ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԾՐԱԳԻՐ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) 2016 թուականի վերջին ժողովը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին քննարկուեցան համայնքի բազմաբնոյթ խնդիրները։ Ժողովի ամբողջին մէջ առանձնացաւ կարեւոր իրադարձութեան մը դրական լուրը։ Այսպէս, համայնքային շրջանակները ողջունեցին Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի արժեւորման հարցին շուրջ ստեղծուած նոր հեռանկարները։ Արդարեւ, այս խնդիրը միջոցէ մը ի վեր առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ մեր համայնքի օրակարգը։ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան եւ իր ընկերները քանի մը տարի առաջ այդ տարածքը յանձնած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան՝ անոր արժեւորման բարդ գործընթացը յառաջ տանելու ակնկալութեամբ։ Աւելի վերջ, հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը յետս կոչուած էր։ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը որոշած էր այս անգամ նման համագործակցութիւն մը ծաւալել Պատրիարքարանի հետ։ «Յովակիմ 1461» վաքըֆը այս գործարքը յառաջ տանելու համար ստեղծուած էր Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։
Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի մէկ հատուածին վրայ ներկայիս կառուցուած է դպրոց մը։ Մէկ այլ հատուածն ալ ապապետականացուած է ճանապարհաշինութեան համար։ Հետեւաբար լուրջ հատուցումներ կ՚ակնկալուին Ազգային կրթութեան նախարարութենէն եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն։ Վերջին շրջաններուն այս հատուցման գործընթացը հասունցած էր որոշ չափով ու նոյնիսկ կ՚ակնկալուէր գումարներուն փոխանցուիլը «Յովակիմ 1461» վաքըֆին։
Այս նոյն կէտին վրայ ալ ծագած են ուրիշ խնդիրներ։ Արդարեւ, Պէյքոզի եկեղեցւոյ եւ «Յովակիմ 1461» վաքըֆներու կարգավիճակներու տարբերութիւնը յառաջացուցած է լուրջ խնդիր մը։ Արդարեւ, եկեղեցին Օսմանեան շրջանէն ժառանգուած բարենպատակ վաքըֆի մը կարգավիճակը ունի, փոքրամասնական համայնքային վաքըֆ մըն է, իսկ «Յովակիմ 1461»ը ստեղծուած է Քաղաքացիական օրէնքի տրամադրութիւններուն վրայ եւ փոքրամասնական համայնքային վաքըֆ մը չէ։ Այդ տարբերութիւնը արդէն վերածուած է հիմնական խոչընդոտի մը։ Պէյքոզի եկեղեցւոյ կարգավիճակը թոյլ չի տար, որ ան նման համագործակցութիւն մը մշակէ Պատրիարքարանի «Յովակիմ 1461»ին հետ։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջանակներէն ալ վերահաստատուած է այս հանգամանքը։
Այս կէտէն սկսեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի ջանքերով ծնունդ տրուած է նոր աշխատանքի մը։ VADİP-ի դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը այս նիւթին շուրջ խորհրդակցած է նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Ի վերջոյ, մօտաւոր անցեալի վերիվայրումներու բեռն ալ թօթափելով հաւասարակշռուած ծրագիր մը մշակուած է՝ ի շահ մեր համայնքին։ Պատրիարքարանը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հասարակաց յայտարար մը գտած են՝ միասնական ջանքերով այս աշխատանքը յառաջ տանելու նպատակով։
Հերման Պալեան, Յարութիւն Շանլը, ինչպէս նաեւ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան ժողովին ընթացքին համայնքային վարիչներու նկատառման յանձնեցին, որ դրական ոգիով, փոխադարձ բարի կամեցողութեամբ կարելի եղած է ապահովել ամուր արդիւնք մը։ Պէյքոզի այս տարածքի պարագան արդէն իր բնոյթին բերումով կ՚ենթադրէ երկարաշունչ գործընթաց մը։ Հետեւաբար, համայնքին այս կարեւոր գործը յառաջիկայ շրջանին պիտի հետապնդուի ամուր համախմբումով մը։