ՓԽՐՈՒՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­լէ­պի մէջ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին տե­սա­կէ­տէ ա­մե­նա­ծանր շրջան­նե­րէն մին կ՚ապ­րուի։ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ա­պա­հո­վուած հրա­դա­դա­րը յոյս մը ներշն­չած էր՝ քա­ղա­քին մէջ պա­շա­րուած ժո­ղո­վուր­դը դուրս բե­րե­լու տե­սա­կէ­տէ, սա­կայն վեր­ջին լու­րե­րէն կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, որ կա­ցու­թիւ­նը իս­կա­պէս շատ փխրուն է։ Հա­կա­ռակ հրա­դա­դա­րին, ե­րէկ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան բա­խում­ներ։ Սու­րիոյ բա­նակն ու զի­նեալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը զի­րար մե­ղադ­րե­ցին այս մա­սին։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խոյժ ու բազ­մա­կող­մա­նի շփում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան՝ Հա­լէ­պի հրա­դա­դա­րը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ այդ ջան­քե­րուն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Մի­ջազ­գա­յին այս դի­ւա­նա­գի­տա­կան եր­թե­ւե­կին մէջ էր նաեւ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։

Ի վեր­ջոյ, Էր­տո­ղան-Փու­թին հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի դրա­կան ար­դիւն­քի լոյ­սին տակ օ­րուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ յա­րա­բե­րա­կան լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը։ Այդ հի­ման վրայ ալ այս ա­ռա­ւօտ սկսաւ Հա­լէ­պի դա­տար­կու­մը։ Հի­ւանդ­նե­րը փո­խադ­րող ինք­նա­շարժ­նե­րը ճա­նա­պարհ դուրս ե­կան։ Բայց եւ այն­պէս, հեր­թա­կան բա­խում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հա­ղոր­դում­ներն ալ չու­շա­ցան։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ պա­տա­հած են նոր դէպ­քեր։ NTV-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­լէ­պի մէջ շիի զի­նեալ­ներ կրակ բա­ցին քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դի շա­րա­սիւ­նին վրայ։ Անձ մը զո­հուե­ցաւ այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով։ Սկզբնա­կան տուեալ­նե­րով կան չորս վի­րա­ւոր­ներ։

Միւս կող­մէ, տա­րած­քաշըր-ջա­նի ազ­դե­ցիկ ե­րեք ու­ժե­րը՝ Ան­գա­րա, Մոս­կուա եւ Թեհ­րան նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը կը պատ­րաս­տուին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին շուրջ։ Մին­չեւ տա­րե­վերջ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, Սէր­կէյ Լաւ­րով եւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ կը նա­խա­տե­սեն Մոս­կուա­յի մէջ ու­նե­նալ հան­դի­պում մը՝ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը քննար­կե­լու նպա­տա­կով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016