ՄԱՀ՝ ԱՐՄԷՆ ԵՐԻՑԵԱՆԻ
Երէկ, Երեւանէն հասաւ տխուր լուր մը։ Այսպէս, իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան։ Միջոցէ մը ի վեր Արմէն Երիցեան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։ Երէկ, նախարարը դարձեալ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ աւելի վերջ ալ հաղորդուեցաւ, որ ան կնքած է իր մահկանացուն։ «Նաիրի» բժշկական կեդրոնէն հասած բօթը ցաւ ստեղծեց պետական շրջանակներէն ներս։ Արմէն Երիցեանի յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ կառավարական մասնաւոր յանձնաժողով մը։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ Երիցեանի մահուան կապակցութեամբ հեռագիր մը ուղարկեց ընտանիքին։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ Արմէն Երիցեան ամբողջ գործունէութիւնը նուիրած էր հայրենի պետականութեան ամրապնդման։ Երկար տարիներ անբասիր աշխատանքով իր նպաստը բերած էր Հայաստանի ոստիկանութեան համակարգի զարգացման։ Սերժ Սարգսեան վերյիշեց հանգուցեալի գնահատելի ջանքերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հիմնովին վերակառուցման, արդիականացման եւ կայացման ուղղութեամբ։ Ան խորապէս ցաւակցեցաւ պետական գործիչի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն։