ՆՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ԶԻ­ՊԷՉ-ի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ար­դա­րեւ, ԶԻ­ՊԷՉ-ի վար­չու­թիւ­նը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին հրա­ժա­րած է հա­ւա­քա­բար եւ այս ե­րե­ւոյ­թը պատ­ճառ դար­ձած է, որ հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը լա­րուի ա­նոր վրայ։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ե­րէկ հարկ հա­մա­րեց տալ կարգ մը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ։ Ան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծեց հրա­ժա­րած վար­չա­յին­նե­րուն տա­րած աշ­խա­տան­քը եւ յի­շե­ցուց, որ վեր­ջին տասն­վեց տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան 20 մի­լիոն լի­րա յատ­կա­ցուած է այս կա­ռոյ­ցին հա­մար։

Ներ­կա­յիս ԶԻ­ՊԷՉ-ի պա­րա­գա­յին որ­դեգ­րուած է կա­ռա­վար­ման նոր դրու­թիւն մը։ Պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած է հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը։ Նոյն­պէս հի­ւան­դա­նո­ցի անձ­նա­կազ­մէն նշա­նա­կում­ներ կա­տա­րուած են՝ ԶԻ­ՊԷՉ-ի գոր­ծու­նէու­թեան տե­ւա­կա­նաց­ման հա­մար։ Առ­կայ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­նե­րը եւ շշուկ­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով՝ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու յայտ­նեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը մտադ­րու­թիւն չու­նի ԶԻ­ՊԷՉ-ը փա­կե­լու, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը կը հա­մա­րէ ի­րեն թո­ղուած ա­ւանդ մը։ Ներ­կա­յիս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի ստանձ­նուած է հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ, ինչ որ կա­ռա­վար­ման ար­դիւ­նա­ւոր­ման բարձ­րաց­ման տե­սա­կէ­տէ կրնայ ա­ւե­լի դրա­կան ար­դիւնք տալ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2016