Անկեղծ Վշտակցութիւն
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ ուշագրաւ եւ մեր համայնքին տեսակէտէ կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, այժմու եւ անցեալի կարգ մը վարչայիններ եւ մարզիկներ այցելութեան փութացին Տոլմապահչէի Նահատակներու բլուրը, ուր ծաղիկներով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին եւ միացան երկրէն ներս ստեղծուած ընդհանրական բողոքի ալիքին։ Շիշլիցիները նախատեսած էին այս քայլով անկեղծ վշտակցութեան պատգամ մը փոխանցել եւ գաղափարը հասունցած էր անցեալ շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումին ազդեցութեամբ։ Եկուր-տես, որ Շաբաթ առաւօտ արդէն վրայ հասաւ նաեւ Կեսարիոյ ահաբեկչական պայթումը, որու հետեւանքով 14 զինուոր նահատակուեցաւ։ Երբ երկրէն ներս համատարած պոռթկումի մթնոլորտ մը ստեղծուած է, շիշլիցիներուն այս քայլը բնականաբար շատ տեղին եւ օգտակար էր՝ մեր համայնքի անկեղծ տրամադրութիւնները հանրային կարծիքի նկատառման յանձնելու տեսանկիւնէն։ Թրքահայերն ալ, ինչպէս երկրի բոլոր քաղաքացիները, այս շրջանին անշեղօրէն կը հետեւին այն սկզբունքին, որ միասնականութիւնը լաւագոյն դիմադրութիւնն է ահաբեկչութեան դէմ։ Մեր համայնքի այս մօտեցման ամենաշօշափելի դրսեւորումը հանդիսացան այն մեխակները, որոնք Ալէն Թեքպըչաքի եւ ընկերներուն կողմէ թողուեցան Նահատակներու բլուրին վրայ։
Համայնքին անունով առնուած այս կարեւոր քայլին շրջագծով Ալէն Թեքպըչաք ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին շեշտը դրաւ մեր երկրի դարերու խորքէն բխած համակեցութեան կարեւորութեան վրայ։ Ան շեշտեց, որ իբրեւ այս հայրենիքի զաւակները՝ վերջին դէպքերը խոր յուզում պատճառած են թրքահայութեան։ Ան նահատակներու հոգւոյն համար մաղթեց երկնային հանգիստ, վիրաւորներուն մաղթեց շուտափոյթ ապաքինում եւ բարոյական զօրակցութիւն արտայայտեց բոլորի ընտանիքներուն համար։ «Այս դէպքերը մեզի ցաւ կը պատճառեն», ըսաւ Ալէն Թեքպըչաք եւ աւելցուց, որ Շիշլի մարզակումբի վարչայինները փափաքած են Նահատակներու բլուրը փութալով ցաւակից ըլլալ երկրի բոլոր հայրենակիցներուն։