ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռու­սաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շե­ւիչ յայ­տա­րա­րեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հա­ւա­նա­բար հան­դի­պում մը ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան անդ­րա­դար­ձաւ ան­ցեալ շա­բաթ Համ­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին, ո­րու շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած էր 3+2 ձե­ւա­չա­փով տե­սակ­ցու­թիւն մը։ Այ­սինքն, Նալ­պան­տեան եւ Մա­մէ­տեա­րով հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նա­յին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի եւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան-Մարք Էյ­րո­յի հետ։ Համ­պուր­կի հա­ւա­քին շրջագ­ծով, սա­կայն, տե­ղի չու­նե­ցաւ այդ հան­դի­պու­մը։ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայտ­նած էր, որ Ճոն Քե­րի պար­տա­ւոր էր Համ­պուր­կէն կա­նուխ բաժ­նուե­լու, հե­տե­ւա­բար այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի չէր ու­նե­ցած։

Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շե­ւիչ ե­րէ­կուան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ընդգ­ծեց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին հնա­րա­ւոր է հան­դի­պում ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Համ­պուր­կի հա­ւա­քին շրջագ­ծով ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ նա­խա­րա­րա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը բո­վան­դա­կա­յին էր եւ հե­ռուն գա­ցող, ան կը պա­րու­նա­կէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի բո­լոր հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րը», ը­սաւ Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շե­ւիչ։

Իր կար­գին, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիքն ալ յայտ­նեց, որ ի­րենք չեն նա­խա­տե­սեր հրա­տապ այ­ցե­լու­թիւն մը տալ դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Ըստ ի­րեն, ֆրան­սա­ցի նո­րան­շա­նակ հա­մա­նա­խա­գա­հը վեր­ջերս այ­ցե­լած է տա­րած­քաշր­ջան, հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ «Ե­թէ սա ո­րե­ւէ օ­գուտ պի­տի բե­րէ, ա­պա մենք պատ­րաստ ենք ա­մէն պահ այ­ցե­լել հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք։

Հարկ է նշել, որ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­ներն ալ կը շա­րու­նա­կուին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016