Արշիլ Կորքիի Հետքերով

Աշ­նան պայ­ծառ օր մը, զար­միկ­ներս ու ես ուղ­ղուե­ցանք դէ­պի Շըր­մըն (Քա­նէք­թի­քըթ), Կոր­քիի գե­րեզ­մա­նը այ­ցե­լե­լու: Եր­կար ճան­բոր­դու­թիւ­նը հե­տաքրքրա­կան դար­ձաւ մեր խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով, գիւ­ղա­կան ճամ­բա­նե­րուն ընտ­մէ­ջէն: Շըր­մը­նի մէջ, Կոր­քին յի­շեց­նող ոչ մէկ հետք գո­յու­թիւն ու­նի: Կոր­քիի ա­նու­նը եւս չէր շա­հա­գոր­ծուած: Ըստ բա­ցատ­րու­թեան, գտանք միակ խա­նու­թը, ուր­կէ ծաղ­կե­փունջ մը գնե­ցինք: «Մե­թո­տիսթ» ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հիւ­սի­սա­յին գե­րեզ­մա­նի աշ­խա­տու­հին պար­զա­պէս ը­սաւ թէ՝ չէր գի­տեր գե­րեզ­մա­նա­քա­րի վայ­րը ու յա­ճախ ստի­պուած էր ա­մուս­նոյն խմդրել, որ­պէս­զի գե­րեզ­մա­նի յա­տա­կա­գի­ծը ի­րեն փո­խան­ցէ: Փա­փաք որ չէր ի­րա­կա­նա­ցած:

Փնտռե­ցինք գե­րեզ­մա­նա­քա­րը, ո­րու շար­քին, բլու­րի վրայ պի­տի գտնուէր Կոր­քիի տա­պա­նա­քա­րը: Զար­միկս շու­տով գտաւ… մինչ մենք կը կար­դա­յինք հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջուայ մե­ռեալ­նե­րու ա­նուն­ներ: Այս փոք­րիկն Շըր­մը­նին հին գե­րեզ­մա­նա­տունն էր, թիւ 10 պո­ղո­տա­յին վրայ:

Շըր­մըն գիւ­ղը հիմ­նուած էր 19-րդ դա­րու սկիզ­բը:

Ըստ իմ ստա­ցած բա­ցատ­րու­թեան, Կոր­քիի ըն­տա­նի­քը մեծ հո­ղա­շերտ մը գնած էր գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն, ըն­տա­նի­քին հա­մար: Այս­պէս, Կոր­քիի գե­րեզ­մա­նա­քա­րը ժա­մա­նա­կին կանգ­նած էր միայ­նակ: Սա­կայն, նկա­տե­ցի որ, ար­դէն գե­րեզ­մա­նը խճո­ղուած էր եւ Կոր­քի ա­ռան­ձին ու միայ­նակ չէր:

Ի­մա­ցայ, որ դժուար ե­ղած է անձ­նաս­պան ե­ղած Կոր­քին թա­ղել: «Մե­թո­տիսթ» ե­կե­ղե­ցին մեր­ժած էր թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րել, եւ ի վեր­ջոյ, թոյլ տուած էր թա­ղել ա­ռանց ո­րե­ւէ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան: Կոր­քի միայն ե­րեք տա­րի ապ­րած էր Շըր­մը­նի մէջ եւ հոն ալ մա­հա­ցած: Ան վարձ­քով կ՚ապ­րէր «Ա­պա­կիէ տան» մէջ եւ այս­պէս հաս­տա­տուած էր Շըր­մը­նի մէջ, մին­չեւ իր հո­գին ա­ւան­դե­լը: Շըր­մը­նը հան­դարտ գիւղ մըն էր… ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ընտ­րա­նին՝ հե­ռու մեծ քա­ղաք­նե­րէն:

Ոս­տա­նիկ (Մա­նուկ) Ա­տո­յեան ծնած է 1902-1904-ին, Վա­նի մօտ գտնուող, Խոր­խոմ գիւ­ղին մէջ, Վա­նայ լճի ա­փին: Ան իր ծնող­նե­րու երկ­րորդ ա­մուս­նու­թեան երկ­րորդ զա­ւակն էր: Հայ­րը՝ Սեդ­րակ, քա­ռա­սու­նի դռնե­րը հա­սած ա­գա­րա­կա­պան մըն էր: Կորսն­ցու­ցած էր իր ա­ռա­ջին կո­ղա­կի­ցը, ան ու­նէր զա­ւակ մը: Մայ­րը՝ Շու­շա­նը, հա­զիւ տասն­վեց գա­րուն­ներ բո­լո­րած ա­մու­րի էր: Ան կորսն­ցու­ցած էր իր ա­մու­սի­նը՝ 1896-ին եւ եր­կու զա­ւակ­նե­րը որ­բա­նոց յանձ­նած էր: Իր երկ­րորդ ա­մուս­նու­թիւ­նը սի­րոյ վրայ չէր հիմ­նուած, այլ պար­զա­պէս՝ յար­մա­րու­թեան:

Հայ­րը 1908-ին կը մեկ­նի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ: 1915-ին, Շու­շան իր եր­կու զա­ւակ­նե­րով կը հե­ռա­նայ Խոր­խո­մէն, կ՚անց­նի Հա­յաս­տան: Ե­րե­ւա­նի մէջ, մայ­րը, 1919-ին սո­վա­մահ վի­ճա­կի մէջ կը մա­հա­նայ, հա­կա­ռակ, որ Ոս­տա­նիկն ու քոյ­րը՝ Վար­դու­շը ա­մէն օր կ՚աշ­խա­տէին: Շու­շա­նը, կը նա­խընտ­րէր սնուն­դէ չզրկել իր զա­ւակ­նե­րը: Եւ այս­պէս, օր մը, երբ Շու­շան՝ Ոս­տա­նի­կի մի­ջո­ցով նա­մակ կը պատ­րաս­տէր ա­մուս­նոյն, տկար ու ու­շա­կո­րոյս, Ոս­տա­նի­կի թե­ւե­րուն մէջ հո­գին կ՚ա­ւան­դէ, գլու­խը յե­ն­­լով Ոս­տա­նի­կի ու­սին վրայ: Շու­շա­նը կը թա­ղեն այդ օ­ր-ւայ մե­ռել­նե­րուն հետ, հա­սա­րա­կաց գե­րեզ­մա­նի մը մէջ: Վար­դուշն ու Ոս­տա­նի­կը ազ­գա­կան­նե­րու եւ այլ հա­յե­րու օգ­նու­թեամբ կը հաս­նին Պո­լիս, Ա­թէնք եւ վեր­ջա­պէս՝ 1920-ին, Պոս­թը­նի Ո­ւո­թըր­թաուն հա­յա­հոծ շրջա­նը, ուր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած էին իր հայրն ու խորթ եղ­բայ­րը:

Հան­դի­պու­մը այդ­չափ ալ հե­զա­սահ ձե­ւով չ՚ըն­թա­նար եւ կ՚ա­ւար­տի ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րով եւ խռո­վու­թեամբ:

1926-45 թուա­կան­նե­րուն, Ոս­տա­նիկ շա­րու­նակ կը նկա­րէ մօրն ու իր նկա­րը, հիմ­նուե­լով 1912-ի պատ­կե­րի մը վրայ: Այս նկա­րը կը հան­դի­սա­նայ իր գլուխ գոր­ծոցն ու ա­մե­նա­ծա­նօ­թը:

Հո­գե­կան բար­դոյթ­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կը հա­լա­ծեն զինք եւ Ոս­տա­նիկ իր ա­նու­նը կը փո­խէ Ար­շիլ Կոր­քիի, յայտ­նե­լով թէ ռուս գրող՝ Մաք­սիմ Կոր­քիի ազ­գա­կանն է, թէ ինք ռուս է: Այդ­պէս ալ մնաց իր ա­նու­նը:

Այլ ի­մաստ­ներ ալ ու­նե­ցած է Կոր­քի կեղ­ծա­նու­նը: Օ­րի­նակ՝ Ար­չի Կան, որ կապ ու­նի սեւ հո­գիի հետ: Կոր­քի ը­սած է, որ մայ­րը զինք «սե­ւը» կո­չած է, նշե­լով թէ, լաւ վեր­ջա­ւո­րու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ: Նաեւ այլ տե­սա­կէտ մը կայ, որ իր ծննդա­վայ­րը՝ Խոր­խո­մի հին ա­նուն­նե­րէն մէ­կը կը կո­չուի՝ Կոք, եւ Կոր­քի իր կեղ­ծա­նու­նին վե­րագ­րած է «Խոր­խո­մի ա­նի­ծեա­լը» մակ­դի­րը: Մէկ բան յստակ էր, թէ Կոր­քի տե­ղին հա­մե­մատ կը խօ­սէր եւ պատ­մու­թիւն­ներ կը յօ­րի­նէր, նոյ­նիսկ հար­ցադ­րու­մի տակ առ­նե­լով իր ծննդեան թուա­կա­նը: Իր մօ­տիկ բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կը կը յայտ­նէր, թէ Կոր­քին ա­ւե­լի տա­րի­քոտ կը թուէր ըլ­լալ: Իր դա­յեա­կը կը յի­շէ զինք որ­պէս շատ գե­ղա­դէմ տի­պար: Ան կը տպա­ւո­րէր Նիւ Եոր­քի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, իր քա­լուած­քով:

Հա­կա­ռակ տնտե­սա­կան դժուար պայ­ման­նե­րուն, Կոր­քի կը յա­ջո­ղի մաս­նա­գի­տա­նալ նկար­չու­թեան մէջ, թէ՛ դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւե­լով եւ թէ ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ: Յայտ­նի ա­մե­րի­կա­ցի նկա­րիչ, Կոր­քիի ա­շա­կեր­տը՝ Վիլ­հելմ տը Քու­նինկ գրած է, որ Կոր­քին ու­նէր դի­տե­լու, տես­նե­լու յա­տուկ կա­րո­ղու­թիւն, ինչ որ ինք չէր կա­րո­ղա­ցած ձեռք ձգել դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւե­լով:

Կոր­քիի աշ­խա­տա­կից­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը շատ կը սի­րէին զինք եւ կը հե­տե­ւէին իր ու­ղիին: Կոր­քի շա­րու­նակ համ­բաւ սփռած նկա­րիչ­նե­րու՝ Փի­քա­սո­յի եւ Սե­զա­նի գոր­ծե­րուն հե­տե­ւե­ցաւ եւ կեր­տեց իր իւ­րա­յա­տուկ ո­ճը ու այս­պէս հան­դի­սա­ցաւ ա­մե­րի­կեան վե­րա­ցա­կան ո­ճի հիմ­նա­դի­րը:

Կոր­քին իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ծա­ւա­լեց Նիւ Եոր­քի Եու­նիըն Սքուէր թա­ղի աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ: 1925-ին Պոս­թը­նի ըն­կեր­նե­րէն մէ­կուն կ՚ը­սէ. «Պի­տի եր­թամ Նիւ Եորք դա­սա­ւան­դե­լու… Կամ՝ մեծ ա­րուես­տա­գէտ մը պի­տի դառ­նամ, կամ ալ՝ յան­ցա­գործ մը»: Մօ­տէն բա­րե­կա­մա­ցաւ ա­րուես­տը գնա­հա­տող եւ շատ մը ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու խորհր­դա­տու՝ Ժու­լիէն Լե­ւիի հետ: Ա­րուես­տի բնա­գա­ւա­ռէն ներս ու­սա­նո­ղի մը հետ ան­յա­ջող ա­մուս­նու­թե­նէ մը ետք, 1940-ին ան կը ծա­նօ­թա­նայ իր ա­պա­գայ կո­ղա­կցին՝ 18-ա­մեայ Ակ­նէս Մակ­րու­տը­րի, շնոր­հիւ Տը Քու­նին­կի:

Ա­մե­րի­կեան ծո­վու­ժի բարձ­րաս­տի­ճան սպա­յի զա­ւակ՝ Ակ­նէս, Կոր­քիի կող­մէ կ՚ա­նուա­նուէր «Մու­կուչ»։ Ան իր մօ­տին մի­ջա­վայ­րին կը յայտ­նէր, թէ Մու­կու­չի ի­մաստն է՝ «Իմ հզօր փոք­րիկս»: Զոյ­գե­րը կ՚ա­մուս­նա­նան Նե­ւա­տա նա­հան­գի Վիր­ճի­նիա քա­ղա­քին մէջ եւ 1940-ին Սան Ֆրան­սիս­քո­յի մէջ շրջան մը բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լէ ետք, կը հաս­տա­տուին Նիւ Եորք: Մու­կուչ՝ Կոր­քիի կը պար­գե­ւէ եր­կու աղջ­նակ­ներ՝ Մա­րօ եւ Նա­թա­շա:

Ակ­նէսն ու աղ­ջիկ­նե­րը յա­ճախ ա­մառ­նե­րը կ՚անց­ը­նեն իր մօր մօտ: Ա­մոլն ու զա­ւակ­նե­րը վեր­ջա­պէս կը բնա­կին Քա­նէք­թի­քը­թի «Ա­պա­կիէ տան» մէջ, ուր կը բնա­կէին Կոր­քիի բա­րե­կամ­նե­րը, ո­րոնց կար­գին՝ Ժու­լիէն Լե­ւին:

Այդ տան աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ հրդեհ յա­ռա­ջա­ցած էր եւ Կոր­քիի վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու նկար­նե­րը այ­րած էին: Ան յա­ճախ ա­շա­կերտ­նե­րը կը խրա­խու­սէր, որ­պէս­զի նկար­չու­թիւն մը յա­ջող ըլ­լա­յ, ան­կախ պէտք է ըլ­լայ ան­ձէն:
 Կոր­քիի սկզբնա­կան գոր­ծե­րը եւ­րո­պա­կան ա­րուես­տի ո­ճե­րը կ՚ընդգրկէին եւ այդ մէ­կը կը յայտ­նա­բե­րէր, թէ ա­նոր ա­րուես­տը իւ­րա­յա­տուկ չէր: Այդ օ­րե­րուն, Փա­րի­զը՝ ա­րուես­տի աշ­խար­հի սիրտն էր: Կոր­քի հիա­ցած էր Փի­քա­սո­յի եւ Սե­զա­նի գոր­ծե­րով: Փա­րի­զէն վե­րա­դար­ձին, ան կը տե­ղե­կաց­նէր, թէ ա­ռիթ ու­նե­ցած է հոն ու­սա­նե­լու:
Օր մը, երբ քննա­դատ մը նկա­տո­ղու­թիւն կ՚ը­նէր, թէ յա­ւե­լեալ ներկ մը հա­ւա­քուած էր ու կազ­մած՝ կա­թիլ: Կոր­քի պա­տաս­խա­նած էր. «Երբ Փի­քա­սոն կրնայ այդ մէ­կը կա­տա­րել, բնա­կա­նա­բար ես ալ կրնամ…»: Ըստ ա­րուես­տի քննա­դատ­նե­րու, Կոր­քի այս­պէ­սով սկսաւ համ­բաւ ստա­նալ:

Նիւ Եոր­քի իր «Եու­նիըն Սքուէր»ի աշ­խա­տա­նո­ցը հան­դիպ­ման վայր ե­ղած էր դեռ ան­ծա­նօթ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու հա­մար: Ա­նոնք խոր յար­գանք ու­նէին եւ­րո­-պա­կան ար­դի յա­ռա­ջա­դէմ «ա­ւան­կարտ»ի նկատ­մամբ:

Իւ­րա­յա­տուկ եւ ըն­կե­րա­յին բնա­ւո­րու­թեան տէր էր ան:

«Ո­ւոլ Սթրիթ Ճըր­նըլ»ի լրագ­րող մը կը նկա­րագ­րէր Կոր­քին որ­պէս «Կա­րօ­տի բա­նաս­տեղծ»: Փոքր տա­րի­քին, իր ծննդա­վայր Խոր­խո­մի ու­սու­ցի­չը նկա­տած էր Ոս­տա­նի­կի տա­ղան­դը՝ նկա­րե­լու իր մե՜ծ սէ­րը:

Լրագ­րող­նե­րէն ո­մանք իր իւ­րա­յա­տուկ տա­ղան­դը կը վե­րագ­րէին իր տխուր ան­ցեա­լի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն: Հոս տե­ղին է շեշ­տել, թէ բա­ցի իր մօր հետ նկա­րէն եւ մի քա­նի այլ խորհր­դան­շա­կան գոր­ծե­րէ, Կոր­քի չէր ար­տա­յայ­տած իր հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը եւ ան նո՛ր անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը կը նկա­տէր ինք­զինք, այդ Նոր Աշ­խար­հին մէջ: Ըստ այլ մէկ լրագ­րո­ղի մը, ա­րուես­տի աշ­խար­հը ե­կած էր փո­խա­րի­նե­լու այն ըն­տա­նի­քը, զո­ր Կոր­քի կորսն­ցու­ցած էր Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Սո­լո­մոն ա­նու­նով ա­րուես­տի լրագ­րող մը կը յայտ­նէ, որ Կոր­քիի գոր­ծե­րուն մէջ յայտ­նի են իր հայ­կա­կան ան­ցեա­լէն խորհր­դան­շան­ներ՝ մա­շիկ, ծառ, գոգ­նոց…: Օ­րի­նակ, իր «Լեար­դը աք­լո­րին սանտրն է» (1944թ.) գոր­ծը պար­տէզ մըն է ծած­կուած կար­միր մարմ­նի կտոր­նե­րով: Այլ կա­րե­ւոր գոր­ծե­րէն մէկն է Նիւ Ճըր­զիի օ­դա­կա­յա­նի պա­տի նկա­րը, որ պա­տահ­մամբ 60-ա­կան­նե­րուն ի յայտ ե­կաւ, վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ:

Շրջան մը ան ձգա­խէ­ժի գոր­ծա­րա­նի մը մէջ իբ­րեւ պաշ­տօ­նեայ կը գոր­ծէր եւ իր մօ­տիկ բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կը կը «ծած­կէր» իր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Ի վեր­ջոյ օր մըն ալ գոր­ծա­րա­նա­տէ­րը ի­մա­ցաւ, թէ ինչ կը պա­տա­հէր եւ գոր­ծէն ար­ձա­կեց ե­րի­տա­սարդ նկա­րի­չը:

Կոր­քի գոր­ծեց Նիւ Ինկ­լըն­տի շրջա­նէն ներս եւ յա­տուկ գծագ­րու­թեան դա­սըն­թաց­քի հե­տե­ւե­ցաւ Փրո­վի­տեն­սի ա­րուես­տի հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ: Այդ ժա­մա­նակ է որ, ան փո­խեց իր ա­նու­նը՝ զա­նա­զանուե­լու հա­մար իր ան­տար­բեր հօր­մէն ու խորթ եղ­բօր­մէն: Մին­չեւ 1930 թուա­կա­նը ան ներ­կա­յա­ցաւ որ­պէս Ար­չի Կան, յե­տոյ՝ Ար­շիլ Կոր­քի:

1945-ին քա­նի մը դժբախ­տու­թիւն­ներ պա­տա­հե­ցան: Իր Շըր­մը­նի աշ­խա­տա­նո­ցը հրոյ ճա­րակ դար­ձաւ, ո­րու իբ­րեւ ար­դիւնք, ան կորսն­ցուց վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու իր նկար­չու­թիւն­նե­րը: Ա­պա, ող­նա­յա­րի վի­րա­հա­տու­թեան են­թար­կուե­ցաւ, ինչ որ ազ­դեց իր ըն­տա­նե­կան կեան­քին վրայ: Քա­նի մը տա­րի ետք, երբ կի­նը սպառ­նա­ցած էր բաժ­նուիլ իր­մէ ու աղ­ջիկ­նե­րով հե­ռա­ցած էր տու­նէն, Կոր­քի ինք­նա­շար­ժի ծանր ար­կած մը ան­ցուց: Իր բա­րե­կա­մը՝ Ժու­լիէն Լե­ւին որ Շըր­մը­նի մէջ կը բնա­կէր, կը ման­րա­մաս­նէ, թէ անձ­րե­ւոտ օր մը, Կոր­քին տուն տա­րած ժա­մա­նակ, ինք­նա­շար­ժը դար­ձաւ եւ Կոր­քիի ող­նա­յա­րը վնա­սուե­ցաւ: Լրագ­րող­նե­րը այն տպա­ւո­րու­թեան տակ էին, թէ Կոր­քի չէ կա­րո­ղա­ցած նկա­րել այդ ար­կա­ծէն ետք, մինչ, Լե­ւին կը գրէ, թէ երբ դէպ­քէն քա­նի մը շա­բաթ ետք կ՚այ­ցե­լէ Կոր­քիին, ան իր կնոջ օ­ժան­դա­կու­թեամբ պաս­տառ կը պատ­րաս­տէր:

Ար­կա­ծէն ետք, Չո­րեք­շաբ­թի օր մը, երբ Կոր­քի կը հե­ռա­ձայ­նէ Ռոքս­պը­րիի եւ Նիւ Եոր­քի իր բա­րե­կամ­նե­րուն զա­նա­զան պատ­րուակ­նե­րով, կը յստա­կա­նայ, թէ ան հո­գե­բա­նա­կան բար­դոյթ­նե­րու մէջ է: Կարգ մը բա­րե­կամ­ներ մտա­հոգ կապ կը հաս­տա­տեն Կոր­քիի հա­րե­ւան­նե­րուն հետ, խնդրե­լով, որ մօ­տէն հե­տե­ւին Կոր­քիին: Հա­րե­ւան­նե­րը յա­ջորդ օ­րը տու­նը պա­րապ գտնե­լով տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս պրպտում­ներ կը կա­տա­րեն եւ Կոր­քիի շունն է, որ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ այն վայ­րը, ուր Կոր­քի սո­վո­րու­թիւն ու­նէր ման գա­լու: Հոն է որ կը գտնեն Կոր­քին ինք­զինք կա­խած եւ կող­քին գե­րա­նի մը վրայ փո­րագ­րուած՝ իր հրա­ժեշ­տի խօս­քե­րը սի­րե­լի­նե­րուն: Մու­կուչ, լսե­լով, ան­մի­ջա­պէս կը վե­րա­դառ­նայ Շըր­մըն եւ ներ­կայ կ՚ըլ­լայ թաղ­ման եւ ա­պա կը հե­ռա­նայ, հա­րե­ւան­նե­րուն տե­ղե­կաց­նե­լով, թէ միտք ու­նի Նիւ Եորք հաս­տա­տուե­լու:

Նախ­քան այս դա­ժան մա­հը, Կոր­քի խոր տխրու­թեան մէջ էր եւ նոյ­նիսկ իր աղջ­նակ­նե­րէն մէ­կուն հարց տուած էր, թէ՝ ան­տա­ռի ո՞ր ծա­ռէն ինք­զինք կրնայ կա­խել: Լե­ւիի հետ ան այ­ցե­լած էր հո­գե­բոյ­ժի մը եւ բժիշ­կը նկա­տե­լով Կոր­քիի տխրու­թիւ­նը, թե­լադ­րած էր, որ մաս­նա­գէ­տի մը հետ ժա­մադ­րուի: Այս նպա­տա­կով՝ իր կո­ղա­կիցն ալ փոր­ձած էր զինք հա­մո­զել, սա­կայն ան մնա­ցած էր անդր­դուե­լի:

1948-ին, Կոր­քի 44-46 տա­րե­կան էր: Նոր ստեղ­ծած էր իւ­րա­յա­տուկ ո­ճը…

Կոր­քիի նկար­չու­թիւն­նե­րը այժմ կը զար­դա­րեն բազ­մա­թիւ ա­նուա­նի թան­գա­րան­ներ եւ բազ­միցս ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուած են Կոր­քիի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րով:

Տա­րի­ներ ան­ցած են եւ շատ մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը մնան անյս­տակ: Կոր­քիի փե­սան՝ Մա­թիու Սպեն­տըր, այս գծով կը նշէ, թէ յստակ ալ չէ Կոր­քիի ծննդեան ա­մի­սը՝ Ապ­րի՞լ է, թէ Հոկ­տեմ­բեր: Բազ­մա­թիւ աղ­բիւր­ներ ու­սում­նա­սի­րե­լով՝ այս գրու­թիւ­նը պատ­րաս­տե­ցի:

ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2016