ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍ
Երեւանի մէջ այսօր կը յուղարկաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան։ Անողոք հիւանդութեան հետեւանքով անժամանակ կեանքէն հեռացած պետական գործիչին կորուստը վերջին օրերուն ցաւ յառաջացուցած է Հայաստանի քաղաքական շրջանակներէն ներս։ Ան կը յուղարկաւորուի պետական բարձր արարողակարգով։ Երէկ երեկոյեան նորոգ հանգուցեալ նախարարին համար հոգեհանգստեան արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա թաղամասի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ փութաց աղօթելու համար Արմէն Երիցեանի հոգւոյն ի հանգիստ։ Իսկ այս առաւօտ հանգուցեալ նախարարին համար սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի մուտքասրահին մէջ։ Հանգուցեալ նախարարին դագաղը զետեղուած էր մահաբեմի վրայ եւ անոր շուրջ զինուորներ յարգանքի պահակ կը սպասէին։ Թէ՛ պետական գործիչներ եւ թէ հոծ թիւով յուղարկաւորներ փութացին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու Արմէն Երիցեանի նկատմամբ։ Պետական աւագանին ալ վերջին հրաժեշտի պահուն սգակիր էր իր բարոյական ներկայութեան առջեւ։