NOSTALJİ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻՆ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Բան­կալ­թիի Nostalji գրա­խա­նութ-սրճա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Adı Başka Acı Başka» ա­նուն գրքին շնոր­հան­դէ­սը։ Այս գոր­ծին հե­ղի­նակն է Իպ­րա­հիմ Տիզ­ման։ Գիր­քին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րուած է Օր­տու քա­ղա­քի վեր­ջին հայ բնա­կիչ­նե­րէն 90-ա­մեայ Յա­րու­թիւն Ար­թու­նի յու­շե­րուն ու կեն­սագ­րու­թեան հի­ման վրայ։ Հե­ղի­նա­կը այդ ա­ռանց­քին շուրջ ցո­լա­ցու­ցած է քա­ղա­քին կեան­քը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց հրա­տա­րա­կիչ Օս­ման Քէօ­քէր, որ ա­ւե­լի վերջ վա­րեց Իպ­րա­հիմ Տիզ­մա­նի եւ Յա­րու­թիւն Ար­թու­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լի­սը։ Ներ­կայ էին Յա­րու­թիւն Ար­թու­նի Օր­տուէն ե­կած ըն­կեր­նե­րը եւ այլ գրա­սէր­ներ։

Ա­սու­լի­սի ա­ւար­տին Տիզ­ման եւ Ար­թուն ներ­կա­նե­րուն հա­մար մա­կագ­րե­ցին այս գոր­ծը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2016