝ ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին այդ թղթած­րա­րը տե­ղա­փո­խեց Սթրազ­պուրկ՝ Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին մօտ։

Պրիւք­սե­լի Մամ­լոյ ա­կում­բի եր­դի­քին տակ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նա­խըն­թաց օր այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ խօ­սե­ցան՝ եր­կա­րա­շունչ ու համ­բե­րա­տար գոր­ծըն­թա­ցի մը ազ­դան­շան­նե­րը փո­խան­ցե­լով։ Ըստ ի­րենց, Ե­ՄԻԱ-ի մօտ հար­ցին քննար­կու­մը կրնայ տե­ւել շուրջ հինգ տա­րի։ Ար­դա­րեւ, եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նը կը գտնուի գերզ­բա­ղած վի­ճա­կի մը մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2016