Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի ընտանիքը երէկ երեկոյեան համախմբուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Թաղի եկեղեցւոյ «Ալաճաճեան» սրահի երդիքին տակ սարքուած տօնական սեղանին նախագահեց Դպրաց Դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, դպրապետ Սեդրակ Տավութհան եւ խմբավար Ատրուշան Հալաճեան։ Ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը։ Շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Սեդրակ Տավութհան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որոնք բարեմաղթութիւններ ըրին մօտալուտ Ամանորին առթիւ։
Ընթրիքի տեւողութեան Վարդանանց երգչախումբի թէ՛ բուն կազմի եւ թէ մանկապատանեկան կազմի անդամ-անդամուհիները ըմբոշխնեցին միասնաբար նոր տարի մը ողջունելու ուրախութիւնը, բաժակ բարձրացուցին խաղաղութեան, անդորրութեան մաղթանքով, դրական ակնկալութիւններով։ Նոր շրջանի մը ընդառաջ իրարու հետ ուրախակից ըլլալով՝ տօնածառի շուրջ համախմբուած, երգչախումբի ընտանիքը նաեւ վերանորոգեց իր կամքը 2017-ին եւս անսակարկ ոգիով, նուիրումով իր գործունէութիւնը յառաջ տանելու ուղղութեամբ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024