«ԷՐՄԻԹԱԺ»Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսաստանի աշխարհահռչակ «Էրմիթաժ» պետական թանգարանի ընդհանուր տնօրէն Միխայիլ Փիոթրովսքի երէկ այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալւեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին «Էրմիթաժ»ի ընդհանուր տնօրէնին ընկերացաւ իր որդին՝ Պորիս Փիոթրովսքի։
Օրուան տեւողութեան Միխայիլ Փիոթրովսքի հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Նկատի ունենալով, որ «Էրմիթաժ»ի ղեկավարութիւնը եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը կը ծաւալեն բազմակողմանի համագործակցութիւն՝ Սերժ Սարգսեան եւ Միխայիլ Փիոթրովսքի անդրադարձան այդ նիւթին։ Զրուցակիցները մատնանշեցին, որ հայ-ռուսական համագործակցութեան ամբողջին մէջ մեծ նշանակութիւն ունի մշակութային բաղադրիչը։
Վեհափառ Հայրապետն ալ Միխայիլ Փիոթրովսքիին հետ քննարկեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի հաստատման 300-ամեակի մօտալուտ յոբելեանին վերաբերեալ նիւթեր։ Կը նախատեսուի, որ այս շրջագծով 2017 թուականին համատեղ ցուցահանդէս մը կազմակերպուի «Էրմիթաժ»ի մէջ։ Որոշուեցաւ նաեւ «Էրմիթաժի օրեր Հայաստանի մէջ» ծրագրի շրջանակէն ներս շարք մը ձեռնարկներ ու վարպետութեան դասեր իրականացնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Զրոյցին ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան։