ՕԳՏԱԿԱՐԸ ԵՒ ՎՆԱՍԱԿԱՐԸ
Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ներ. ամէն ինչ որ կ՚ուտենք, որպէս սնունդ, օգտակա՞ր է, չէ՞ք մտածեր որ շատ անգամ վնասակար կ՚ըլլան անոնք, որ կը կարծենք թէ օգտակար է։ Նոյնպէս՝ մարդուս բերնէն ելած ամէն խօսք օգտակար կրնա՞յ ըլլալ եւ կամ էջի յանձնուած ամէն նախադասութիւն կրնա՞յ ներշնչիչ ըլլալ։
Մարդ երբ խօսքով կամ գիրով կ՚արտայայտուի, ամէն բանէ առաջ պէտք է բծախնդիր եւ զգո՛յշ ըլլայ՝ իր խօսքին կամ գիրին օգտակարութեան, բարեգործութեան, այլապէս խօսողը կամ գրողը ապարդիւն աշխատութիւն մը ըրած կ՚ըլլայ, եւ եթէ ո՛չ վնասի, բայց օգուտի մըն ալ պատճառ չի՛ հանդիսանար։ Եւ անօգուտ գործ մը, եթէ նոյնիսկ վնաս չպատճառէ ուղղակի՛, իր պատճառած ժամավաճառութեամբ, ժամանակի ի զուր տեղը վատնուելու պատճառ ըլլալուն՝ անուղղակի կերպով վնասակա՛ր կ՚ըլլայ։ Անօգուտ աշխատութիւն մը ժամանկի վատնում է, եւ ժամանակը, մարդկային կեանքին համար շատ թանկագի՛ն է։
Անօգուտ գործը՝ անշարժութիւն է՝ ամլութիւն եւ «ջուրի հոսանքին դէմ թիավարել» կը նշանակէ։
Ուստի ամէն խօսք եւ ամէն գիր, նկատի առնուելով ունկնդիրը կամ ընթերցողը, զգուշութեամբ պէտք է արտասանուի կամ գրուի։
Այս իմաստով, խօսող մը՝ ի՛նչ ըսելիքը խորհելէ առաջ, պէտք է ուշադրութիւն ընէ, թէ՝ ի՛նչ պէտք է չըսէ կամ չխօսի։ Խօսքը օգտակա՞ր է, թէ ո՛չ, կամ ըսելիքը շինի՞չ է, թէ վիրաւորիչ։ Ահաւասիկ ա՛յս է, որ արդիւնաբեր պիտի ընէ «խօսք»ը՝ ըսուա՛ծը։ Ո՞ր մէկը օգտակար է. ժամերո՜վ խօսիլ եւ ո՛չինչ ըսել օգտակար է, կամ կարճ խօսիլ, սակայն շինիչ բան մը ըսել, եւ օգտակար ըլլալ ունկնդրողին։
Վերը ուտելու մասին խօսելով, օրինակ մը տալ ջանացինք. նոյն օրինակով շարունակենք։ Շատ ուտել եւ պէտք եղած սնունդը չի կարենալ առնել, կամ քիչ ուտել, բայց բաւարար սնունդ առնել։ Ո՞ր մէկը նախընտրելի է, ո՞ր մէկը մարմնին համար օգտակար է եւ առողջապահակա՛ն։ Անշուշտ, ամէն ողջամիտ անձ պիտի նախընտրէ օգտակարը եւ սննդարարը։ Այլապէս կարեւորը շատին մէջ օգտակարը գտնել չէ՛, այլ քիչին մէջ գտնել այն՝ որ օգուտ պիտի ապահովէ մարմինին։
Ահաւասիկ խօսքն ալ, խօսիլն ալ նո՛յնն է. շատ խօսելով մարդ օգտակար չի կրնար ըլլալ, եւ կամ շատին մէջէն հազիւ պուտ մը, կաթիլ մը օգուտ կրնայ քաղել, բայց այդ կաթիլ մը օգտին համար կ՚արժէ՞ ժամե՜ր վատնել, երբ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ալ կարելի է այդ օգուտը քաղել…։ Ժամանակը թանկագին է՛։
Գիրով արտայայտուիլն ալ նոյնն է. ընթերցողին երբ կարճ գրութեամբ ճշմարտութիւն մը ներկայացուի, անիկա շատ աւելի օգտակար կ՚ըլլայ, քան երկար գրութեան մէջէն ճշմարտութիւնը՝ իմաստը եւ նպատակը փնտռել՝ չարչարուիլ, եւ երբեմն գտնել, երբեմն չգտնել, եւ ժամանակը վատնել։ Կրկնենք, սիրելիներ, ժամանակը թանկագի՛ն է։
Կը խորհիք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մարդուս իրապէ՛ս օգտակար աշխատութիւնները որքա՜ն ուժ եւ ժամանակ կը սպառեն կեանքի մէջ։ Հապա, եթէ այդ աշխատութիւնները, զբաղումները, ենթակայական գործերը բոլորովին անարժէք նպատակներու եւ անիմաստ գործերու վրայ ըլլան. երեւակայեցէ՛ք ի՜նչ մեծ ժամանակի վատնում մը կ՚ըլլայ անիկա։ Ժամանակը բծախնդրօրէն պէտք է օգտագործել, քանի որ ամէն պահ «կեանք»ին մէկ օղակն է, եւ այդ աննշան պահերն են որ «կեանք»ը կը գոյացնեն եւ կը կազմեն։
Եւ երբ «կեանք»ի վրայ է խօսքը՝ մարդուս կեանքը շղթայ մը կը ներկայացնէ, որուն օղակներէն ոմանք ոսկի են, ուրիշներ՝ արծաթ թերեւս, բայց մեծ մասամբ ժանգոտած երկա՜թ…։
Ինչո՞ւ, քանի որ այդ օղակները գործածել չեն գիտեր մարդիկ ընդհանրապէս, չարաչար կը գործածեն, լաւ չեն պահպաներ զանոնք՝ կը թողուն որ ժանգոտին, վնասուին եւ անգործածելի դառնան անոնք, եւ յետոյ կը դառնան՝ կը գանգատին, կը բողոքեն, եւ երբեմն ալ կ՚ողբան, ըսելով, թէ՝ կեանքը դաժան է, անգութ է, չարչարանք է, ծանր է… այո՛, այդպէս է, քանի որ մարդ իր կեանքին օղակները չարաչար կը գործածէ, անոնց պէտք եղած խնամքը ցոյց չի տար։
Եւ մարդ նիւթականի, ֆիզիքական կեանքի հաշիւը բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը տնտեսէ. այդ մասին հաշիւը լա՛ւ կը պահէ, բայց կեանքին «օղակ»ներուն, պահերուն հաշիւը կ՚անտեսէ, նկատի իսկ չ՚առներ, կարեւորութիւն չ՚ընծայեր անոնց, եւ կեանքին օղակները հետզհետէ կը փճանան, կ՚ոչնչանան եւ անշուշտ երբ օղակները փճանան, կեանքն ալ բնականաբար կը փճանայ։ Եւ ոմանք «ճակատագիր» կ՚ըսեն այս իրողութեան, առանց խորհելու, թէ իրենք պատճառ եղած են կեանքին փճացման, առանց նկատի առնելու թէ՝ եթէ կա՛յ «ճակատագիր», այդ «գիր»ը իրենք գրած են իրենց անտարբերութեանը մէջ, իրենց ծոյլ մատները գրած են իրենց ճակտին վրայ այդ խորհրդաւոր «գիր»ը։
Ո՜րքան դիւրին է յանցանք մը վերագրել երեւակայական յանցաւորի մը, անտեսանելի չարագործի մը՝ փրկուելու համար յանցաւոր ըլլալու իրականութենէն։ Եւ այդ երեւակայական, անտեսանելի, անծանօթ «յանցաւոր»ը միշտ եղած է՝ գոյութիւն իսկ չունեցող մտացածին, երեւակայական «ճակատագիր»ը։
Մարդ՝ որ բանաւոր էակ է, մարդ՝ որ մտածելու, դատելու, որոշելու կարողութիւն ունի, մարդ՝ որ ազատ կամք ունի, մարդ՝ որ բնութեան զօրութիւններու հետ մրցելու կարողութեամբ միշտ հպա՜րտ է, մարդ՝ որ ինքնաբաւ ըլլալու ինքնախաբէութեամբ կը պարծենայ, հապա ինչո՞ւ երբ ձախողի, դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու հանդիպի, արիութիւնը չ՚ունենար խոստովանելու իր սխալը, իր թերութիւնը, իր տկարութիւնը, եւ անմիջապէս կը գտնէ եւ կը յայտարարէ, թէ ձախողութեան պատճառը ինք չէ՛, այլ՝ «ճակատագիր»ը։ Եւ եթէ կը կարծեն, թէ այդ «ճակատագիր» ըսուածը, Աստուած տնօրինած է, ապա ուրեմն ասիկա զԱստուած ամբաստանել, զԱստուած մեղադրել չի՞ նշանակեր։ Այլապէս Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալ չէ՞ ասիկա, ուրացում չէ՞։
Ուրեմն, «ճակատագիր»ի մասին լա՛ւ պէտք է խորհիլ՝ հաւատքը կը մերժէ՛ «ճակատագիր»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 8, 2016, Իսթանպուլ