ՄԱՐԴՈՒՍ ԲԱՐՁՐ ԿՈՉՈՒՄԸ
Մարդ ստեղծուած է բարձր կոչումով, վախճանի մը համար, որ երկրաւոր բոլոր նպատակները կը գերազանցէ։
Արդարեւ, մարդ որքան այս «հողային պատեան»ը, այսինքն իր մարմինը կը կրէ, կրնա՛յ երկրի վրայ շրջիլ եւ անկէ օգտուիլ՝ սնանիլ։ Սակայն հոգին՝ որ մարդու մէ՛ջն է, երկրային ո՛չ մէկ բան ճաշակելու է, քանի որ անոր զբաղումը երկի՛նքն է։ Հոգին երկրի չի՛ պատկանիր։
Ուստի հոգին, առ այժմ, ստիպուած է մարմնին հետ երկրի վրայ բնակիլ, սակայն, պէտք է անկէ սրտով, ներքնապէս բաժնուած ապրի՝ միշտ պատրա՛ստ զայն լքելու, անկէ բաժնուելու, իր բարձր եւ էական կոչումին համար, միշտ բա՛րձր եւ ազա՛տ ամէն տեսակ երկրաւոր, աշխարհային, ժամանակաւոր բարիքներէն։
Ահաւասիկ, ա՛յս է, որ մարդը բոլոր երկրաւոր եւ անբան արարածներէն կը զանազանէ, ի՛նչ որ բնութիւն եւ կրօն եւ բարոյականութիւն իրմէ կը պահանջեն եւ ի՛նչ որ իր բնութեան կատարելագործո՛ւմն է։
Միա՛յն այս կերպով կ՚ապահովուի մարդկային պատիւը, արժանապատուութիւնը եւ ազատութիւնը, ա՛յսպէս կը պահպանուին բնութեան անայլայլելի եւ մշտնջենական օրէնքները, որոնք կարելի չէ՛ որեւէ կերպով վիրաւորել կամ վնաս հասցնել անոնց։
Բայց, պէտք է ընդունիլ, թէ՝ մարդոց մէջ, բոլորը արծիւներ եւ աղաւնիներ չեն, որ այս ցած մթնոլորտէն կարենան վե՛ր բարձրանալ, վեր բարձրանալու կարողութիւնը եւ քաջութիւնը ունենան։
Ամէն ոք իր թեւերը կ՚ուղղէ հոն՝ ուր երկնապարգեւ օդը կը փչէ, որ միա՛յն մարդուս թեւերուն ուղղութիւն կու տայ, որքան թեւերուն ուժը եւ տարողութիւնը կը ներէ, եւ ո՛րքան օդը վե՛ր կը պահէ այն՝ որ կ՚ուզէ բարձրանալ։
Արդարեւ կրօնը աւելին չի հրամայեր ու պարտադրեր, ան միայն «հրաւէր» կ՚ուղղէ եւ կը թելադրէ։
Կրօնը, նախ, հաւատարիմ է մարդուս ընդոծին «ազատ կամք»ին, ուստի կը թողու որ ան որոշէ իր ընթացքը եւ ընտրէ իր ճամբան։ Յետոյ մարդէն կը պահանջէ այն՝ ի՛նչ որ կը ներէ անոր անձնական ուժը եւ կարողութիւնը։ Ո՛չ ոքէ կը սպասուի կատարել անկարելին, այլապէս մարդ պարտաւո՛ր է դիւրատար ընելու միջոցները որոնել այն ինչ որ դժուար է, դարձեալ իր ուժին ներած չափով։
Մարդ եթէ ուժը չունի առանց կեանքի ընկերի ապրելու, կրնայ ընտրել մէկը. կրօնը երբեք չ՚արգիլեր, այլ կը հաւանի եւ կ՚ուրախանայ։
«Սիրէ՛ զայն անկեղծութեամբ». ահաւասիկ ա՛յս կը հրամայէ եւ կը պահանջէ կրօնը։
Սակայն այս սէրը այն սիրոյն ենթարկուած պիտի ըլլայ, որ կը պարտի ամէն բան զինք Ստեղծողին՝ որ ո՛չ միայն կարճ ժամանակի մը համար ստեղծած է այդ ամէնքը, այլ ամբողջ յաւիտենականութեան մէջ կ՚ուզէ ապրիլ ու ապրեցնել զանոնք։ Ա՛յս բնութիւնը կ՚ուզէ եւ կրօնը կը պարտաւորէ ու կը պարտադրէ զայն։
Մարդուս սիրտը, արդարեւ, չի փափաքիր ամէն ինչ լքել, ամէն բարի եւ օգտակար բան՝ որոնք իր իսկ գանձերն են։ Պահել պէ՛տք է զանոնք, անտարակոյս, կրօնը թոյլ կու տայ եւ նոյնիսկ կը հրամայէ ասիկա։
Բայց պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ անոնք չգրաւեն մարդուս ամբողջ սիրտը, քանի որ մարդուս սիրտը աւելի՛ բարձրագոյն Էակի, ամէն ինչ ստեղծող ե՛ւ խնամող Տիրոջ կը վերաբերի, Անոր կը պատկանի։
Մարդ կրնայ ունենալ զանոնք, ամէն բարի եւ օգտակար բան, սակայն իր սիրտը պէտք է նուիրէ գերազանցապէս Անոր՝ որ իմաստը, նպատակը եւ վախճանն է իր ամբողջ էութեան։ Մարդ գոյութիւն ունի, էութիւն մըն է Անոր էութեամբ, Անոր գոյութեամբ եւ յատկապէս Անոր շնորհիւ։
Մարդ կա՛յ, որովհետեւ Աստուած կա՛յ։
Ոեւէ մարդ կրնայ ունենալ նպատակներ, ըսինք անձեր, որ իրմէ կախում ունին որեւէ պատճառով, եւ թէ կը մեծարեն, կը պատուեն զինք, պէտք է ընդունի այդ մեծարանքը անշուշտ, այդ յարգանքը որ ցոյց կու տան իրեն, բայց պէ՛տք է ուղղէ զայն ամբողջութեամբ Բարձրեալին՝ որուն միայն կը վայելէ ամէն յարգանք եւ պատիւ, որուն խոնարհ ծառան եւ հպատա՛կն է մարդ։ Եւ եթէ կ՚ուզէ մարդ այդ պատիւը իրեն վերապահել՝ ասիկա ինքնախաբէութիւն է ե՛ւ անիրաւութիւն ե՛ւ յափշտակութիւն Անոր դէմ, որ կրօնը կ՚արգիլէ։
Կրօնը որեւէ պատուէր չի տար կեանքի զանազան վիճակներու եւ ապրումներու համար, որոնք բնութիւնը դրած է մարդկային ընկերութեան մէջ։ Կրօնը թէեւ պատուէր չի տար այդ մասին, բայց կը սրբացնէ այդ բոլորը։ Ուստի կրօնը, ամէն տեղ, ամէն ժամանակ կը հսկէ, պաշտպան կը կանգնի մարդուն արժանապատուութեան, ազնուութեան, ազնուականութեան եւ «Աստուածութեան իրաւունք»ներուն։ Կրօնը տէր կը կանգնի մարդուն ազնուականութեան մանաւանդ, որուն ո՛չ մէկ բան, բացի Անսահմանէն արժանի է, վայել է։ Եւ ահաւասիկ, մարդուն բարձր կոչումը հո՛ս է. նմանիլ իր Արարչին, քանի որ Անոր պատկերով է ստեղծուած։
Աստուծոյ իրաւունքները՝ որ իրեն նուիրուած են արարչութեան պահէն իսկ, կը պահանջեն մարդուն ամբողջ սիրտը։ Եւ եթէ կրօնը՝ մարդոց մէկ մասը, սովորական ընթացքէն վեր, աւելի՛ կատարեալ եւ ամբողջական երկրպագութեան կը հրաւիրէ Աստուծոյ առջեւ, այս չի՛ հակասեր Բնութեան, այլ կը բարձրացնէ զայն։
Եւ անսահման բարութեան, Արարիչ եւ Նախախնամ Աստուծոյ հզօր ու ամենակարող աջին ողորմութեան գործն է, որ մարդ ինքզինք ազատած կը նկատէ ամէն անաստուած մոլորութենէ եւ իր սրտին մէջ ուրիշ հակում չ՚ունենար, բայց միայն իր Նախախնամի՛ն։
Եւ մարդ, ահաւասիկ ա՛յսպէս կը ճանչնայ իր Արարիչը եւ Նախախնամը՝ կը ճանչնայ զԱյն, կը սիրէ զԱյն, եւ Անոր նմանութեամբ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ իր ժամանակաւոր կեանքը։ Չէ՞ որ որեւէ բան կարենալ սիրելու համար պէտք է նախ ճանչնայ զայն։ Ուստի առանց ճանչնալու, մարդ ի՞նչպէս կրնայ սիրել կամ ատել, ի՞նչպէս կրնայ ընդունիլ կամ մերժել, ուրանալ։
Ուրեմն ճանչնա՛նք զԱստուած եւ սիրե՛նք զԱյն։
Երբ մարդ ճանչնայ մէկը, այլեւս գիտէ, թէ ո՛վ է ան։ Այս կերպով ալ, մարդ երբ ճանչնայ Աստուած, գիտէ այլեւս, թէ ո՛վ է Ան, Իր լոյսը կը զգայ իր սրտին մէջ՝ կը լուսաւորուի։ Իսկ լուսաւորուած մարդը ապահով մարդ է, անվտանգ, իրեն արկած չի պատահիր այլեւ, քանի որ ան ճանչցա՛ծ է Ամենավստահելին՝ իր Նախախնա՛մը, այն՝ որ ստեղծած է նաեւ զինք յաւիտենականութեան համար։
Յաւիտենականութեան կոչուած ամէն ինչ ապահովութեան տակ է, անվտանգ կը յառաջանայ դէպի յաւիտենականութիւն։ Եւ մարդ իր այս կոչումով կրնայ դիմագրաւել ամէն նեղութիւն, ամէն դժուարութիւն, ամէն չարիք որ կը ներկայանան իրեն առջեւ այս երկրաւոր ե՛ւ ժամանակաւոր կեանքին մէջ։ Ուստի մարդ պէտք է գիտակցի իր կոչումին, պէտք է անդրադառնայ եւ տեսնէ իր յաւիտենականութիւնը՝ որուն կոչուա՛ծ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 3, 2016, Իսթանպուլ