ԵՐԱԽԱՆԵՐԸ ՈՒՐԱԽԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…
Ամերիկացի ատաղձագործ Ճոյի Մէյըրս ստեղծած է երկուքուկէս մեթր բարձրութեամբ տօնածառ մը, որ տեղադրուած է Միացեալ Նահանգներու Արքանսաս նահանգի համալսարաններէն մէկուն մէջ:
Փայտէ պատրաստուած տօնածառը իւրայատուկ կառուցուածք ունի, որու շնորհիւ անոր փայտէ «յարկերը» պարուրաձեւ պտոյտ մը ընելու յարմարաւէտութիւնը ունին։ Այս յատկութեան շնորհիւ ուղղանկիւնաձեւ կառոյցը կը վերափոխուի պարուրաձեւ տօնածառի:
Վերոյիշեալ նահանգի համալսարանէն ներս տեղի ունեցած է տօնածառի լուսաւորման արարողութիւն, որու ընթացքին ուսանողները 5 տոլարով գնած են լամբեր կամ խաղալիքներ, որոնցով զարդարուած է տօնածառը:
Մինչ այդ, միջոցառման ընթացքին հաւաքուած գումարը կը տրամադրուի Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգի Ուայթ շրջանի բարեկեցիկ ընտանիքներուն՝ երախաներու համար ամանորեան նուէրներ գնելու նպատակով: