ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին պատահած եւ 42 զոհ խլած ահաբեկչական դէպքը հերթական անգամ շարժման անցուցած է բովանդակ երկիրը։ Թուրքիա մէկ կողմէ նահատակներու յիշատակին առջեւ կը բերէ իր խոնարհումը, իսկ միւս կողմէ կը վերանորոգէ իր վճռականութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեան ամրապնդմամբ։
Պետական աւագանին երէկ ահաբեկչութեան խնդրին շուրջ պատգամներ փոխանցեց ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետութեան գլուխը՝ Սահմանադրութեան 104-րդ յօդուածի տրամադրութիւններու հիման վրայ զօրաշարժ կը հռչակէ ահաբեկչութեան դէմ։ Այդ զօրաշարժը նախատեսուած է անխտիր բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան վերահաստատեց զօրակցութիւնը անվտանգութեան ուժերուն հետ եւ աւելցուց, որ ահաբեկիչները պահ մը իսկ հանգիստ պիտի չունենան։
Էրտողանի այս վճռական պատգամներուն առընթեր, երէկ, Անգարայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրակարգով տեսակցեցան Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուցած չորս կուսակցութիւններէն երեքին ղեկա-վարները։ Այսպէս, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեսակցեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւեց այս հանդիպումը, որու աւարտին երեք ղեկավարները համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան։ Անոնք ընդգծեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ իրենց վճռակամութիւնը։ Վարչապետը ընդգծեց, որ հանդիպման ընթացքին հերթական անգամ ապացուցուած է, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիրը Թուրքիոյ մէջ քաղաքականութենէ վեր նիւթ մըն է։ Որքան որ ալ կուսակցութիւններու տեսակէտները, մօտեցումները ըլլան տարբեր, ապա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նիւթին շուրջ վճռակամութիւնը անվիճելի է թէ՛ ՃՀՓ-ի, թէ՛ ՄՀՓ-ի եւ թէ ԱՔ կուսակցութեան մօտ։
«Սա մեր երկրի ապագային վերաբերեալ խնդիր մըն է։ Այս առումով երկրէն ներս կամ դուրս ով ինչ կ՚ուզէ թող ըսէ՝ մեզի համար իմաստ մը չունի։ Մեզի համար իմաստ ունեցողը այն է, որ Թուրքիոյ միութիւնն ու միասնականութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ մեր ազգին եղբայրութիւնը չվնասուին։ Այս շրջագծով լայնածաւալ քննարկումներ կատարեցինք», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, թէ խորհրդակցութիւնը եղած է արդիւնաւէտ։
Քեմալ Քըլըչտարօղլու կեանքի բնականոն ընթացքին ամենահամահունչ համաձայնութիւնը որակեց երէկ ստեղծուած մթնոլորտը։ Իր կարգին, Տեւլէթ Պահչելին ալ մատնանշեց, թէ խորհրդակցութիւնը հասուն մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է։