Ո­րո՞նք են մեր ղե­կա­վար­նե­րը

Աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ գո­յու­թիւն ու­նին պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան տար­բեր ձե­ւա­ւո­րում­ներ եւ կի­րար­կում­ներ: Ժա­մա­նա­կին, եր­կար ժա­մա­նակ ա­ռաջ, երբ տա­կա­ւին պե­տու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն չու­նէին, մարդ­կու­թիւ­նը կ՚ապ­րէր այ­սօ­րուան ա­ռու­մով՝ «մթու­թեան մէջ» կամ «քա­րայր­նե­րու», կի­սա­վայ­րե­նի եւ ա­նաս­նա­կան բնազդ­նե­րով ցե­ղա­խում­բե­րու բաժ­նուած. ու­նէին «ըն­տա­նի­քի մե­ծեր», ո­րոնք ցե­ղա­խում­բե­րուն տա­րեց­ներն էին, ո­րոնք կը ղե­կա­վա­րէին ի­րենց ցե­ղա­խում­բը, ըն­տա­նի­քը կամ գիւ­ղը: Այ­սօ­րուան նման այդ ցե­ղա­խում­բե­րը կը պա­տե­րազ­մէին  ի­րա­րու դէմ, կը սպան­նէին, կը գե­րէին եւ կը կո­ղոպ­տէին զի­րար, նոյն այն... այ­սօ­րուան պատ­ճառ­նե­րով: Բայց կար­ե­ւո­րը, այդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ու­նէին ղե­կա­վար­ներ, ո­րոնք ի­րենց մեծ ըն­տա­նի­քին, ժո­ղո­վուր­դին պաշտ­պանն էին, տէ­րը եւ հայ­րը, ա­ռանց այ­լա­խո­հու­թեան, նոյ­նիսկ ի­րենց կեան­քին գնով:

Դա­րեր ե­կան ու ան­ցան այդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն վրայ, ո­մանք կան­գուն մնա­ցին  ի­րենց վա­ղե­մի սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, մեծց­նե­լով ի­րենց ըն­տա­նիք­ներն ու ցե­ղա­խում­բե­րը դառ­նա­լով եր­կիր եւ պե­տու­թիւն: Ա­նոնց ղե­կա­վար­նե­րը դար­ձան  կայս­րեր, թա­գա­ւոր­ներ, իշ­խանն­ներ կամ՝ բռնա­կալ­ներ, ո­րոնց­մէ կեն­դա­նի նմոյշ­ներ ու­նինք այս դա­րուս մէջ աշ­խար­հի զա­նա­զան տա­րածք­նե­րու վրայ: Այլ ազ­գեր եւ ցե­ղա­խում­բեր նա­խընտ­րե­ցին տար­բեր ղե­կա­վար­ման մի­ջոց­ներ. ինչ­պէս՝ այ­սօ­րուան հռչա­կա­ւոր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը, հա­մայ­նա­վա­րու­թիւ­նը կամ՝ «կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու իշ­խա­նու­թիւ­նը», ո­րուն ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը գոր­ծէ ըստ օ­րուան պա­հանջք­նե­րուն: Իսկ ա­սոնք բո­լորն ալ այ­սօր, կը ղե­կա­վա­րուին աշ­խար­հի մէջ թաք­նուած 30 մե­ծա­գոյն ըն­տա­նիք­նե­րու եւ ա­նոնց 6000 մանկ­լա­ւիկ­նե­րուն կամ ստրուկ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ, աշ­խար­հի 6 մի­լիառ բնակ­չու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րե­լով ի­րենց պայ­ման­նե­րով (ինչ­պէս ը­սած էր Հեն­րի Քի­սին­ճըր):

Զուի­ցե­րիոյ Ցիւ­րիխ քա­ղա­քին մէջ ե­ղած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը ցոյց տուած է, թէ աշ­խար­հի մէջ 147 ա­ռեւտ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ կամ միու­թիւն­ներ (corporations), ո­րոնք ներ­քին կա­պե­րով կ՚աշ­խա­տին ի­րա­րու հետ, ա­նո՛նք են աշ­խար­հի ու­ժի, քա­ղա­քա­կան եւ տն­­տե­սա­կան ի­րա­կան ղե­կա­վար­նե­րը: Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մի ջա­տա­գով­նե­րը նաեւ նոյն այդ ըն­տա­նիք­ներն ու այդ 147 ըն­կե­րու­թիւն­ներն են, ո­րոնց շա­հար­կում­նե­րուն հեշ­տաց­ման հա­մար միակ մի­ջո­ցը կը նկա­տեն այդ: Սա­կայն ինչ­պէս կը տես­նենք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, Եւ­րո­միու­թեան շար­քե­րուն մէջ խախ­տում­ներ եւ բա­ժա­նում­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րուին, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը կը կրեն ընկր­կում­ներ եւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ա­նոնք կը կորսնց­նեն ի­րենց ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման աղ­բիւր­նե­րը: 1972-ին, նա­խա­գահ Նիք­սը­նի եւ Քի­սին­ճը­րի հիմ­նադ­րած «փեթ­րօ տո­լար»ի ա­ռեւտ­րա­յին փոխ­հա­տուց­ման նիւ­թա­կան մի­ջո­ցը, ուր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կը վար­ձատ­րուէր ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով փո­խան այդ եր­կիր­նե­րուն ըն­ծա­յած իր «պաշտ­պա­նո­ղա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն» եւ իր գնած ապ­րանք­նե­րուն փո­խա­րէն կը վճա­րէր ա­նար­ժէք «պե­տա­կան պա­հես­տի» մուր­հակ­ներ: Այ­սօր սա­կայն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը դժուա­րա­նայ պա­հել աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ զե­տե­ղած իր 700 ռազ­մա­կան խա­րիսխ­նե­րը, որ­քան ալ «պե­տա­կան պա­հես­տը» տրցակ­նե­րով տո­լար­ներ տպէ, մին­չեւ լու­սին հաս­նե­լու աս­տի­ճան:  Նկա­տի առ­նե­լով նաւ­թի գի­նե­րուն ան­կու­մը, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան եւ միւս նաւ­թա­տէր եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք ա­ռեւ­տու­րի մէջ են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պե­տու­թեան  հետ, պի­տի չկա­րե­նան գո­հաց­նել ա­նոր պա­հանջ­քը: Այ­սօր, երկ­րին քա­ղա­քա­գէտ­նե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան, թէ անհ­նար է այդ ռազ­մա­խա­րիսխ­նե­րու պահ­պա­նու­մը, կամ՝ 400 մի­լիառ տո­լա­րի մսխու­մը F35 ռազ­մա­կան օ­դա­նա­ւի մը սի­րոյն, ո­րուն կա­ռու­ցու­մը տա­կա­ւին չէ ա­ւար­տած: Իսկ ռազ­մա­խա­րիսխ­նե­րու մաս­նա­կի կամ լիո­վին փա­կու­մով, եր­կի­րը հա­ւա­նա­բար են­թար­կուի տնտե­սա­կան խիստ մեծ տագ­նա­պի, ուր ապ­րանք­նե­րու եւ ապ­րուս­տի սղա­ճը պի­տի դառ­նայ ան­տա­նե­լի, ո­րուն սկզբնա­կան նշոյլ­նե­րը զգա­լի դար­ձած են ար­դէն:

Իսկ այս բո­լո­րը... կա­րե­լի է կան­խել, ե­թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ժո­ղո­վուր­դը իր ձայ­նը միաց­նէ Եւ­րո­պա­յի, Ա­սիոյ, Լա­տին Ա­մե­րի­կա­յի, Ափ­րի­կէի եւ Մի­ջին Ար­ե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ընդ­դի­մա­նա­լով «հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մին», ո­րուն միակ նպա­տակն է հարստաց­նել այդ 30 ըն­տա­նիք­նե­րը, ա­նոնց ստրուկ­ներն ու դրա­մա­տու­նե­րու գա­հե­րուն բազ­մած ա­րիւ­նար­բու եւ ան­խիղճ ա­րա­րած­նե­րը:

***

Դա­րեր ա­ռաջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են հա­ման­ման հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման փոր­ձեր զա­նա­զան ազ­գե­րու կող­մէ (Հռո­մէա­կան, Յու­նա­կան, Պարս­կա­կան, Ա­րա­բա­կան, Օս­մա­նեան եւ այլն), սա­կայն, բո­լորն ալ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նուած են շրջան մը ետք, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ընդվ­զու­մով: Վեր­ջին 100-ա­մեա­կին սլացք ստա­ցած նոյն գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը ար­դէն եր­կու հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազմ­նե­րու տե­ղի տուած է եւ այ­սօր կը սպա­ռա­նայ եր­րոր­դին, որ շատ հա­ւա­նա­բար կրնայ ահ­ռե­լի կոր­ծա­նա­րար ար­դիւնք տալ աշ­խար­հի տա­րած­քին:

Ու­րեմն, երբ այ­սօր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ժո­ղո­վուր­դը եր­կու գլխա­ւոր հո­սանք­նե­րու բաժ­նուած, մին՝ հան­րա­պե­տա­կան, միւ­սը դե­մոկ­րատ, իսկ մնա­ցեալ եր­կու կամ ե­րեք անն­շան կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ ա­նոնց շու­քին ներ­քեւ ծուա­րած, պայ­քա­րե­ցան հան­րա­պե­տա­կան կամ դե­մոկ­րատ թեկ­նա­ծու մը ընտ­րել որ­պէս երկ­րի նա­խա­գահ, ինչ­պի­սի՞ փո­փո­խու­թիւն (change) կը կար­ծէք որ նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հը կրնայ բե­րել երկ­րին, երբ բո­լո­րը են­թա­կայ են այն 30 ըն­տա­նիք­նե­րու հրա­հանգ­նե­րուն:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ նախ­նա­կան շրջա­նին ե­ղած են  մէկ «ֆե­տե­րա­լիսթ», չորս «Ո­ւիկ» կու­սակ­ցու­թեան պատ­կա­նող նա­խա­գահ­ներ (ո­րոնք այ­սօր գո­յու­թիւն չու­նին), իսկ մնա­ցեալ­նե­րը, բո­լո­րը ե­ղած են դե­մոկ­րատ կամ հան­րա­պե­տա­կան, մին­չեւ այ­սօր:

Մէկ խօս­քով, այս եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը իւ­րաց­նե­լով երկ­րին նա­խա­գա­հու­թիւ­նը, փո­խա­դարձ ժա­մա­նա­կա­մի­ջոց­նե­րով զի­րար կ՚ընտ­րեն եւ հա­մա­րեա շատ չնչին տար­բե­րու­թեամբ: Ու­րեմն՝ ի՞նչ է տար­բե­րու­թիւ­նը ե­թէ յատ­կան­շա­կան ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն պի­տի չըլ­լայ երկ­րին վա­րած քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ այլ մար­զե­րու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ: Այն ա­տեն ո՞վ կ՚ու­զէ թող նա­խա­գահ ընտ­րուի: Եր­կի­րը ար­դէն կը դի­մա­կա­լէ 20 ե­ռի­լիոն պարտք եւ ոչ մէ­կուն տուած պա­տաս­խա­նը ար­դա­րա­ցու­ցիչ է կամ գործ­նա­կան այդ սխա­լը ուղ­ղե­լու դրու­թեամբ:

Ար­դա­րեւ, ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի տա­րի մը ամ­բողջ երկ­րին ժո­ղո­վուր­դը յոտն­կայս զգաստ պա­հել դի­տե­լով այս եր­կու «հտպիտ­նե­րուն» խեղ­կա­տա­կու­թիւ­նը...

Ո՜հ, այդ պար­զա­պէս ժո­ղո­վուր­դը զբաղ պա­հե­լու եւ զուար­ճա­լի պա­հեր ըն­ծա­յե­լու հա­մար է կը կար­ծեմ...:

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Ան­ճե­լըս

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2016