ՏԱՐՀԱՆՄԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քին պա­շա­րուած քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դի եւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու տար­հան­ման գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ընդ­հա­նուր առ­մամբ 14 քա­ղա­քա­յին­ներ մա­հա­ցան՝ տար­հան­ման գոր­ծըն­թա­ցի ըն­թաց­քին ինք­նա­շար­ժնե­րու շա­րա­սիւ­նե­րուն վրայ գոր­ծուած յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ 9 հա­զար 500 հո­գի տար­հա­նուած է Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քէն եւ այս­պէ­սով այդ գոր­ծըն­թա­ցը հա­սած՝ իր ա­ւար­տին։ Ուս­տի, Սու­րիոյ բա­նա­կը Հա­լէ­պի մէջ վերս­տին ձեռ­նար­կած է գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։

Այս բարդ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը գոր­ծադ­րէ բազ­մա­կող­մա­նի ջան­քեր։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, որ տար­հան­ման գոր­ծըն­թա­ցը չէ հա­սած իր ա­ւար­տին։ Ներ­կայ ի­րա­վիա­կին մէջ Ան­գա­րա-Մոս­կուա-Թեհ­րան ա­ռանց­քին վրայ ալ խտա­ցեալ շփում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան նա­խըն­թաց օր հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցած էր Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Ե­րէկ ալ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ տե­սակ­ցե­ցաւ Ի­րա­նի ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­գահ Ի­սաք Ճի­հան­կի­րիի հետ։ Մինչ այդ, Վլա­տի­միր Փու­թին տե­ղե­կա­ցուց, որ Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան հա­մա­ձայ­նած են, որ­պէս­զի Աս­տա­նա­յի մէջ նոր հար­թու­թեան մը վրայ շա­րու­նա­կուին Սու­րիոյ վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րը, ե­թէ բո­լոր կող­մե­րը գտնուին հա­մա­միտ։

Իր կար­գին, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­ման ալ տա­րուան վեր­ջին մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ Ռու­սաս­տա­նի, Ի­րա­նի եւ Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան ձեռ­քե­րը ա­րիւ­նոտ են։ Ան խիստ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րով մեկ­նա­բա­նեց Հա­լէ­պի մէջ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի վար­չա­խում­բը չի կրնար օ­րի­նա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վել՝ մար­դիկ սպան­նե­լով։

ՄԱԿ-ի Սու­րիոյ գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րան ալ ե­րէկ յայտ­նեց, որ ե­թէ հրա­դա­դար չա­պա­հո­վուի եւ քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնել կա­րե­լի չըլ­լայ, ա­պա Սու­րիոյ Իտ­լիպ քա­ղա­քը պի­տի վե­րա­ծուի երկ­րորդ Հա­լէ­պի մը։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2016