ԱՄՆ-Ի ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիսը։ Իր պաշտօնին նոր ձեռնարկած ըլլալով՝ Ճենիֆըր Տէյվիս փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան եւ ծանօթանալ թրքահայ համայնքային կեանքին։
Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար ու ջերմ զրոյցի ընթացքին ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան ու գործունէութեան, նաեւ թրքահայ համայնքային կեանքին շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը Տէյվիսին յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական առաքելութեան մէջ։
Ընդունելութեան աւարտին աւագ հիւպատոսի խորհրդականներէն մին Պատրիարքարանի մէջ հանդէս եկաւ դաշնամուրի կատարումներով, ինչ որ հաճոյքով ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ։