Գոհար Գասպարեան (Խաչատուրեան). Հայ Երգի Ու Երաժշտութեան Առինքնող «Սոխակը»
Դեկտեմբերի 14-ին, սիրոյ ու հպարտութեան անխառն յոյզերով՝ հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան 92-րդ տարեդարձը հայկեան հանճարին աննման ձայնաւորին, հայ երգի ու առինքնող սոխակին՝ Գոհար Գասպարեանի (1924-2007)։
Իր կենդանութեան արդէն առասպելի վերածուած էր ձայնային ու կատարողական մեծ արուեստի տէր աշխարհահռչակ երգչուհին, որ ամբողջ տասնամեակներ զարդն ու իսկական գոհարը դարձաւ հայրենական թէ սփիւռքեան, խորհրդային թէ համաշխարհային ամենէն հեղինակաւոր բեմերուն։
Գոհար Գասպարեանի շնչաւորած ու կերպաւորած անկրկնելի Անուշն ու Շուշանը (Ա. Տիգրանեանի «Անուշ»ին եւ «Դաւիթ Բէկ»ին մէջ), Կարինէն եւ Օլիմպիան (Տ. Չուխաճեանի «Լեպլեպիճի»ին ու «Արշակ Ա.»ի մէջ), Ռոսինիի «Ռոզինա»ն եւ Տելիպի «Լակմէ»ն, Մարգարիտն ու Լուչիան (Կունոյի «Ֆաուստ»ին եւ Տոնիցեթթիի «Լուչիա տի Լամերմուբ»ի), ինչպէս նաեւ աւելի քան քսաներեք օփերային իր դերերգներուն միւս հերոսները անմոռանալի կը մնան Գոհար Գասպարեանի երկրպագուներու յիշողութեան մէջ։
Գոհար Խաչատուրեան-Գաս-պարեան ծնած էր 14 Դեկտեմբեր 1924-ին, Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր եւ ստացած էր երաժշտական իր ուսումը՝ Է. Ֆելտմանի եւ Վ. Կարրոյի որակով մեծարժէք երաժիշտներու շունչին տակ։ Արդէն երաժշտական-բեմական իր առաջին քայլերը նետած երգչուհի էր, երբ 1948-ին ներգաղթեց Հայաստան, ուր անմիջապէս արժանացաւ գուրգուրանքի եւ գնահատանքի։
1949-էն սկսեալ եղաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնի մեներգչուհի։ 1964-ին նաեւ դասախօս նշանակուեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ, իսկ 1973-ին արժանացաւ փրոֆէսէօրի տիտղոսին։
Մասնագէտներու միահամուռ արժեւորումով՝ Գոհար Գասպարեան օժտուած էր «ձայնային լայն տիափազոն»ով («փոքր օքտաւայի սոլ հնչիւնէն մինչեւ երրորդ օքտաւայի լա-ն») եւ «անբասիր թեքնիկով»։
Քննադատները նոյնպէս համակարծիք են, որ Գոհար Գասպարեանի ձայնը կը յատկանըշ-ւէր մեծ ճկունութեամբ, երանգներու ճոխութեամբ եւ անցումներու թեթեւութեամբ, իսկ հանճարեղ երգչուհիին կատարումները կ՚առանձնանային տուեալ դերերգներու խորքային եւ գեղարուեստական բարձրորակ ընկալումով ու դրսեւորումով։
Աւելի քան երեք տասնամեակ Գոհար Գասպարեան տիրական ներկայութիւն դարձաւ հայ երգի եւ դասական երաժշտութեան բեմահարթակներուն վրայ։ Անոր երգացանկը մեծապէս ընդգրկուն եղաւ եւ անմոռանալի մեկնաբանութեան արժանացուց Պախի ու Հենտելի, Մոցարթի եւ Ռախմանինովի, Շթրաուսի եւ Չայքովսկիի տարողութեամբ մեծագոյն վարպետներու գործերը։ Հանդէս եկաւ թեմաթիք համերգներով՝ իտալացի վարպետներու գործերէն մինչեւ հայ հոգեւոր երաժշտութիւն, Կոմիտաս ու Շէյքսփիրեան նիւթերով կազմուած համերգային ծրագիր։
Իր բարձրորակ տաղանդով ու համերգային ընդգրկուն ծրագիրներով՝ «Հայոց սոխակ»ի տիտղոսին արժանաւորապէս տիրացած երգչուհին աշխարհով մէկ շրջեցաւ եւ իր եզակի ձայնով ու արուեստով գրաւեց մեծագոյն բեմեր՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ հարաւային Ամերիկա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ճաբոն, մերձաւորարեւելեան հայկական գաղթօճախներէն մինչեւ խորհրդային համամիութենական կեդրոններ։
Գոհար Գասպարեան արժանացաւ պետական թէ գեղարուեստական բարձրագոյն տիտղոսներու եւ շքանշաններու։ Խորհրդային Միութեան «ժողովրդական արտիստ»ի եւ «աշխատանքի հերոս»ի կոչումին տիրացաւ, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց»ի բարձրագոյն շքանշանին արժանացաւ։ Բայց ամէն բանէ վեր հայ ժողովուրդի սրտին մէջ գրաւեց «Հայոց սոխակ»ի բարձրագոյն պատուանդանը։
Իր կեանքի վերջալոյսին, Գոհար Գասպարեան տարիներով պայքարեցաւ անողոք հիւանդութեան դէմ, ուղեղի կաթուած ունեցաւ եւ 16 Մայիս 2007-ին առյաւէտ հեռացաւ մեր աշխարհէն՝ հայոց մեծամեծներու համաստեղութեան մէջ իր արժանի տեղը գրաւած ու սերունդներու յիշողութեան մէջ նուաճած հայ երգի ու դասական երաժշտութեան աննման վարպետի յաւերժութեան իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։
Ահա՛ վկայութիւնները հայոց մեծերուն.
- Հայ քնարերգութեան վարպետին՝ Աւետիք Իսահակեանի արժեւորումով, «թռչունները Գոհար Գասպարեանին սովորեցրել են երգել, իսկ նա թռչուններին՝ ծլուըլալ»։
- Մեծատաղանդ երգչուհի Զարուհի Տոլուխանեանի վկայութեամբ՝ «նման տիտաններ, ինչպիսին Գոհար Գասպարեանն է, ծնւում են հարիւր տարին մէկ։ Համաշխարհային դասականների ամենաբարդ գործերը, որոնք, թւում է, թէ անհնար է կատարել, գասպարեանական մեկնաբանութեամբ նոր կեանք են ստանում։ Գոհարը վոկալային աստղ է»։
- Մեծանուն խմբավար Ալեքսանդր Մելիք-Փաշայեանի համաձայն՝ «Գոհար Գասպարեանի երգը արուեստի ժպիտն է, զարդարում է կեանքը: Մեծ երգչուհու անունը բոլոր հայերի մէջ մշտապէս առաջացնում է մեծ հպարտութեան եւ հիացմունքի զգացողութիւն»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024