COAF ՀԱՆԳԱՆԱԿԵՑ 3.1 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

«Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­ներ» (COAF) հիմ­նադ­րա­մի տա­րե­կան նուի­րա­հա­ւաք­ման ընթ­րի­քը ան­ցեալ շա­բա­թուան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նիւ Եոր­քի մէջ։ Ե­րէկ, այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ հա­ղոր­դած էինք լուր մը՝ ար­տատ­պե­լով Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թէն։ Հայ­կա­կան լրա­տուա­կան աշ­խար­հէն բա­զում լրա­տուա­մի­ջոց­ներ ալ օգ­տուած էին նոյն աղ­բիւ­րի հա­ղոր­դում­նե­րէն։ Շու­տով, սա­կայն, յայտ­նի դար­ձաւ, որ այդ լրա­տուու­թեան մէջ կայ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, թեք­նիկ վրի­պու­մի մը հե­տե­ւան­քով «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը կայ­քէ­ջին վրայ տեղ տուած էր ոչ թէ այս տա­րուան, այլ ան­ցեալ տա­րուան նուի­րա­հա­ւաք­ման, հե­տե­ւա­բար այդ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­ղոր­դում­նե­րը յա­ռա­ջա­ցու­ցած են ճշդու­մի կա­րի­քը։

«Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­ներ» հիմ­նադ­րա­մի տա­րե­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընթ­րի­քը այս տա­րի Նիւ Եոր­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Դեկ­տեմ­բե­րի 9-ին։ Հա­ւա­քոյ­թը վա­րեց Հո­լի­վու­տի դես­րա­սա­նու­հի­նե­րէն Անտ­րէա Մար­թին, որ ու­նի հայ­կա­կան ար­մատ­ներ։ Օս­քա­րի դափ­նե­կիր դե­րա­սան Լէո­նար­տօ տի Քափ­րիօ այդ հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին 65 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րա­տուու­թիւն կա­տա­րեց վե­րո­յի­շեալ հիմ­նադ­րա­մին, ո­րու հիմ­նա­դիրն է սփիւռ­քա­հայ գիտ­նա­կան ու բա­րե­րար Կա­րօ Ար­մէն։ Նիւ Եոր­քի վեր­ջին հան­գա­նա­կու­թեան ըն­թաց­քին ընդ­հա­նուր առ­մամբ 3.1 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար հա­ւա­քուած է եւ այդ մի­ջոց­նե­րով հիմ­նադ­րա­մը պի­տի շա­րու­նա­կէ Հա­յաս­տա­նէ ներս ձեռ­նար­կած ծրագ­րե­րը։ Այդ կա­ռոյ­ցը ընդ­հան­րա­պէս Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րէ ներս ապ­րող մա­նուկ­նե­րուն կը զօ­րակ­ցի։

Նիւ Եոր­քի նուի­րա­հա­ւաք­ման ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին ա­ճուր­դի դրուած է նկա­րիչ Ճօ Պրետ­լիի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մին։ Իսկ Լէո­նար­տօ տի Քափ­րիօ 65 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով գնած է այդ գոր­ծը։

Յի­շեալ ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան շարք մը յայտ­նի ա­նուն­ներ. ինչ­պէս՝ ոս­կե­րիչ-ձե­ւա­ւո­րող Մայ­քըլ Ա­րամ, դի­ւա­նա­գէտ Ճոն Ի­վընս, գրող Փի­թըր Պա­լա­քեան, դաշ­նա­կա­հար Շա­հան Արծ­րու­նի, հե­ռուս­տալ­րագ­րող Լա­րա Սեդ­րա­կեան, ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի յայտ­նի դէմ­քե­րէն Լէօ Սա­հա­կեան եւ այլք։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2016