ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ հերթական անգամ ժամադրուած էին՝ ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկայ էր նաեւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ Անի Սազաքի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն բազմաթիւ աշակերտներ արարողութեան հետեւեցան՝ գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհիին Անիթա Թումայեանի եւ ուսուցչական կազմին։ Գրեթէ բոլոր աշակերտները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Նորին Սրբազնութիւնը օրուան քարոզին մէջ կանգ առաւ խղճի կարեւորութեան եւ մարդկային կեանքի մէջ անոր ունեցած առաջնորդող դերին վրայ։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Սրբազնութիւնը, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ քահանայ հայրերը։ Ներկայ էին նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ այլ ներկայացուցիչներ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ այլ հիւրեր։
Յայտագրի սկիզբին վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին պատահած ահաբեկչութեան զոհերուն համար։ Նորին Սրբազնութիւնը, որ եկեղեցւոյ մէջ հայերէնով անդրադարձած էր այս ցաւալի իրադարձութեան, այս անգամ ալ թրքերէնով ընդգծեց անոր տեղի տուած խոր ցաւը։ Ան յանուն մեր համայնքին խորազգած վշտակցութիւններ արտայայտեց պետական աւագանիին եւ համայն ժողովուրդին համար։ Ընդհանուր Փոխանորդը շեշտեց, որ որպէս երկրի լիիրաւ քաղաքացիները՝ մեր համայնքի անդամներն ալ խորապէս կը սգան ոստիկաններու նահատակման երեւոյթը՝ միշտ յիշելով, որ ոստիկանութիւնը կ՚աշխատի երկրէն ներս անխտիր բոլորին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։
Աւելի վերջ դպրոցի երգչախումբը երգեց Տէրունական աղօթքը եւ սկսաւ օրուան յայտագիրը։ Ծրագրէն դուրս թողուած էին բոլոր երաժշտական բաժինները՝ հաշուի առնելով, որ սուգ յայտարարուած է բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Պարոն Նալպանտի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Արտասանեցին դպրոցի աշակերտներէն Էլա Չըրաք, Արտա Թաշտեմիր, Արտէն Աչըքկէօզ եւ Առէն Պիթմէզ։
Թաղային խորհուրդը յուշանուէրներ պատրաստած էր նախկին ատենապետ Մուրատ Չաքանի եւ հանդիսավար Պարոն Նալպանտի համար։ Նորին Սրբազնութիւնը այդ յուշանուէրները յանձնելէ վերջ արտասանեց հուսկ բանքը, որու ընթացքին տեղեկացուց, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պիւտճէի յայտարարուած բացը ամբողջութեամբ հաւասարակշռել կարելի չէ եղած օրուան հանգանակութեան արդիւնքով։
Միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով եզրափակուեցաւ սիրոյ սեղանը։