ՀԱԼԷՊԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՐԲԱՆՑՔ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ բանակը արդէն ամբողջութեամբ ձեռք անցուցած է քաղաքին հակակշիռը։ Ներկայիս կան մարդասիրական առումով շատ կարեւոր շարք մը խնդիրներ, որոնք Հալէպի իրադարձութիւններուն ածանցուած ձեւով կը գտնուին օրակարգի վրայ։ Արդարեւ, քաղաքի երկու թաղամասերուն մէջ պաշարուած են հոծ թիւով քաղաքայիններ։ Այնտեղ մնացած ժողովուրդի անվը-տանգ դատարկուիլը միջազգային ընտանիքի անմիջական ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի։
Առկայ իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախաձեռնութիւններով հաստատուեցաւ հրադադար մը։ Ըստ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, նախ յատուկ միջանցքի մը միջոցաւ քաղաքային ժողովուրդը պիտի դատարկուի այդ երկու պաշարեալ թաղամասերէն։ Աւելի վերջ ալ զինեալ ընդդիմադիրները պիտի լքեն քաղաքը՝ Իտլիպի ուղղութեամբ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն տեղեկացուց, որ կը խրախուսէ այս ջանքերը։ «Կողմերուն կը յիշեցնենք իրենց պարտաւորութիւնները՝ քաղաքայիններուն համար անվտանգ միջանցք մը բանալու եւ յանձնուածներուն ու ձերբակալուածներուն նկատմամբ մարդկայնօրէն վերաբերուելու ուղղութեամբ», ըսաւ ընդհանուր քարտուղարը։