ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) յանձնաժողովի խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան ԵՏՄ-ի զարգացման ներկայ միտումները՝ համաշխարհային տնտեսական բարդ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Զրուցակիցները կանգ առին նաեւ ԵՏՄ-ի անդամակցութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ։ Սերժ Սարգսեան եւ Տիգրան Սարգսեան շօշափեցին ԵՏՄ-ի անդամներու միջեւ համագործակցութեան ներկայ մակարդակն ու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան բարձրագոյն խորհուրդի յառաջիկայ նիստին վերաբերեալ հարցեր։
Զրոյցի տեւողութեան Սերժ Սարգսեան կարեւորեց Դեկտեմբերի 26-ին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած ԵՏՄ-ի բարձրագոյն խորհուրդի նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած հայեցակարգային փաստաթուղթերու եւ որոշումներու բանաձեւերը։ Ան ընդգծեց նաեւ դէպի երրորդ երկիրներ առեւտրատնտեսական կապերու ուղղութեամբ աշխատանքը։ Հայկական կողմը այդ գործին մէջ կ՚օգտագործէ առանձին երկիրներու հետ յարաբերութիւնները եւ իր փորձառութիւններու ներուժը։